Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սա «Գող-Աւազակ» Ապօրինի Գաղթականները…

Սեպտեմբեր 1, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Արեւմտեան մամուլը (տպագիր ու եթերային) ողողուած է Ափրիկէէն եւ Մ. Արեւելքի զանազան երկիրներէն Եւրոպա մուտք գործած կամ մտնել փորձող հազարաւոր ապօրինի գաղթականներու լուրերով:

Ֆրանսայի Քալէ քաղաքին մէջ (դէպի Անգլիա սահմանային անցակէտը) ապօրինի գաղթականները կը փորձեն Անգլիա մտնող բեռնակառքերուն մէջ սպրդիլ ու ձեւով մը իրենք զիրենք «աւետեաց երկիր» նետել:

Հիւսիսային Ափրիկէի պարագային, գլխաւորաբար Լիպիոյ ծովափէն, ամէն տարիքի ու սեռի մարդիկ, խարխուլ մակոյկներով ու շատ յաճախ կեանքի գնով կը փորձեն Իտալիա անցնիլ (Լամփատուզա կղզին)` Միջերկրականի ամենանեղ մասէն: Բազմաթիւ պարագաներու, այս մակոյկները շրջուած են` խեղդամահ ընելով ճամբորդները: Իտալական եզերապահ նաւերը շատ յաճախ կը ստիպուին փութալ անոնց օգնութեան եւ զանոնք փոխադրել իտալական ամենամօտիկ նաւահանգիստը:

Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ, ուրկէ հարիւրաւորներ (Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն) կը փորձեն մակոյկներով Յունաստան հասնիլ` շունչերնին առաջին հերթին Քոս կղզին առնելով: Այս պարագային` բնականաբար թրքական իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ:

Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Շուէտի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ մամուլը եւ հանրութիւնը կը դժգոհին, որ նոյն այս ապօրինի գաղթականներու հոսքէն ետք բազմացած են ոճիրներն ու քրէական այլ արարքները: Մամուլը (գլխաւորաբար` աջակողմեան) կը հրահրէ հանրային կարծիքը` ստեղծելով ու տարածելով կեղծ ու սուտ պատում մը, որ ապօրինի գաղթականները բեռ են տուեալ երկիրներու տնտեսութիւններուն համար, եւ թէ` նոյնիսկ պատճառ կը դառնան յաւելեալ անգործութեան: Եւրոպական Միութեան դրամատիրական կարգերուն կողմէ իրենց սեփական ժողովուրդներուն յղուած պատգամը յստակ է. «Կը տեսնէ՞ք, այս ապօրինի գաղթականներն են մեր տնտեսական դժուարութիւններուն բո՛ւն պատճառը, ուրիշ բան մտքերնէդ չանցընէք… Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք ձեր բարօրութեան համար, բայց «ասոնք» են, որ կը խանգարեն»: Իշխանութիւնները այս ձեւով մէկ քարով երկու թռչուն կը զարնեն մէկ կողմէն իրենց ագահութեան նկատմամբ կասկածները իրենցմէ հեռացնելով եւ միւս կողմէ` քաւութեան նոխազի վերածելով գաղթականները:

Այս ապօրինի գաղթականները կու գան գլխաւորաբար Լիպիայէն, Մալիէն, Սոմալիէն ու ինչպէս նշեցինք` Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն:

Նշմարեցի՞ք հասարակ յայտարարը այս նշուած երկիրներուն միջեւ: Յստակացնենք` բոլորն ալ զոհերն են արեւմտեան երկիրներու վարած քաղաքականութեան, որուն պատճառով քար ու քանդ եղած են այս երկիրները: Այս երկիրներու բնական հարստութիւններուն տիրանալու, անոնց վայելած ռազմավարական դիրքին վրայ հակակշիռ ունենալու, այդ երկիրներուն մէջ Արեւմուտքին հլու հնազանդ կամակատարներ իշխանութիւններ բերելու արեւմտեան քաղաքականութիւն է պատճառը, որ այսօր նշեալ երկիրները, Ափրիկէի թէ Մ. Արեւելքի մէջ, կա՛մ անյոյս կերպով քանդուած են եւ կա՛մ քանդումի ընթացքին մէջ են:

1920-էն ի վեր պետութիւն-պետականութիւն ու համապատասխան կառոյցներ ստեղծուած էին Իրաքի մէջ, որուն բնակչութիւնը արաբական աշխարհին ամէնէն ուսեալը կը համարուէր` ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն: Ամերիկեան բանակը 3 շաբթուան ընթացքին գետնին հաւասարցուց 80 տարուան մէջ կառուցուած ֆիզիքական եւ վարչական կառոյցները: Հիմա գիտենք, թէ ի՛նչ է կացութիւնը հոն…

Նոյնը պատահեցաւ Լիպիոյ պարագային, այս անգամ` ՕԹԱՆ-ի կողմէ, որ հալումաշ եղած «Պաշտպանելու պատասխանատուութիւն» կոչուած մարդասիրական կարգախօսով (Responsibility to Protect, R2P) քարուքանդ ըրաւ Ափրիկէի մէջ ամէնէն բարձր կենսամակարդակ ունեցող այդ երկիրը: Վերջն ալ, ֆիզիքապէս ու բառացիօրէն բռնաբարելէ ետք Լիպիոյ ղեկավար Քազզաֆին, զայն սպաննեցին: Չդատեցին: Հապա՞ եթէ դատարանին մէջ Քազզաֆի յայտարարէր ու ապացուցէր, որ միլիոնաւոր տոլարներով զօրակցած է Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի ընտրապայքարին (ու նման բազում գաղտնիքներ), գիտէ՞ք ինչ խայտառակութիւն կրնար ստեղծուիլ…

Աֆղանիստանի մասին խօսիլը արդէն աւելորդ է: Եմէնի ու Սուրիոյ պարագային` նոյնպէս: Դասական օրինակներ են արեւմտեան միջամտութիւններուն:

Իսկ յաճախ կեանքի գնով Եւրոպա մտնել փորձող այս գաղթականները, որոնք կու գան գլխաւորաբար այս երկիրներէն, իրաւունք չունի՞ն մարդավարի ապրելու, իրաւունք չունի՞ն ֆիզիքականի, ինչքի եւ ապագայի ապահովութեան, իրենց ու իրենց զաւակներուն համար: Բայց տրուած ըլլալով, որ Արեւմուտքը քանդած է իրենց երկիրները, յուսահատած` կը փորձեն ապրուստ մը, խաղաղ երդիք մը ապահովել իրենց ընտանիքներուն համար. խաղաղ տեղ մը, ուր յանկարծ ռումբեր չտեղան իրենց վրայ օդանաւերէն, կամ յիսուն քիլոմեթր հեռուէն թռչող առանց օդաչուի օդանաւէ մը հրթիռ մը չարձակուի իրենց զաւակներուն հարսանեկան խրախճանքին վրայ:

Այնպէս որ, երեկոյեան, երբ ձեր հեռատեսիլի պաստառներէն կամ առաւօտեան սուրճին հետ արեւմտեան թերթի մը էջերէն «ապօրինի գաղթականներու» մասին լուրերու կը հանդիպիք, ու ձեր առօրեայ հանգիստը կը խանգարուի, գիտցէք, որ ի՛նչն է պատճառը, ո՛ւր է արմատը այս մարդկային աղէտին ու տառապանքին:

12 օգոստոս 2015

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ «Աւազակային Խաղ»-ին Մերկացումը

Յաջորդը

Համշէնցիների` Մայրենի Լեզուով Կրթութեան Պայքարը

RelatedPosts

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Վերջնական Կարգաւորման Շատ Մօտ Են. Կը Կարծեմ` Երկուքն Ալ Կրնան Աբրահամեան Խաղաղութեան Համաձայնագիրներուն Միանալ»

Մայիս 15, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?