Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ երէկ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) կազմակերպած ձեռնարկը` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 24-ամեակին: Ձեռնարկին ծիրին մէջ դաշնակցական երիտասարդները արցախեան ազատամարտի մասնակիցներու, Արցախի հերոսներու լուսանկարներով վահանակներ տեղադրած են հրապարակին վրայ` նպատակ ունենալով քաղաքացիներուն` յատկապէս երիտասարդներուն մէջ ամրապնդել սէրը դէպի Արցախն ու Արցախի ժողովուրդը: Ցուցադրութեան զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ ազգագրական երգն ու պարը:
Ձեռնարկին ընթացքին կը նախատեսուի ցուցադրել «Ղարաբաղ- թաքնուած գանձ» եւ «Շուշիի լեգենդը» ժապաւէնները:
Այսօր ցուցահանդէսը կը շարունակուի Հիւսիսային պողոտա-Աբովեան քառուղիին վրայ: