Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային առաջնորդարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2015-ին, դիւանապետի գործունէութեան մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Գօգօ Հաշէօլեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, զոր կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:
Հ.- Ազգային առաջնորդարանին մէջ ի՞նչ է դիւանապետին պաշտօնը:
Պ.- Ըստ Ազգային սահմանադրութեան, դիւանապետը Ազգային առաջնորդարանի բարձրաստիճան պատասխանատուն է, որուն գործն է վարել Ազգային առաջնորդարանի բոլոր գործերը` հետեւելով սրբազան առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան ցուցմունքներուն: Դիւանապետը ներկայ կ՛ըլլայ խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու նիստերուն, տեղեակ կ՛ըլլայ որոշումներէն եւ մօտէն կը հետեւէ գործավարներուն ու քարտուղարներուն կողմէ որոշումներու գործադրութեան աշխատանքին: Դիւանապետը Ազգային առաջնորդարանի բոլոր պաշտօնեաներուն ընդհանուր պատասխանատուն է, աշխատանքի արդիւնաբերութեան համար կը կատարէ համապատասխան հսկողութիւնը: Դիւանապետը գլխաւոր կապն է առաջնորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան, խորհուրդներուն, յանձնախումբերուն եւ պաշտօնէութեան միջեւ: Կը ստուգէ պաշտօնէութեան պատրաստած հաստատագիրները, կը տեղադրէ իր փարաֆը եւ կը ներկայացնէ սրբազան հօր, որ ստորագրէ: Արտաքին իմաստով կապն է անհատներու, հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու:
Հ.- Այսինքն բոլոր ժողովներուն ներկայ կ՛ըլլա՞ք:
Պ.- Ոչ անպայման: Երբ հրաւէր ուղղուած է եւ կամ ալ կարիքը կայ, այն ատեն ներկայութիւնը կը հաստատուի, բայց Ազգային վարչութեան նիստերուն դիւանապետին ներկայութիւնը բնականաբար կ՛ըլլայ մնայուն:
Հ.- Ազգային առաջնորդարանի աշխատանքները ի՞նչ կարգով կ՛ընթանան:
Պ.- Ազգային առաջնորդարանը իր հովանիին տակ գործող բոլոր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, խորհուրդներուն, յանձնախումբերուն աշխատանքները համակարգող կառոյցն է, ուր իրենց հերթական ժողովներն ու հաւաքները կը գումարեն Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը, Տնտեսական խորհուրդը, Ուսումնական խորհուրդը, Ընկերային յանձնախումբը, Բնակարանային յանձնախումբը, Կալուածոց խորհուրդը, Դատաստանական խորհուրդը, Դամբարաններու օրինականացման յանձնախումբը, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին յանձնախումբը եւ այլն:
Հ.- Իսկ առաջնորդարանին մէջ պաշտօնէութեան աշխատանքներուն բաժանումը ինչպէ՞ս կատարուած է:
Պ.- Ունինք ընդունարանի, խորհրդակատարութեան եւ հաստատագիրներու պատրաստութեան, Ազգային տուրքի, դամբարաններու բարեզարդման, բնակարանայինի ընկերային ծառայութիւններու, փաստաբանի եւ Տեղեկատուական բաժանմունքի գրասենեակները:
Առաջնորդարանին մէջ նաեւ կը գործէ Դատաստանական խորհուրդը` իր գործավարով եւ Ուսումնական խորհուրդը` իր գործավարով, քարտուղարով, հաշուական քննիչով եւ պետական գործերու ու ապահովագրական գործերով զբաղող պաշտօնեաներով:
Հ.- Ազգային առաջնորդարանէն դուրս, դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն անկախ, այլ կեդրոններ կամ գրասենեակներ կա՞ն:
Պ.- Ազգային առաջնորդարանի նախկին շէնքին մէջ (Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից) կը գործէ «Հայ ճոպ»-ի` գործի հայթայթման գրասենեակը: Հոն նաեւ պաշտօնեայի մը ճամբով կը կատարուին արխիւներու վերադասաւորման աշխատանքները:
Հ.- Արխիւներու վերաբերեալ աշխատանքը ո՞ւր հասած է…
Պ.- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին արխիւները տեղադրուած էին տարբեր կեդրոններու մէջ ու այսօր մեր առաջնահերթ աշխատանքը հաւաքագրումն ու ցանկագրումն է: Երկրորդ հանգրուանին պէտք է թուայնացնենք, ինչ որ բաւականին ժամանակ կը խլէ: Երեք ամիս է սկսանք գործի, բայց այստեղ երկար շունչ պէտք է… 1929-էն ի վեր արխիւներ գոյութիւն ունին, տոմարներ կան, փաստաթուղթեր կան: Քանի մը օր առաջ հայորդի մը նուիրեց Ս. Նշան եկեղեցւոյ քարտէսները: Այս գծով Տեղեկատուական բաժանմունքն ալ աշխատանք կը տանի, ու արդէն սկիզբ առած է լուսանկարներու թուայնացման աշխատանքը:
Հ.- Իսկ գրատուն «Նարեկացի»-ն:
Պ.- Նշեալ գրատունը գլխաւոր մատակարարն է ազգային վարժարաններու գիրքերու եւ գրենական պիտոյքներու, բնականաբար, բոլորին տրամադրութեան տակ է:
Հ.- Ծառայողական իմաստով ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կ՛իրականանան:
Պ.- Ազգային առաջնորդարանը ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցող կառոյց է: Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակը կը հասնի մեր ժողովուրդի ընկերային կարիքներուն, անկէ անկախ ունինք փաստաբանական գրասենեակի որոշ անվճար ծառայութիւններ` իրաւաբանական խորհուրդներ տալով հանրութեան: Տակաւին, բացարձակ իրականութիւն է մեր վարժարաններուն մէջ կրթաթոշակներու գծով հասկացողութիւն ցուցաբերելու գործնական մօտեցումը, որ նոյնինքն ծառայութիւն է, որովհետեւ այդ օժանդակութիւնները տեղ մը պիւտճէական խախտում կ՛արձանագրեն:
Հ.- Խորհրդակատարութիւնները ի՞նչ ձեւով կը կատարուին:
Պ.- Մկրտութեան, պսակի, նշանախօսութեան, թաղման ու այլ կարգերու հաստատագիրներու դիմումները կատարուելէ ետք կը ստուգուին, ծրարները կ՛ամբողջանան եւ սրբազան առաջնորդը կը վաւերացնէ: Մենք կ՛ուզենք, որ շատ արագ ժամանակամիջոցին ընթանայ աշխատանքը: Ներկայիս 24 ժամ ետք արդէն կը փոխանցենք ծրարները:
Երկքաղաքացիութեան պարագային, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հետ համաձայնութիւն ունինք, որուն ճամբով հաստատագիրներ կը տրուին եւ յատուկ կարգ գոյութիւն ունի:
Հ.- Կը մտածէ՞ք ծառայութիւնները արդիականացնելու մասին:
Պ.- Տեղեկատուական բաժանմունքը կը զբաղի Ազգային առաջնորդարանի կայքի պատրաստութեամբ: Յուսամ յառաջիկայ ամիսներուն իր աւարտին կը հասնի: Կայքին մէջ տեղ պիտի տրուի առցանց հաստատագիրներու դիմումներ կատարելու դրութեան, որպէսզի գործողութիւնը մէկ այցելութեամբ եւ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին աւարտի:
Հ.- Դժուարութիւններ կա՞ն:
Պ.- Լիբանանահայ բոլոր կառոյցներուն նման, մենք ալ ունինք մարդուժի տագնապ, յանձնախումբերու մէջ աշխատողներ գտնելը դժուարացած է, բայց կարելի սահմաններու մէջ նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ կ՛արձանագրենք: Մեր հիմնական դժուարութիւնը այն է, որ մեր ժողովուրդը ծանօթ չէ մեր աշխատելաոճին: Այս նպատակով է, որ Տեղեկատուական բաժանմունքը կազմակերպեց այս հաղորդաշարը: Այս առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն «Վանայ Ձայն»-ին, որ տեղ ու ժամանակ կը տրամադրէ: Վերջապէս, կը հաստատեմ, որ մենք պատրաստ ենք լսելու եւ մտիկ ընելու մեր հայրենակիցներուն մտահոգութիւններուն, հարցերուն եւ առաջարկներուն, եւ կարելի սահմաններուն մէջ տալու լուծումներ ու ցուցաբերելու համապատասխան օժանդակութիւն: