Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց` ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Ճատրակը ստեղծուած է հին Հնդկաստանի մէջ, ապա տարածուելով աշխարհի չորս ծագերը` դարձած է համայն մարդկութեան ամէնէն իմաստուն խաղը: Սեւի եւ ճերմակի անվերջանալի պայքարով զբաղեր են արքաները, ապա` աշխարհի պարզ ժողովուրդները:
Հայոց ճատրակի իմաստուն միտքը միշտ առաջատար դիրքերու վրայ եղած է. աշխարհի ախոյեաններ Տիգրան Պետրոսեան, Կարի Գասպարով, փառապանծ վարպետներ` Ռաֆայէլ Վահանեան, Լեւոն Արոնեան, Սմբատ Լպուտեան եւ այլք:
Շուրջ չորս տարի է, որ ճատրակը Հայաստանի դպրոցներուն մէջ պարտադիր դասաւանդուող նիւթ մըն է, որուն արդիւնքը արդէն իսկ զգալի է մեր հանրապետութեան մէջ: Ճատրակի երիտասարդ վարպետ, Գիւմրիի մանկավարժական համալսարանի ճատրակի բաժինի ուսանող Նորայր Թորոսեան իր բացառիկ հնարաւորութիւններով ապագային կրնայ կանգնիլ համաշխարհային մեծութիւններու կողքին, կամ, ո՞վ գիտէ, հասնիլ աշխարհի բարձրագոյն պատուոյ հարթակին:
Վերջերս Նորայրը մասնակցեցաւ Ջերմուկ եւ Պաթում քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքերուն` արձանագրելով լաւագոյն արդիւնքներ:
Կը ներկայացնենք Նորայր Թորոսեանին հետ այդ առիթով կայացած մեր հարցազրոյցը` «Ազդակ»-ին համար:
Հ.- Իւրաքանչիւր երեխայ օժտուած կ՛ըլլայ որոշ շնորհներով, սակայն միշտ չէ, որ կը բացայայտուի անոնց տաղանդը: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս բացայայտուեցան ճատրակի հանդէպ ձեր հակումները եւ տաղանդը:
Ն. Թ.- Հինգ տարեկան էի, երբ հայրիկիս հետ կ՛իջնէի բակ, ուր տաղաւարի մէջ նստած տղամարդիկ ճատրակ կը խաղային: Շարունակ կը հետեւէի մեծերու խաղին` ինծի համար աստիճանաբար բացայայտելով սեւ ու սպիտակ զինուորներու, ձիերու, նաւակներու եւ թագուհիներու տարօրինակ թռիչքները:
Շուտով խաղալու «զարմանալի» կարողութիւնս նկատեց հայրս: Մեր տաղաւարի աւագներու խորհուրդով ան զիս առաջնորդեց Գիւմրիի ճատրակի դպրոց: Թէեւ տարիքս չէր համապատասխաներ ընդունելութեան օրէնքներուն, սակայն ստուգելով կարողութիւններս` զիս գրկաբաց ընդունեցին դպրոց:
Հ.- Ե՞րբ կայացաւ ձեր մասնակցութեամբ առաջին մրցաշարքը:
Ն. Թ.- Ճատրակի դպրոցին մէջ առաջին անգամ մասնակցեցայ մանկական որակաւորման մրցաշարքին, ուր սկսնակները սովորաբար չորրորդ կարգ կը վաստկին, սակայն ես վաստակեցի երրորդ կարգ, որ հինգ տարեկան մանուկի մը համար լաւ ցուցանիշ էր: Եօթը տարեկանիս դարձեալ մասնակցելով նոյն մրցաշարին` ամբողջացուցի առաջին կարգը, որ դարձեալ փայլուն արդիւնք մըն էր:
Հ.- Իսկ ե՞րբ սկսաք մասնակցիլ մեծ մրցաշարերու:
Ն. Թ.- 2005-ին Երեւանի մէջ Տիգրան Պետրոսեանի 75-ամեակին նուիրուած յուշամրցաշարին` մինչեւ տասը տարեկաններու շարքին գրաւեցի առաջին տեղը: Այդ առաջին մեծ յաջողութիւնն էր, որ խթանեց հետագայ յառաջընթացս: Այդ յաղթանակին շնորհիւ իրաւունք ստացայ մասնակցելու ճատրակի ակադեմիայի ուսումնա-մարզական հաւաքներուն:
Հ.- Ի՞նչ նոր հորիզոններ բացուեցան այդ իրաւունքի շնորհիւ:
Ն. Թ.- 2006-ին դարձայ Հայաստանի` մինչեւ տասը տարեկաններու փոխախոյեան` այս անգամ իրաւունք ստանալով մասնակցելու աշխարհի պատանեկան առաջնութեան, որ կը կայանար Պաթում քաղաքին մէջ: Յիսուն մրցակիցներու շարքին, բարձրագոյն վարկանիշներու պատճառով մարզիչներս ինձմէ միայն առաջին մրցանակ կը սպասէին, սակայն տակաւին դժուար էր աշխարհի դէմ պայքարիլը: Ինծի համար չափազանց կարեւոր էր զգալ դիմադրութեան հզօր ուժը: Հետագային, այդ ուժը յաղթահարելու պատրաստակամութեամբ, մասնակցեցայ աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութեան մրցաշարերուն:
Լաւագոյն արդիւնքը կրցայ ձեռք բերել Եւրոպայի 2010-ի առաջնութեան ժամանակ:
Քանի մը անգամ Ջերմուկ քաղաքի մէջ կայացող միջազգային մրցաշարերու յաղթանակ տարի:
Հ.- Ո՞ր բարձրագոյն ու կարեւոր հարթակի վրայ էիք, երբ ի պատիւ ձեզ` հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:
Ն. Թ.- Ռուսիոյ Պերմ քաղաքին մէջ` «Պերմ 2014» խորագիրով կայացած միջազգային մրցաշարի բոլոր մասնակիցները միջազգային վարպետներ էին: Դժուարագոյն այդ մրցաշարին ապահովելով բացարձակ յաղթանակ, հայկական եռագոյնի եւ քայլերգի ներքոյ, ես պատիւ ունեցայ կանգնելու բարձրագոյն հարթակի վրայ:
Հ.- Ընդհանրապէս առաջին անգամ որո՞ւ կը յայտնէք ձեր յաղթանակի լուրը:
Ն. Թ.- Ամէն անգամ հայրս ինք կ՛ըլլայ առաջին անձը, որ ինծի կը փոխանցէ իմ յաղթանակիս լուրը: Ո՛ւր որ ալ ըլլամ, ընտանիքս համացանցի միջոցով կը հետեւի բոլոր քայլերուս:
Հ.- Ի՞նչ է ձեզի համար ընտանիքը:
Ն. Թ.- Ընտանիքս ինծի համար աշխարհի սկիզբն է ու տիեզերքի անսահմանութիւնը:
Հայրս եւ մայրս թեթեւ աթլեթներ են, խորհրդային տարիներու անուանի մարզիկներ: Անոնք ներկայիս կը զբաղին մանկավարժութեամբ:
Քոյրս արեւելագէտ է, պարսկերէնի լաւագոյն գիտակ:
Հ.- Ինչո՞վ կը զբաղիք ճատրակէն զատ եւ ի՞նչ կեանքով ու կենցաղով կ՛ապրիք:
Ն. Թ.- Եթէ մարմինը անգործութեան մատնես եւ միայն ուղեղը մարզես, շուտով ուղեղն ալ կը դադրի գործելէ, հետեւաբար ամէն օր կը զբաղիմ մարմնամարզութեամբ: Համալսարան կը յաճախեմ, դասերս կը կարդամ, դասական երաժշտութիւն մտիկ կ՛ընեմ: Կ՛ապրիմ սովորական կեանքով` խուսափելով խմիչքէն եւ ծխախոտէն:
Ծնողքս մարզիկներ ըլլալով` ինծի համար կը բացայայտեն ճիշդ սնուելու գաղտնիքները:
Հ.- Բնաւորութեան ինչպիսի՞ առանձնայատուկ գիծեր են, որ ձեզ կ՛առանձնացնեն ձեր ընկերներէն:
Ն. Թ.- Բնաւորութեամբ ես հանդարտ եմ, համբերատար, կը սիրեմ խրթին հարցերը վերլուծել հանգամանօրէն եւ ճիշդ որոշում կայացնել: Այդ մասին գիտեն ընկերներս եւ յաճախ խորհուրդներ կը հայցեն ինձմէ: Կան պահեր, երբ ես կը դիմեմ իրենց օգնութեան:
Հ.- Մասնակցելով Եւրոպայի եւ աշխարհի բազում մրցաշարերու` երբեւէ ունեցա՞ծ էք ազրպէյճանցի մրցակիցներ:
Ն. Թ.- 2012-ին Պոլսոյ մէջ, մինչեւ տասնվեց տարեկաններու խմբային առաջնութեան ժամանակ կրցանք պարտութեան մատնել մեր դիմաց ելած Ազրպէյճանի հաւաքականը:
Հ.- Ինչպիսի՞ն էր ազերի մարզիկներուն կեցուածքը հայ մարզիկներուն հանդէպ, խաղի պահին եւ անկէ դուրս:
Ն. Թ.- Անոնք չափազանց քաղաքավար էին, ոգին` մարզական, առանց քաղաքական երանգներու: Ճատրակը կը կայանայ տախտակին վրայ, սակայն անկէ դուրս մարզիկը պէտք է հանդարտ իրավիճակի մէջ, հոգեբանօրէն նախապատրաստուի խաղին: Նախապաշարումները կրնան խանգարել խաղին ընթացքը:
Երբեմն այլ մրցաշարերէն մեզի ծանօթ ազերի մարզիկները, եւ մենք չափաւոր յարգանքով կը բարեւենք զիրար:
Հ.- Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ դուք եւ ճատրակի ձեր մրցակից քաղաքավար ազերին զէնքով կրնայ յայտնուիլ սահմանին վրայ` դէմ յանդիման:
Ն. Թ.- Այն ժամանակ իւրաքանչիւրս ենթակայ կ՛ըլլանք մեր գերագոյն հրամանատարի հրահանգներուն:
Ճատրակը խորունկ, ճկուն, ազնիւ խաղ մըն է, իր անսահման հնարաւորութիւններով:
Եթէ Իլհամ Ալիեւն ալ նախագահ Սերժ Սարգսեանին չափ տիրապետեր ճատրակին, սահմանին վրայ մենք խնդիրներ չէինք ունենար եւ կրակելու փոխարէն` կրնայինք դարձեալ ճատրակ խաղալ:
Հ.- Տեսնելով Երեւանի նորակառոյց շէնքերը, շուկաները, ճամբաներն ու պուրակները, աւագ սերունդին կը համակէ մայրաքաղաքի դիմագիծի աղաւաղման տագնապը: Տեղի՞ն է արդեօք «Սա մեր Երեւանը չէ» տրտունջը:
Ն. Թ.- Բոլոր ժամանակներուն նորը միշտ մերժուած է: Միշտ ալ հայրերը դժուարութեամբ ընդունած են որդիներու նախաձեռնութիւնը: Վստահ` ժամանակին Ալեքսանդր Թամանեանն ալ քարկոծուած է:
Երեւանն ալ, Գիւմրին ալ, Հայաստանի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերն ալ մերն են եւ դրական փոփոխութիւնները երիտասարդներուս համար օտար չեն թուիր:
Հ.- Եղած էք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` մասնակցելով բազմաթիւ մրցաշարերու: Ի՞նչ ունին այդ երկիրները, որ մենք չունինք:
Ն. Թ.- Ճատրակի մէջ մենք առաջատարներն ենք, եւ աշխարհի շատ մը յառաջադէմ երկիրներ միշտ մեր օրինակին կը հետեւին:
Ճիշդ է, մենք ծով չունինք, Տուպայի աշտարակ չունինք, Էյֆել չունինք, ոչ ալ` Թաժ Մահալ, կամ բուրգեր, սակայն մենք ունինք Մատենադարան, Գեղարդ, Էջմիածին, Սեւան, Շիրակ ու Լոռի, Զանգեզուր ու Արցախ` միշտ բարի, հիւրընկալ, տաղանդաւոր, աշխատասէր մեր քաղաքացիներով: Այսօր մենք ունինք հայրենասէր, անձնազոհ երիտասարդութիւն, որ մեծ պատասխանատուութիւն կը զգայ մեր անցեալի ու ներկայի արժէքներու հանդէպ: Հայաստանը մօտիկ ապագային կ՛ըլլայ մեր տարածաշրջանի զարգացած, հզօրագոյն երկիրներէն մէկը:
Հ.- Կը հաւատա՞ք արդեօք դիպուածին, կամ` բախտի գործօնին:
Ն. Թ.- Կը հաւատամ, թէ մարդ իր ճակատագիրը ինք պիտի կերտէ, սակայն չեմ բացառեր դիպուածի գործօնը:
Այս կեանքէն մենք շատ քիչ բան գիտենք:
Կը քալենք շիտակ, սակայն չենք գիտեր, թէ դիպուածով ե՞րբ եւ ի՞նչ կրնայ յայտնուիլ մեր առջեւ` մեր կամքէն անկախ փոխելով ճշգրիտ նկատուած մեր ուղին:
Հ.- Ձեր կարծիքով, ո՞րն է յաջողութեան գրաւականը:
Ն. Թ.- Մարդ նախ պէտք է հաւատայ ինքնիրեն, ճիշդ գնահատել կարողանայ իր ուժերն ու կարողութիւնները, ապրի հաշտ` ինքիրեն, ապա շրջապատի հետ: Ո՛չ սին գովասանքներէն գլխապտոյտ ունենալ կարելի է, ո՛չ ալ ցեխարձակումները դարձնել ողբերգութիւն:
Իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն ունի իր բարձրագոյն հարթակը, որուն հասնելու համար պէտք է առաւելագոյնս ըլլալ աշխատասէր, նպատակասլաց, արդարամիտ եւ խորագէտ:
Հ.- Հնարաւո՞ր է արդեօք տասնիննամեայ ճատրակի վարպետ Նորայր Թորոսեանին օր մը տեսնել` որպէս ճատրակի աշխարհի ախոյեան:
Ն. Թ.- Կ՛ըսեն` «Չկայ զինուոր, որ չ՛ուզեր զօրավար դառնալ»: Ես կ՛աշխատիմ բոլոր ուժերովս, կը մնան Աստուծոյ կամքը եւ դիպուածի գործօնը:
Երեւան – Պէյրութ