
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «ԱզերՆիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էլմար Մամետեարով սեպտեմբերին պիտի հանդիպին Նիւ Եորքի մէջ` քննարկելու համար 2015-ին երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումի կազմակերպման հարցը:
«Համանախագահները երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը պիտի կազմակերպեն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: Մենք պիտի քննարկենք նախարարներուն հետ աւելի ուշ այս տարուան ընթացքին նախագահներու հանդիպման կազմակերպման կարելիութիւնը», յայտնած է Ուորլիք: Ան նշած է, որ իրենք կը նախատեսեն աշնան այցելել շրջան, սակայն այցելութեան յստակ ժամկէտները տակաւին ճշդուած չեն:
Անդրադառնալով սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու հարցին` Ուորլիք դիտել տուած է, որ անոնք որեւէ ձեւով պիտի չազդեն ղարաբաղեան տագնապին լուծման շուրջ ընթացող խաղաղ բանակցային հոլովոյթին վրայ:
Խօսելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ վերջին լարուածութեան մասին` ամերիկացի համանախագահը ըսած է. «Մենք կողմերուն դիմած ենք` կոչ ուղղելով մեղմացնելու լարուածութիւնը եւ յարգելու զինադադարի համաձայնագիրը: Մենք նաեւ կը շարունակենք կոչ ուղղել կողմերուն ձեռնարկելու վստահութիւն յառաջացնող միջոցներ, որոնք կ՛ամրապնդեն զինադադարի դրութիւնը` բանակցութիւններու համար դրական միջավայր ստեղծելով, ինչ որ պիտի յանգեցնէ խնդիրի լուծման»: