Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Նովի Սաթի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Չեխիոյ: Նշենք, որ մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Չեխիայէն` գլխաւորութեամբ կեդրոնի իրաւարար Միրոսլաւ Զելինքայի: