ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Փիւնիկի յետսապահ Մասիս Ոսկանեան տեղափոխուեցաւ պելճիքական Քոքսէյտ խումբ, որ հանդէս կու գայ երկրի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Պելճիքական ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստին հետ կնքեց մէկ տարուան համաձայնագիր մը:
Նշենք, որ 2010-2014 տարիներուն Ոսկանեան մաս կազմեց Պելճիքայի Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան խումբերէն Ռուզելարի:
Այժմ Քոքսէյտ Պելճիքայի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք իր տրամադրութեան տակ ունի միայն մէկ կէտ: