Դարձեա՛լ հաւաքուած ենք Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ եւ դարձեա՛լ մեծագոյն ներկան այստեղ տիկին Լիւսին է:
Ահաւասիկ հինգ տարիներ արդէն անցած են այն չարաբաստիկ օրէն, երբ Լիւսի Թիւիւնճեան, ամայացած Պէյրութ մայրաքաղաքի եւ Պուրճ Համուտի պողոտաներէն անցնելով, վերջին անգամ ըլլալով հանդիպեցաւ նաե՛ւ Համազգայինի ցուցասրահ եւ վստահաբար իր քաղցր ժպիտով մնաս բարով ըսաւ իր երկրորդ հարազատ օճախին` այս ցուցասրահին:
«Քորոնա» ժահրի ամէնէն սարսափազդու օրերուն ան փակեց իր յոգնած աչքերը, հաւանաբար նաեւ` այն ցաւով, որ անոր փափուկ հոգին ու սիրտը չդիմացան մարդկային մեծ թիւով կեանքեր հնձող ժահրին պատճառած ողբերգութեան:
Այսօր պատմութեան վերածուած են այս բոլորը, սակայն օրին մղձաւանջ էր բոլորիս համար` ամէն վայրկեան կեանքեր խլող մահասփիւռ այդ իրավիճակը: Բոլորս գիտակցեցանք, թէ որքա՛ն թանկ է կեանքը եւ միաժամանակ` որքա՛ն խախուտ եւ խաբուսիկ: Բոլորս զգացինք անոր արժէքը եւ մեր ապրած սովորական կեանքի մտահոգութիւններու ու տագնապներու անհեթեթութիւնը, քինախնդրութեանց ու այլամերժութեանց անիմաստ էութիւնը: Բոլորս քիչ մը աւելիով ըմբռնեցինք, որ անցաւոր ու ժամանակաւոր այս կեանքը կարելի է իմաստաւորել դրական լիցքով եւ բարի գործով:
Հինգ տարիներ առաջ կեանքը, եւ աւելի՛ն, մարդը սիրող տիկին Լիւսին, որուն համար հիմնական հարստութեան եւ ուրախութեան աղբիւրը մարդոցմով համախմբուած ըլլալու խորիմաստ ըմբռնումն էր, բաժնուեցաւ մեզմէ` լուռ, իր ամօթխած ժպիտով, անձայն, առանձին ու առանց բողոքի: Վերջին օրերուն առանձին պայքարեցաւ նաեւ հիւանդութեան դէմ, որովհետեւ օրուան պայմանները այդ մէկը կը պարտադրէին, եւ իր յուղարկաւորութիւնը նաեւ եղաւ այն միակ պահը, որ իր նկարագրին անյարիր` զինք շրջապատողները հազիւ տասնեակ մը հարազատներ եւ բարեկամներ դարձան:
Այսօ՛ր, ահաւասիկ հինգ տարիներ ետք, ան դարձեալ շրջապատուած է մեծ թիւով հարազատներով, սիրելիներով եւ բարեկամներով, ու վստահաբար անոր համակող ժպիտը եւ այդ ժպիտին ետին գտնուող ու աչքերուն մէջ մարդկային վեհ զգացումներու, կարեկցանքի ու գուրգուրանքի թաքնուած արցունքի կաթիլները կը շարժեն մեր բոլորին էութիւնը, կը վերաիմաստաւորեն անկէ ժառանգած յիշատակները ու կը կենսաւորեն անոր ապրած կեանքը: Կեանք մը, զոր ամբողջականօրէն ապրեցաւ, «A life fully lived», ինչպէս պիտի ըսէր իր անդրանիկ զաւակը` Սիլվան, եւ այդ տողերը դրոշմուէին իր մօր նուիրուած հատորի կողքին վրայ: Այս պատճառով է, որ Լիւսին ու լիալուսինը միացան եւ հարազատները առաջարկեցին, որ գիրքին խորագիրը դառնայ «Լիալուսին»:
Առանց չափազանցութեան` կարելի է անվարան հաստատել, որ տիկին Լիւսին եւ անոր կողքին կանգնած հսկայ կաղնին` պարոն Կարպիսը, աւելի քան կէս դար մարդկային վեհ ու բարձր արժէքներու ուսուցման դպրոց մը հանդիսացան լիբանանահայ ու նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Այսօր այս գերագոյն արժէքն է, որ անոնց բացակայութիւնը կը դարձնէ ամէն վայրկեան զգալի` տրուած ըլլալով, որ արժէքային այդ համակարգը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ, եւ մենք բոլորս միշտ ալ այդ դպրոցին վերադառնալու եւ անոր նուիրական ըմբռնումներով առաջնորդուելու հրամայական անհրաժեշտութեան դիմաց կը գտնուինք ամէն օր:
Հաւաքուած ենք այսօր կատարելու շնորհահանդէսը գիրքի մը, որ իրաւամբ իւրայատուկ է: Կրնամ անվարան հաստատել, որ Լիւսի Թիւթիւնճեանին նուիրուած «Լիալուսին» հատորը երկար տարիներու հրատարակչական ասպարէզիս մէջ իր կենսական նշանակութիւնը ունեցաւ: Հատորին խմբագրութիւնը եւ պատրաստութիւնը բնազդօրէն հանգիստ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ: Հոն տեղ գտած բոլոր յօդուածներուն, վկայութիւններուն, արժեւորումներուն եւ կարծիքներուն մէջ կայ հասարակ յայտարար գիծ մը, որ կը բնորոշուի` ամբողջական անկեղծութեամբ, երախտագիտութեամբ, համամարդկային եւ ազգային վեհ գաղափարներու շեշտադրումով: Յաւուր պատշաճի խօսքեր չեն, այլ բոլորը անխտի՛ր հարազատ սրտէ բխող իրական զգացումներ ու տիկին Լիւսիի ջերմութիւնը ապրած անհատներու վաւերական վկայութիւններ են: Այլապէս ալ, գիրքին իւրայատկութիւնը նաեւ կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ տիկին Լիւսիի համախմբող նկարագիրին յարիր` հոն տեղ գտած են հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, ազգային-հասարակական, միութենական, մամուլի եւ մշակոյթի գործիչներու, ինչպէս նաեւ բարեկամներու ստորագրութիւնները: Այսպիսի բազմազանութեամբ, բովանդակութեամբ եւ ստորագրութիւններով հարուստ հրատարակութիւն մը հազուագիւտ է մեր կեանքին մէջ:
Լիովին ու ամբողջական կեանք մը ապրած անհատի մը համեստ, բայց միաժամանակ հարուստ վկայարանն է այս հատորը, որուն յենասիւնը անշուշտ պարոն Կարպիսն է: Գլխագիր մարդ մը` կեանքի իւրայատուկ փիլիսոփայութեամբ, ինքնազարգացումով ու ինքնաշխատութեամբ բարձունքներ նուաճած, միջազգային ու ազգային հիմնախնդիրներու ու անցուդարձներու մօտէն հետեւող արթուն քննադատ մը, ազնուական եւ, վերջապէս, ուժեղ անհատականութեամբ օժտուած օրինակելի տիպար մը:
Այո՛, պարոն Կարպիսին համար նիւթականը դարձաւ միջոց եւ ոչ թէ` նպատակ, եւ այդ նիւթականը ոչ մէկ ատեն զայն հեռու պահեց պարզ ու սովորական մարդու կեանքէն, ու ան դարձաւ բարեկամ` մեծին թէ փոքրին, հարուստին ու աղքատին: Իր տան հիւրերը դարձան բոլորը, եւ ինք միշտ իր աթոռը զետեղեց ամէնէն համեստ անհատին կողքին:
Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ունիմ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ընտանիքի անդամներուն` Սիլվային, Ռուպինային, Աւոյին եւ Քարլային, որոնք գործնապէս սատարեցին այս հատորի պատրաստութեան, եւ վստահ եմ, որ իրենց համար ալ այս աշխատանքը հոգեկան լիցք հաղորդող ու գոհացումի եզակի առիթ մը հանդիսացաւ: Շնորհակալութիւն` ձեր բոլորին, որ ձեր ներկայութեամբ վառ կը պահէք տիկին Լիւսիի եւ պարոն Կարպիսի յիշատակը:
Վերջապէս, Համազգայինի մեծ ընտանիքը երախտապարտ կը մնայ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն: Այս սրահը սովորական ցուցասրահ մը չդարձաւ, այլ վերածուեցաւ մշակոյթի գործիչներու ու մշակութասէր հանրութիւնը համախմբող միջավայրի մը: Անցնող տասնեօթը տարիներուն աւելի քան 175 արուեստագէտներու գործեր զարդարեցին այս ցուցասրահին պատերը: Մեծ թիւով հրատարակութիւններու շնորհահանդէսներ կենսաւորեցին անոր առաքելութիւնը: Երիտասարդական եւ աշակերտական ցուցահանդէսներ քաջալեր հանդիսացան նոր տաղանդներու յայտնաբերման, եւ այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն գլխաւոր եւ մնայուն ներկան դարձան տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանները: Անոնք նոյնիսկ անհանգստութեան պատճառով բանաւոր բացակայութիւն չարձանագրեցին:
Երթը պիտի շարունակուի` շնորհիւ իրենց զաւակներուն ու նաեւ իրենց գործին հաւատացող ազնիւ անհատներու զօրակցութեան, որպէսզի մշակոյթի ու գրականութեան այս կեդրոնը ապրի մի՛շտ իր լիալուսինը, անոր ջահը մնայ անմար, եւ այդ մէկը` ի խնդիր մեր հաւաքական կեանքի աշխուժացման ու նպատակներու կենսագործման:
Չենք մոռնար բարի, ազնիւ, հոգատար, անկեղծ եւ ամօթխած ժպիտդ, տիկի՛ն Լիւսի:
Վստահ եմ, որ վերէն դարձեալ իւրաքանչիւր անգամ, երբ անունդ արտասանենք, նոյն ամօթխածութիւնը պիտի պարուրէ դէմքդ ու հոգիդ: Բայց մենք քեզ մեծարելով` ամէն օր քիչ մը աւելի պիտի մարդանանք ու քալենք քու բացած լուսաւոր ճանապարհէդ:
Կը խոնարհինք մեծ ու անմոռաց վաստակիդ դիմաց:
* Խօսք` արտասանուած Լիւսի Թիւթիւնճեանի նուիրուած «Լիալուսին» հատորի շնորհահանդէսին:



