Սարգիս Կիրակոսեան`
«Ազդակ»-ի Գրական Զինուորը
Սարգիս Կիրակոսեանի անդարձ մեկնումը շատ սուր կերպով հերթական անգամ զգացնել տուաւ մարդուժի սովը: Գաղափարական, գրականագէտ, բանաստեղծ, կրթութեան ու մշակոյթի գործիչ, խմբագիր եւ դեռ մեր տարբեր կարիքներուն, յանկարծակի ստեղծուած առիթներուն կացութեան տէր կանգնող` դամբանախօս, սեղանապետ, հանդիսավար:
Պարզ, անմիջական, սրտամօտիկ եւ մանաւանդ բարի Սարգիսը երկար ատեն իր մասին գրել պիտի տայ, մտածել պիտի տայ: Իր գրական արժանիքները չէին թերեւս այն հիմնական պատճառը, որ մահէն ասդին շարունակեցին խմբագրութեան վրայ տեղալ այն մահախօսականները, յուշերը, վկայութիւնները, որոնք կապուած էին Սարգիսին: Դրուագներ են անոնք կարեւոր մասամբ, յիշատակներ` ազնիւ, որոնց մէջ կ՛երեւայ ինքը` մեր ընկերը, իր նկարագրային գիծերու ամէնէն ազնիւ կերտուածքով, ընկերական ոգիով, ժպիտով:
Միշտ չէ, որ սրտաբուխ եւ անմիջական գրութիւններու ալիքի կը հանդիպինք, երբ նոյնքան եւ թերեւս աւելի վաստակ ամբարած հասարակական գործիչներու մահուան առիթով խմբագրութիւնը գրութիւններ եւ յուշեր կը ստանայ: Ազնուութիւնն ու բարութիւնը այստեղ հիմնական դրակատար են նման երեւոյթի կայացման, ասպարէզային արժանիքներէն աւելի գուցէ:
«Ազդակ» նախաձեռնեց այս յաւելուածին ոչ միայն յուշերու եւ մտածումներու բաժնեկցութիւններու առատութեան ի տես, այլ նաեւ այն հիմնարար պատճառով, որ Սարգիս Կիրակոսեանը երկար տարիներ մաս կազմեց «Ազդակ»-ի ընտանիքին: Նոր ուժերու յօդուածագրական առաջին փորձերը սրբագրելէն մինչեւ թերթի լեզուական բաժնի պատասխանատու, արաբերէն նիւթերու թարգմանութենէն մինչեւ Գրական էջի խմբագիր` պատերազմի օրերուն Սարգիս Կիրակոսեան «Ազդակ»-ի «խոհանոց»-ային եւ խոհանոցային աշխատանքներուն մէջ իր անշրջանցելի դերակատարութիւնը ունեցաւ:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին ընդառաջ, «Ազդակ»-ի անցած ուղիի վերաբերող նիւթերու հրատարակութիւնը հայ մամուլի պատմութեան պիտի յանձնէ սփիւռքեան շատ կարեւոր միջավայրի մը մէջ իննսուն տարի գոյատեւած եւ գոյատեւող մամուլի մէկ ներկայացուցիչին պատմութիւնը: Այդ պատմութեան մէջ յատուկ բաժին պիտի ունենայ սփիւռքահայ գրականութեան զարգացման իր նպաստը բերած եւ աւանդ ապահոված Սարգիս Կիրակոսեանը:
Յիշելով Սարգիս Կիրակոսեանն Ու Իր Գիրը
(Կամ` Երգի Մը Պատմութիւնը)
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ Պէյրութի մէջ կորսնցուցինք հայկական սփիւռքի բանաստեղծութեան, մամուլի ու կրթական անդաստանին մէջ աւելի քան քառասուն տարիներու վաստակ կերտած Սարգիս Կիրակոսեանը, որ ապրեցաւ ու գործեց ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու, իր մեկնումն ալ եղաւ առանց մեծ աղմուկի: Այսուամենայնիւ, զինք ճանչցողներն ու վաստակին ծանօթ գործակիցներ, ընկերներ ու գրչակիցներ գիտեն, թէ ի՛նչ տարողութիւն ունի անոր անժամանակ մեկնումը:
Այս օրերուն, երբ հայկական մեր բարի աւանդութեանց համաձայն, զինք պիտի յիշենք (մոռնալու հարց չկայ արդէն), յիշողութեանս մէկ դարակէն յանկարծ դուրս եկաւ դէպք մը, որ, կը կարծեմ, առանձնակի տեղ ունի Սարգիսի գրական ու մտածողութեան էջերուն, եւ կ՛արժէ զայն բաժնեկցիլ ընթերցողներու եւ ընկերներու հետ:
Ս. Կիրակոսեանի բանաստեղծութեան վաստակին ծանօթ ընթերցողը գիտէ, թէ ան ունի իր ոճն ու արտայայտութեան իւրայատուկ ձեւերը, մարդիկ հոն թափանցելու համար պէտք է յատուկ ճիգ ընեն, ու նման ճիգ անպայման կ՛արդիւնաւորուի` բանաստեղծին մտածումներուն եւ հոգեկան աշխարհին հետ կամուրջներու ստեղծման իմաստով: Բանաստեղծութիւնը, որ կ՛ընկերանայ այս սիւնակին, տարբեր բնոյթի է` թէ՛ խորքով, թէ՛ դիւրահաղորդութեամբ: Տակաւին. Սարգիսին համար արտասովոր է, որովհետեւ գրուած է… ապսպրանքի վրայ, բան մը, որ, կը հաւատամ, աննախընթաց էր իրեն համար:
… Աւելի քան 10 տարի առաջ Լոս Անճելըսի մէջ քանի մը ընկերներ մտածումը ունեցան նա՛եւ երգով մը յաւերժացնելու Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքի լուռ վաստակաւորներէն Սարգիս Ազնաւորեանի յիշատակը: Սարգիս Ազնաւորեան մէկն է այն նուիրեալ ու լուսարձակներէ հեռու գործած պատասխանատուներէն, որոնք 80-ական տարիներու կէսերուն, Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի օրերուն, նահատակ ինկան հայութեան ու Դաշնակցութեան դէմ սարքուած ոճրային ալիքին իբրեւ հետեւանք. թաքուն ոճրագործները այդ օրերուն հայութեան պաշտպանութեան ու ապահովութեան վսեմ առաքելութեան լծուած դիրքապահներ թիրախ ընտրած էին` չբաւականանալով քանի մը տարի առաջ Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին ականահարումով… Որո՞ւ կարելի էր դիմել, որպէսզի նահատակ ընկերոջ վաստակին ու արժանիքներուն համազօր երգ մը հիւսէր:
Չուշացաւ պատասխան-անունը. Սարգիս Կիրակոսեան: Քաջածանօթ էր Ս. Ազնաւորեանի անձին ու գործին, նաեւ` դաշնակցականի կեանքէն բխած պատգամին: Գիտէի, որ Ս. Կիրակոսեան ապսպրանքի վրայ բան գրող չէր, սակայն նաեւ ունէի այն վստահութիւնը, որ այս ընկերը յատուկ տեղ ունէր իր սիրտին մէջ, ինչպէս` բոլոր զայն ճանչցողներու սիրտին ու միտքին մէջ: Ընդառաջեց:
Մեր սպասումը քիչ մը երկարեցաւ, որովհետեւ, կ՛ենթադրեմ, «մուսային» ապաւինելէ աւելի, Սարգիսը պէտք ունէր նահատակ ընկերոջ հետ հաղորդակցութեան ի՛ր «մթնոլորտ»-ին գոյառման:
Յանձն առած էր, կասկած չունէի, որ լաւ բան մը պիտի ծնէր:
Ու ծնաւ «Ընկեր Սարգիս Ազնաւորեանի յիշատակին» բանաստեղծութիւնը, որ ցարդ տեղ չէ գտած բանաստեղծին հրատարակուած հատորներուն մէջ: Չեմ գիտեր, թէ լոյս տեսա՞ծ է մեր մամուլին մէջ: Անիկա շուտով վերածուեցաւ երգի, անոր կրկներգը իւրայատուկ հնչեղութեամբ մը կ՛արձագանգէ մեր ազգային-յեղափոխական երգերու ոգիին ու էութեան.
Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Իբրեւ պայքարի կտրիճ տրիբուն,
Եւ գաղափարի խոյանքով անհուն
Քամիներուն դէմ կը պոռթկան ցասում:
Չմոռնանք, որ մեր պատմութեան գրաւոր մարմնաւորման կարեւոր մէկ մասը «ապսպրանքով գրուած» գործեր են, որոնց մէջ կայ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամը: Մեր երէկի ու ժամանակակից ֆետայիներն ալ ներշնչած են բազմաթիւ երգեր: Ս. Ազնաւորեանի մասին այս տողերը ներշնչում առած են ոչ միայն մէկ նահատակի զոհաբերութենէն, այլ անոր մէջ կ՛արտացոլան մեր ժողովուրդին համար բոլոր զոհուածներուն կամքն ու կեանքը:
Կարելի չէ՞ արդեօք հոն տեսնել նաեւ նոյնինքն հեղինակին` Սարգիս Կիրակոսեանի նուիրաբերումը` մեր գիրին ու ժողովուրդին…
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
***
Ընկեր Սարգիս Ազնաւորեանի
Յիշատակին
Նենգ ու դաւադիր ձեռքերը վարձկան
Փորձեցին խեղդել ձայնըդ առնական,
Բայց անոնք միայն մարմինիդ հասան
Եւ սարսափահար` ընդմիշտ հեռացան:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Իբրեւ պայքարի կտրիճ տրիբուն,
Եւ գաղափարի խոյանքով անհուն
Քամիներուն դէմ կը պոռթկան ցասում:
Դուն ինկար հպարտ, յաղթեցիր մահուան
Եւ սրտերու մէջ ծնար յաղթական
Արշալոյսն ահեղ ուխտին արամեան,
Երբ նոր Սարգիսներ վրէժ արթնցան:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Արթնցան վրէժ, տեղացին կրակ
Եւ փոթորկեցին սրտերը հայոց,
Եղան պայքարի անձնուրաց տղաք
Եւ տաք արիւնէդ ծլած ուխտ ու բոց:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Հաւատքըդ ըրած նիզակ ու վահան`
Ոտքի հանեցիր բիւր հայդուկներ քաջ,
Սոսկաց ազերի թշնամին դաժան
Եւ Արցախն անխոց յաղթական ցնծաց:
Կաղնիներն անվախ միշտ կ’ապրին կանգուն`
Իբրեւ պայքարի ուխտեալ տրիբուն,
Եւ գաղափարի շանթերով արթուն
Վարձկաններուն դէմ կը պայթին ցասում:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
«Նրա Հոգին Բացեց
Իր Թեւերը»
Ծանր սրտով լսեցինք բօթը. Սարգիս Կիրակոսեանն այլեւս չկայ: Մի տարի առաջ էր, երբ միասին նստած էինք երեւանեան սրճարանում եւ լսում էինք նրա տագնապած խօսքերը սփիւռքահայ գրականութեան վաղուայ մասին, լիբանանահայ մեր գաղութի ճակատագրի մասին: Մի քանի ամիս առաջ եղբայրական մակագրութիւններով ստացանք նրա «Ականեալ ձայներ» ժողովածուն, դեռ չենք էլ հասցրել խորանալ գրքի բոլոր շերտերի մէջ… Մենք կորցրեցինք ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան ականաւոր դէմքին, հրաշալի թարգմանչին, մեր ժողովրդի ճակատագրով ապրող մտաւորականին, վերջապէս` անփոխարինելի ընկերոջն ու բարեկամին, ում հայաստանեան այցելութիւններին սպասում էինք: Լինելով 70 թթ. ասպարէզ մտած բանաստեղծական սերնդի վառ ներկայացուցիչը` Սարգիս Կիրակոսեանը նրանցից էր, ովքեր նորոգեցին եւ նոր ուղիներ հանեցին հայ բանաստեղծութիւնը` ապահովելով ժամանակակցութեան նրա ուրոյն դիմագիծը: Վստահ ենք, որ արդի սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան մէջ Սարգիս Կիրակոսեանի թողած հետքն անջնջելի է:
Զարմանալի կանխատեսութեա՞մբ, թէ՞ գիտակցական մի շնորհով փաստօրէն իր կենդանութեան օրերի վերջին գիրքը դարձած «Ականեալ ձայներ» ժողովածուն Սարգիս Կիրակոսեանը ուղեկցել է հիւկոյական մի բնաբանով, որով ասես ինքը սահմանել է բանաստեղծի, մարդու եւ մահկանացուի իր հաւատամքը` հէնց իր կեանքի եւ մահուան յարաբերականութեան գիտակցմամբ. «Շիրիմը, որ մեռնողին վրայ կը գոցուի, երկինքը կը բանայ: Աներկիւղ կը դիտեմ յաւերժական ստուերներու գերեզմանը, որովհետեւ գիտեմ, որ եթէ մարմինը հոն բանտ մը կը գտնէ, հոգին` թեւեր»: Սարգիս Կիրակոսեանի մահը մենք այդպէս էլ ընկալում ենք. նրա հոգին բացեց իր թեւերը…
ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ,
ՅԱԿՈԲ ՄՈՎՍԷՍ, ՀԵՆՐԻԿ ԷԴՈՅԵԱՆ
Ուշացած Նամակ
Սիրելի՛ Սագօ,
Այսպէս անսպասելի եւ անակնկալ ձեւով առյաւէտ բաժնուեցար մեզմէ:
Օդակայան գացած ատենս, ճամբուն վրայ վերջին անգամ հեռաձայնեցիր` խոստանալով, որ վերադարձիս միասին պիտի տօնէինք աղջկաս նշանտուքը:
Վերադարձանք Լիբանան…
Ձեր տունն էինք, մէկ անկիւնը քու ժպտուն նկարդ կար, միւս անկիւնը` տարիներու վաստակած մետալներդ:
Բայց ինչ օգուտ: Առաջին անգամն էր, որ տունէն բացակայ էիր: Յուզուեցանք, յիշեցինք, մտածեցինք եւ ափսոսացինք:
Հիմա վերադարձայ տուն եւ սկսայ մտածել մեր բարեկամութեան ուղիին: Աւելի քան տասնհինգ տարիներու վրայ երկարող յիշատակներու տարափ մը կը տեղայ հոգիիս եւ մտքիս մէջ: Ուսումնական խորհուրդի գործավարութենէն, շրջանային ժողովներու եւ կուսակցական այլ ժողովներու հանդիպումներ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմին մէջ միասին ըլլալէ մինչեւ ձեռնարկներու կազմակերպում ու հիւրերու ընդունելութեան վերաբերող մեր աշխատանքը, նաեւ` եւ ընտանեկան կապերն ու յարաբերութիւնները: Այս բոլորը հարստացուցած էին մեր երկուքին կեանքը:
Ինչպէս կարելի է մոռնալ Հալէպի մեր ուղեւորութիւնը իբրեւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ: Ինչպէս կարելի է մոռնալ մեր ճամբորդութիւնները` Վենետիկ, Ս. Ղազար, Մոնթենեկրօ, Հայաստան, Արցախ…
Այս բոլորէն ետք եւ այս բոլորէն անդին քու մարդկային արժանիքդ է, որ պիտի փնտռեմ:
Պիտի փնտռեմ, այո՛, երբ մեր օրերուն գրիչի եւ մտաւորականութեան դիմաց մակերեսային, հաճոյակատար եւ փառասէր մարդոց թիւը սկսած է բարձրանալ:
Պիտի փնտռեմ, այո՛, երբ ազնիւ եւ մաքուր ընկերոջ տեղ նենգ եւ դաւադիր «Բարեկամներու» փաղանգ մը սկսած է զարգանալ: Պիտի փնտռեմ անկեղծ եւ բարի ընկերոջ տեղ չարամիտ եւ կեղծաւոր ամբոխի մը կազմուելուն պատճառով:
Այո՛, պիտի փնտռեմ: Վստահ եմ, որ պիտի չգտնեմ քու մաքրութեամբդ եւ անկեղծութեամբդ, քու ընկերասիրութեամբդ եւ ողջմտութեամբդ ընկեր մը:
Սակայն պիտի մնաս մեր յուշերուն մէջ ամէն օր, ամէն մէկ ժողովին, ամէն մէկ ձեռնարկին, ամէն մէկ պտոյտին, ամէն մէկ հաւաքոյթին:
Այո, Սագօ, ուշացած եմ եւ սգաւոր: Սակայն հոգիս հարուստ է, որ քեզի նման բարեկամ հարազատ մը ունեցած եմ կեանքիս վերջին տասնհինգ տարիներուն: Շողիկը, Արամը, Մեղրին եւ Հրակը հպարտ են քեզմով: Հպարտ են քու բոլոր արժանիքներուդ համար: Հպարտ են եւ անթառամ կը պահեն յիշատակդ:
Իսկ մենք` քու բարեկամներդ առանձին չենք ձգեր զանոնք, պիտի փորձենք նոյն ջերմութեամբ եւ գուրգուրանքով մեր կազմը ամուր պահել եւ ամէն անգամ որ հանդիպինք անպայման քու յուշերովդ պիտի լիցքաւորուինք:
Ամէն անգամ որ հանդիպինք քու ժպտուն դէմքդ պիտի մտաբերենք եւ…
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Սարգիս Կիրակոսեան
Երազներ Ունէր…
«Կը սիրեմ քեզ, հա՛յ լեզու, մրգաստանի մը նման…»:
Սարգիս Կիրակոսեան պիտի ուզէր գրած ըլլալ Վահան Թէքէեանի տողերը: Ինք այդպէս էր:
Կարդալ Թէքէեանը` հասկնալու համար Սարգիս Կիրակոսեանի տածած պաշտամունքը հայերէն բառերու ճոխ համանուագին:
Մահը միշտ ալ կը վկայէ չիրականացած երազներու մասին: Քիչ մը աւելի, երբ ան կու գայ չսպասուած օրը, որպէս անկոչ հիւր:
Մեր վերջին հանդիպման հպատակելով միշտ երազին` ըսաւ, որ կը ծրագրէր սեպտեմբերին Հայաստան երթալ: Հաւանօրէն գիտէր, որ պիտի չերթար, բայց ցանկութիւնը կար:
Ինք ընթացիկ զբօսաշրջիկ չէր Հայաստանի մէջ: Հոն կը գտնէր գրչընկերներ, ինչպէս կը սիրէր կրկնել, հոգիի եւ տեսիլքի վերանորոգում կ’ապրէր:
Հայաստան թէ սփիւռք, Սարգիս Կիրակոսեան իրեն հետ շալկած կը տանէր հայերէն բառի, լեզուի եւ գրականութեան անխառն սէրը, որ տարիներուն հետ կ’ուռճանար, սովորական եւ ընդհանրացող գործնապաշտութեամբ չէր տժգուներ:
Հայերէն բառերը իր կալուածն էին, իր զգացումներուն, ապրումներուն եւ յուշերուն համար անոնք կը գտնուէին իր երանգապնակին վրայ, կը կազմէին սիրոյ երանգներ` ընթերցողը զարմացնող բազմաձայնութեամբ: Իր ըսելիքին չափ կարեւոր եւ ուշագրաւ էին ազգէն ստացած իր ժառանգութիւն բառերը, որոնցմով մեր ինքնութիւնը կը կազմուի, որոնցմով կը ստեղծէր իր փառատօները, հրավառութիւնները: Ինք կը գինովնար եւ կը յուսար, որ հայը, հայերը, այդ կարասէն պիտի ըմպէին իրեն հետ, իրեն պէս: Միամիտ էր, չէր ուզեր տեսնել, որ հայերէնի «բարդացում»-էն կը խորշէին մարդիկ, մեծ ու պզտիկ «պարզացում» կը թելադրէին` ժառանգութիւնը վերածելու համար իր նուազագոյն արտայայտութեան, ուղղագրութիւնը` սղագրութեան հնչիւններու եւ նշաններու, հուսկ` սխալագրութեան: Այսինքն` մշակոյթը բերելով իրենց չափերու նուազագոյնի ծոյլ պահանջին:
Հայ գիրի, գիրքի եւ գրականութեան անխոնջ սպասարկու մըն էր Սարգիս Կիրակոսեան: Հեղինակ է բազմաթիւ արձակ եւ բանաստեղծական հատորներու: Միաժամանակ լոյս ընծայած է արաբերէնէ թարգմանուած բազմաթիւ էջեր, նաեւ հայերէնէ արաբերէն թարգմանութիւններ ըրած է: Թարգմանական գրականութիւնը Կիրակոսեանի համար ազնիւ գրականութիւն էր, վերծանում, տեղեկատուութիւն չէր: Միաժամանակ գրականութիւններու փոխթափանցումը, թարգմանութեան ճամբով, փոխհարստացում էր: Հայ գրչընկերի չափ իրեն հարազատ էին լիբանանցի բանաստեղծը` Ատոնիս, եւ ուրիշներ:
Կը հաւատար Հայաստանի եւ սփիւռքի գրողներու սերտ համագործակցութեան եւ այդ ուղղութեամբ անսակարկ նուիրումով կը ծառայէր: Հայաստանի գրողները, որոնց հանդիպեցայ, ցնցուած էին իր կանխահաս մահով: Անոնցմէ մին, հեղինակաւորներէն, Պերճ Զէյթունցեան, յուզուած ըսաւ. «Սարգիսն ալ գնաց»:
Այդ «ալ գնաց»-ը այրող խօսք է ոչ միայն մեկնողին համար, այլ` անոնց համար, որոնք չեն գար, չեն փոխարիներ, քանի որ հայերէնի տիրապետողներու շարքերը կը նօսրանան, օտարագրութիւնը եւ օտարա-ընթերցումը փտախտի պէս կրծեն ինքնատիպ հայ գրականութեան արմատները` մեր ծափահարութիւններու տխրեցնող մեղսակցութեամբ. ժողովուրդը, որ միշտ իր ողջախոհութեամբ հայ արժէքներու եւ ժառանգութեան տէր կանգնած է դարերու ընթացքին, կը կորսնցնէ հարազատութեան էական զգացողութիւնը:
Ընդհանրապէս հակամշակոյթ կը դառնան զանգուածները, առաւել եւս` հայկական տեսակէտէ:
Սարգիսին հետ մեր վերջին հանդիպման ընթացքին խօսեցանք հայերէն գիրքի տպաքանակի եւ սպառման մասին: Նահանջը տարերային է: Սարգիս ճակատագրապաշտի պէս ըսաւ, որ ինք իր հրատարակած գիրքերէն ոչ իսկ մէկ օրինակ ծախած է: Իր շեշտին մէջ դառնութիւն ալ չկար: Բայց կարելի՞ է չհասկնալ, որ հայ գրողի հոգիին մէկ անկիւնը ծուարած չըլլայ իր չդրսեւորած դառնութիւնը: Անոնք, որոնք կ’ափսոսան հայ գրողի կամ բանաստեղծի մահը, կրնա՞ն հիմա անդրշիրիմեան զրոյցի նստիլ Սարգիսին հետ եւ պահ մը վերլուծել, որ ան իր հրատարակած գործերէն ոչ իսկ մէկ հատոր վաճառած էր… Հայ գրողի այս ցաւն ալ իր կտակն է: Բայց նման կտակի տէր եղող կա՞յ…
«Ես գիրքերէս ոչ իսկ օրինակ մը ծախած եմ»…
Գիր, գրականութիւն եւ գրող սիրելու համար կա՞յ աւելի պարզ եւ ուղիղ ճանապարհ, քան գիրքի սպառումը` առանց նուէր ստանալու:
Անհրաժեշտ է նշել, որ արեւմտահայերէնի անխարդախ պահպանման վերջին գործօն պաշտպաններէն էր Սարգիս, զայն կը խնամէր անհուն բծախնդրութեամբ եւ սիրով:
Ունի անաւարտ ու անտիպ գործեր եւ իր յիշատակը լաւագոյնս յարգելու համար զանոնք լոյս պէտք է ընծայել:
Սարգիս Կիրակոսեան կը խօսէր այն մասին, որ երիտասարդներ չեն գար գրականութեան: Գիտէր եւ գիտենք, որ պատնէշի վրայ իր պահած դիրքը փոխարինող դժուար պիտի ըլլայ գտնել: Այսինքն` շարունակողներ տեսնել:
«ԲԱԳԻՆ»-ի խմբագրութիւնը, աշխատակիցները, իր գրչեղբայրները, ինչպէս ինք յաճախ կը կրկնէր, եւ ընթերցողները պիտի յիշեն Սարգիս Կիրակոսեանը:
Եւ այս առիթով կրկին յիշենք հայ մեծ մարդուն իմաստութիւնը, որ` «գործն է միայն կենդանի»:
Սարգիս Կիրակոսեանի ժառանգութիւնը կեանքի շարունակութիւն կ’ըլլայ, եթէ նորեր գան եւ անոնք իրեն պէս չըսեն` «ես իմ գիրքերէս մէկ օրինակ անգամ չեմ ծախած»:
Ինք չընկրկեցաւ: Բայց հաւաքականութիւնը կը շարունակէ ընկրկիլ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
24 օգոստոս 2015, Երեւան
Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան Առիթով
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով
Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Դամբանականը
Սիրելի ընկ. Սագօ,
Համակող ներկայութիւնդ, բարձրաթռիչ ձայնդ, ապրումով յորդող խօսքերդ, դէմքիդ վրայ քանդակուած բարութեան ու ազնւութեան ժպիտդ, քալուածքիդ իւրայատուկ ոճը, ծանօթին եւ անծանօթին ամբողջական հարազատութեամբ փոխանցած բարեւդ, ժողովները իւրայատուկ համով ու հոտով լեցնելու քու արտայայտութիւններդ, դասախօսութիւններուդ ընթացքին մեր լեզուին ամբողջական հարստութիւնը օգտագործելու քու հմտութիւնդ եւ, վերջապէս, լաւ մարդու ու յանձնառու դաշնակցականի ու բծախնդիր մտաւորականի վայել կոչումով իմաստաւորած կեանքդ, այսօր անհաւատալի բայց չոր իրականութեան մը դէմ յանդիման կը դնէ մեզ բոլորս եւ հրաժեշտ կու տաս շատ կանուխ, այսպէ՛ս` անակնկալ, փոթորկեցնելով բոլորիս հոգիները, խոր յուզումի մատնելով ընտանեկան հարազատներդ, ապշահար ձգելով ընկերական ամբողջ շրջանակդ:
Սիրելի՛ Սագօ,
Շատ կանուխ էր տակաւին: Վերջին շնորհահանդէսին մեզի ըսիր, որ տակաւին բաւական հրատարակելիք գործեր ունիս, Համազգայինի հետ գործակցաբար նաեւ քանի մը գիրքերու խմբագրութիւնը սիրայօժար ստանձնած էիր, Սօս Սարգսեանի եւ Լեւոն Անանեանի երկու հատընտիրներ պիտի պատրաստէիր, Հայաստան բաւական գործեր ունէիր եւ ունէիր անշուշտ ընտանեկան նոր ծրագիրներ:
Այո՛, պայքարեցար անկոտրում կամքով, վստահեցուցիր, որ պիտի յաղթես այս հիւանդութեան: Մի՛շտ լաւ զգալու գեղեցիկ արտայայտութիւններով յուսադրեցիր բոլորս, եւ մենք ալ հաւատացինք, որ պիտի յաղթահարես այս ծանր հիւանդութիւնը: Սակայն, ափսո՜ս, չար հիւանդութիւնը յաղթեց ու մեզ բոլորս յուսախաբ դարձուց:
Սագօ՛, քու մասիդ յիշատակներ պատմելու առիթ չէ այս պահը, դուն եզակի ներկայութիւն մըն էիր մեր հաւաքական կեանքին մէջ ու կը մնաս այդպիսին` քու եզակի ըմբռնումներովդ, եզակի արտայայտութեան ոճովդ եւ մինչեւ իսկ ծխելու եզակի յատկութիւնովդ:
Սկզբնական կազմաւորումդ Հալէպի մէջ ստացար, սակայն յետոյ արդէն հաստատուեցար Լիբանան, ծառայեցիր բաւական մեծ թիւով կառոյցներու եւ հաստատութիւններու մէջ` «Ազդակ», «Բագին», հայկական վարժարաններ, Ազգային առաջնորդարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն: Եղար գործօն անդամ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի: ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման», «Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն մէջ ստանձնեցիր պատասխանատու պաշտօններ, Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական, քարոզչական, Հայ դատի եւ դաստիարակչական մարմիններուն նաեւ բերիր քու օգտաշատ մասնակցութիւնդ: Բոլոր գործակիցներուդ մօտ ձգեցիր դրական մարդու եւ տիպար դաշնակցականի անջնջելի դրոշմ: Խոր պաշտամունք ունէիր հայոց լեզուին նկատմամբ եւ անոր անաղարտ պահպանումը քեզի համար սրբութիւն սրբոց առաքելութիւն էր: Նոյնիսկ հայկական թաղամասերուն մէջ անկարգութիւն կատարած յանցագործները մեր ակումբներու մէջ հարցաքննելու ընթացքիդ այդ հարազատ լեզուն կը գործածէիր, թէկուզ երբեմն յանցագործները բառապաշարդ ամբողջականօրէն չըմբռնէին:
Սագօ, ընկե՛ր, դուն անցողակի ու կրաւորական ներկայութիւն մը չեղար հոն, ուր աշխատանք ստանձնեցիր: Մեծ է ներդրումդ Հայաստանի եւ սփիւռքի մտաւորականութեանց յարաբերութիւններու սերտացման եւ համագործակցութեան խորացման առումով: Հայրենի հողին վրայ, հայրենի մտաւորականներու մօտ ալ քու իւրայատուկ տեղդ եւ դերակատարութիւնդ քանդակեցիր:
Յարգանքի արժանի է դաշնակցական մարդու դրսեւորած պատրաստակամութիւնդ: Յարգելի կը մնան դաշնակցական համեստ ու նուիրեալ ընկերներու մասին արտասանած խօսքերուդ եւ դամբանականներուդ մէջ անոնց խոր արժանիքները վերծանելու քու իւրայատկութիւնդ: Այսօր կը բաժնուիս մեզմէ եւ կ՛երթաս միանալու այդ դաշնակցական նուիրեալներու մեծ փաղանգին:
Այո՛, մտաւորական, բանաստեղծ, խմբագիր, հրապարակախօս, ուսուցիչ, գործավար, բայց այս բոլոր աշխատանքներուն մէջ դաշնակցական մարդու համակ ապրում եւ դաշնակցական արժէքներու ու սկզբունքներու պաշտամունքի հասնող խոր ներշնչում կար մէջդ միշտ:
Ընկե՛ր Սարգիս, մեր զրոյցներու ընթացքին յաճախ անդրադարձած էիր հաւաքական կեանքէն ներս մեր մարդուժի նօսրացման, կարողականութեանց նահանջին, մանաւանդ` հայ գիրի, գրականութեան եւ դպրութեան անդաստաններուն մէջ: Յաճախ կ՛ակնարկէիր մեր գաղափարական անփոխարինելի հարստութիւնը եւ ժառանգութիւնը չմսխելու եւ յօդս չցնդեցնելու, զգօն մնալու անհրաժեշտութեան մասին: Մի՛շտ ալ կարեւորութիւն չընծայեցիր աթոռին, փառքին, քուէին: Ամենաթէժ պայքարներու ընթացքին ժպիտով մօտեցար բոլոր ընկերներուն եւ քու դրսեւորած չակերտեալ միամիտ հարցադրումովդ փոխանցեցիր ազնիւ պատգամ` թէ ի՛նչ կը բաժնուիք կամ ինչի՛ մասին չէք կրնար համաձայնիլ: Ժողովներու ընթացքին կատարած քննադատութիւններդ անգամ ժպիտով եւ ազնւութեամբ կատարուած քննադատութիւններ էին, եւ փորձեցիր միշտ մնալ առարկայական, անանձնական` գերադասելով Դաշնակցութեան ընդհանրական շահերը:
Սիրելի՛ եւ ազնիւ ընկեր, բաժանումովդ ստեղծուած բացը պիտի չկարենանք լեցնել երբեք, եւ այդ իսկ պատճառով դուն պիտի չդառնաս սոսկ յուշ, այլ պիտի մնաս ապրող եւ քու բառերովդ` կենսաշող ներկայութիւն մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Պիտի խօսինք քու մասիդ մի՛շտ եւ ամէ՛ն տեղ, որովհետեւ բոլորս ալ լաւ ժամանակ անցուցած ենք հետդ ու վայելած` ընկերականութեան բոլոր շնորհքներդ:
Երէկուան նման կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս 1990-ականներու սկիզբը ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանանի գրասենեակի յարկին տակ կը համախմբէիր բոլորը` ընկ. Հրաչ Տասնապետեանը, Պօղոս Սնապեանը, Երուանդ Մոնոֆարեանը, Երուանդ Փամպուքեանը, Գէորգ Գանտահարեանը եւ մեզ` երիտասարդներս, դաշնակցական սեղանի շուրջ, հաց կիսելու: Կը փորձէիր վէճ ստեղծելով` մթնոլորտը աւելի ջերմացնել, կը սիրէիր ընկ. Մոնոֆարեանի հետ քիչ մը աւելի բարձր ձայնով վիճիլ, երբ այդ պահուն ընկ. Գ. Գանտահարեան իր թեթեւ ու սրամիտ ժպիտով անուղղակիօրէն կը քաջալերէր քեզ: Կը յիշենք այդ օրերը ու կ՛ըսենք` երնէ՜կ այդ պահերուն:
Գնա՛, ընկե՛ր, շատեր հիմա քեզի կը սպասեն, գնա՛ եւ հոն սարքէ ՛ նոր սեղան համախմբէ՛ բոլորը ու խմեցէք կենաց` վստահ ըլլալով, որ մենք մի՛շտ պիտի խմենք ձեր կենացը:
Բարեւէ՛ ընկ. Հրաչին եւ ըսէ, որ անհոգ թող ըլլայ, դաշնակցական ընկերները ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը շարունակեն դաշնակցականանալ ու բարձր պահել Դաշնակցութեան դրօշը եւ երդումը ու կը շարունակեն Հայ դատի աննահանջ պայքարը:
Բարի՛ ճանապարհ, դաշնակցակա՛ն, ազնի՛ւ, մաքո՛ւր, համե՛ստ, առաքինի՛ ու վաստակաւո՛ր ընկեր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան պարագաներուդ եւ կ՛ըսենք` վա՛րձքդ կատար:
Պատարագիչ Աղաւնի Եւ Սրբանկար
Դարձած Սարգիսը
Ընդունէք խորին ցաւակցութիւններ բանաստեղծ, թարգմանիչ, ուսուցիչ Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան առիթով: Մեզ բոլորիս խոցեց Պէյրութից հասած այս գոյժը: Սփիւռքի մտաւորական հրաշալի ներուժից պակասեց նրա առաջատար, հարուածային մէկ զօրութիւնը, անկրկնելի գոյնը:
Ուր ասես չի հասել Սարգիսի նախաձեռնութիւնների յորդ ալիքը. իր անհանգիստ բնաւորութեան թելադրանքով յայտնւում էր այնտեղ, որտեղ իր կարիքն այնքան զգացւում էր: Յիշենք «Ազդակ»-ին իր նուիրուածութիւնը, որի գրական էջերը վարում էր ձեռնհասութեամբ ու մասնագիտական պատրաստութեամբ: Նա նաեւ «Բագին»-ում էր` իբրեւ գրականութեան եւ արուեստի պատասխանատու փոխխմբագիր:
Բանաստե՛ղծ էր Սարգիսը, ուր փնտռում էր խենթութիւնը, այսինքն` քրիստոնէական շնչով «Այս է մարմին իմ» պատգամը, որը դարձաւ քերթողական գրքի խորագիր, այսինքն` «ճշմարտութեան սկիզբ», ինչպէս ինքը կ՛ասէր` «ամբողջացող անկատար խօսքին պարականոն ճշմարտութիւն»: Թարգմանի՜չ էր, եւ արաբական ընտիր բանաստեղծութեան լիբանանեան մայրիների խնամուած հրաշալի պարտէզ տնկեց իբրեւ նուէր մեզ բոլորիս:
Ուսուցի՜չ էր, եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Անթիլիասի դպրեվանքի սաների մէջ արթուն կը մնան նրա գրականութեան ու լեզուի հմտալի դասերը, որոնք, իր կազմած «Օրհներգութիւն մեծասքանչին» գրական վկայութիւնների սուրբգրային նշխարների նման պիտի պանծացնեն ուսուցիչ – քերթողի բարձր, օրէնսդիր ճաշակը: Պատահական չէ, որ անաւարտ կեանքի վերջին շրջանում նրան վստահեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պատասխանատու պաշտօնը: Ուսուցիչ էր նաեւ գրամշակութային կազմակերպական անդաստանում` դառնալով Լիբանանի հայ «Գրական համախմբումի» հիմնադիր նախաձեռնող Պէպօ Սիմոնեանի եւ Արամ Սեփեթճեանի հետ միասին, ինչն էլ առիթ դարձաւ արդէն մեր յաճախակի շփումներին:
Մահացա՛ւ Սարգիսը:
Ու խորհում եմ, թէ ոչ մէկը չի կարող իր մահուան աղօթասաց պատարագը մրմնջալ ի՛րապէս, իբրեւ ծնրադիր առաքում երկինքն ի վեր`
Հոգիս կարմիր
կը սփռեմ գորգին վրայ սրբամաշ
– բուրաստանի մը նման –
եւ արեգակ կը դառնամ
գահին համար սրբազան
…………………………………………………………….
Կը մօտենամ խորանին
եւ խորանին արշալոյսէն
օ՜ ծնծղաներ թեւաբեկ`
շարականներ կը հիւսեն
մեղրամոմեր կը վառին
շարժումներով թափանցիկ
կ՛ըլլամ շարժումն արեւին
պատարագիչ աղաւնի
եւ կաթներանգ լոյսերու
սրբանկար յարուցեալ…
ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոնի տնօրէն,
Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի
հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ
23 յուլիս, 2015
Չերթայի՛ր, Սարգի՛ս
Սարգիս Կիրակոսեանի անմոռաց յիշատակին
Բառերը այսօր գլուխ խոնարհած
Որբացած են, տե՜ս:
Կը սպասեն որ գաս
օրհներգես զանոնք գրչիդ աղօթքով…
պարապ էջերուն վրայ տարածես
եւ կեանք շնորհես անկենդան գիծին`
Մեսրոպի դէմքին գոհունակութեան ժպիտներ գծես…
Ինչո՞ւ այս հեւքը, սիրելի՛ Սարգիս:
Մկրտուած էիր աւազանին մէջ մեր սուրբ տառերուն,
Ինչո՞ւ ընտրեցիր մութ ճանապարհի արահետները:
Չգիտցա՞ր արդեօք, որ հիմա այստեղ երեսունութ տառ
Բողոքի ցոյցի պիտ՛ ելլեն խիզախ
Պիտի պահանջեն ետ գաս, օրհներգես
Եւ շարունակես ճանապարհն Մեծաց…
Բայց աւա՜ղ, հիմա օրերը դաժան
Պարուրեր են քեզ լռութեամբ անհուն:
Բառերդ սակայն, սիրելի՛ Սարգիս,
Պիտ՛ հեգնեն բոլոր տատասկներն մահուան
Պիտի շեփորեն, որ կա՛ս, կը մնա՛ս…
Չերթայի՛ր, Սարգի՛ս…
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Յուլիս 25, 2015
«Մովսէս Խորենացի» Մետալին
Տուչութեան Առիթով
Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով 28 մայիսին Սարգիս Կիրակոսեանի շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» մետալին յանձնման պաշտօնական արարողութեան (9 յունիս, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ) Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի արտասանած խօսքը:
Հանրապետութեան տօնին առիթով մեր բոլորին սիրելի Սարգիս Կիրակոսեանին նախագահական մակարդակով պարգեւատրումը անկասկած մեծ գոհունակութեան կը յառաջացնէ բոլորիս մօտ:
Սրտի ամփոփ խօսք ըսելու այս առիթը կրնար ինծի համար շատ ենթակայական գնահատականի պահ ըլլալ այն հանգամանքով, որ Սարգիս Կիրակոսեանը եղած է իր դպրոցական շրջանին մօրս աշակերտը, հետագային` հօրս գործակիցը, գաղափարակիցն ու մտերիմ բարեկամը, նաեւ այն պատճառով, որ ան եղած է հրապարակագրական ասպարէզիս առաջին ուղեցոյց տուողներէն, քաղաքական յօդուածագրութիւններուս առաջին փորձերը սրբագրողը, իմ գործընկերը եւ ուղղակի ընկերը: Տակաւին. գաղափարական նոյն երդիքին տակ երկար տարիներ իրարու հետ աշխատակցած ու ապա «Ազդակ»-ի մէջ այնքան փնտռուած գրական հրաշալի էջերու խմբագրի պաշտօն վարած ըլլալը` այս բոլորը կրնան շեշտել գնահատականի ենթակայական մղումի բաժինը: Սակայն նման պահեր կը թելադրեն հեռու մնալ այդ փորձութենէն:
Պարգեւի տուչութեան արարողութիւնը առիթ չէ նաեւ խոր վերլուծման ենթարկելու Սարգիսի գրականագիտական բեղուն գործունէութիւնը «Բագին»-ի խմբագրակազմի իր անդամակցութեամբ բերած նպաստը, «Ազդակ»-ի գրական էջի խմբագրի նիւթերու համախմբման եւ ներկայացման արուեստը, ու տակաւին` բազմաթիւ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններու հաւաքածոներու հրատարակութեան հանրագումարը եւ լիբանանեան մամուլի գրական բաժանմունքներու հետ իր ունեցած գործակցութեան նկատառելի արդիւնքը: Այս բոլորին մասին Սարգիս Կիրակոսեանը լսած է, կարդացած է ու տակաւին պիտի լսէ ու կարդայ զանազան առիթներու:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրը, որուն հիման վրայ Սարգիս կ՛արժանանայ «Մովսէս Խորենացի» մետալին, կը կեդրոնանայ հանրապետութեան տօնի առիթով, հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած աւանդին վրայ:
Իրօք, ողջունելի է, որ մեր պետութիւնը նկատած է սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի բերած ներդրումը հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու աշխուժացման, համագործակցութեան եւ նոյնիսկ կառուցակարգման աշխատանքին մէջ:
Իր գործընկերներուն հետ միասին Սարգիս Կիրակոսեան նախաձեռնողներէն էր նախ Լիբանանահայ գրողներու միութեան: Համագաղութային այս ներկայացուցչութիւնը անշուշտ ինքնանպատակ չէր. պիտի հետեւէր կամրջումը Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ: Այնուհետեւ, լիբանանահայ Գրողներու այցելութիւնները Երեւան, անոնց աշխուժ եւ բեղուն մասնակցութիւնը համագումարներուն, գրական ժամանակակից խնդիրներուն մասին իւրայատուկ զեկուցումներով հանդէս գալը նոր շունչ պիտի ապահովէր Գրողներու միութեան, որ հետզհետէ ըստ էութեան Հայաստանի Գրողներու միութենէն պիտի սկսէր վերածուիլ Գրողներու համահայկական միութեան:
Կառոյցին նոր բովանդակութիւն ապահովելու աշխատանքը միակողմանի չէր անշուշտ. կրթական, մշակութային եւ լեզուագիտական հարցեր քննարկող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած համագումարներուն ներկայ էին Հայաստանի Գրողներու միութեան ամենակարկառուն ներկայացուցիչները, որոնց մասնակցութիւնը իր հերթին կ՛ամրապնդէր ստեղծուած կամուրջը: Այս աշխատանքին մէջ եւս, իբրեւ համագումարներու կազմակերպիչ, նկատառելի էր մասնակցութիւնը սիրելի Սարգիսին:
Նպատակաուղղուած աշխատանքները կ՛արդիւնաւորուէին, երբ դէտի կամ հիւրի կարգավիճակով հայրենի համագումարներուն մասնակցող սփիւռքահայ գրողներ պաշտօնապէս անդամ կը դառնային Հայաստանի Գրողներու միութեան: Այլոց կարգին, դարձեալ Սարգիսի ձեռագիրը կար այս աշխատանքին տակ:
Այստեղ կանգ չէր առներ Սարգիս Կիրակոսեանի հայրենիք-սփիւռք կամրջումի գործունէութիւնը: Հայկական մշակոյթը դէպի արտաքին աշխարհ ճանաչողականութեան խնդիր ունէր եւ անհրաժեշտ էր սատար կանգնիլ օտարալեզու գրողներու հայրենիքի մէջ համախմբման առաջադրանքի իրականացման աշխատանքներուն: Լիբանանցի նշանաւոր գրողներու այցելութիւնը Երեւան, մասնակցութիւնը բանաստեղծներու միջազգային համագումարներուն, եւ մանաւանդ այդ բոլորին ծանօթացումէն ետք Հայաստանին եւ հայ մշակոյթին ներկայացումը իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կը նշէին, որ առաջադրանքը ծառայած էր իր նպատակին:
Սարգիս Կիրակոսեանին շնորհուող պարգեւին առիթով նախագահի հրամանին մէջ օգտագործուած են հանրապետութեան տօն, հայրենի, սփիւռք, մշակոյթ, աւանդ, Մովսէս Խորենացի բառերն ու անունները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հսկայական խորհուրդ ունի իր մէջ պարփակող: Սարգիս Կիրակոսեանը կ՛արժանանայ մեր պատմութեան նախահօր անունը կրող մետալին հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կապերու համար նկատառելի աւանդ ապահոված ըլլալուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայոց պետականութեան վերականգնման եւ անկախութեան կերտման տօնին առիթով:
Վա՛րձքդ կատար եւ գրիչդ դալար, սիրելի՛ Սարգիս:
Շնորհակալութիւն:
Հրաժեշտի Խօսք*
Կը մեկնին անոնք անժամանակ, կը մեկնին լուռ, առանց ազդանշանի եւ ահաւոր ցաւ մը կը ձգեն իրենց ետին. ցաւ, որ այս տխուր եւ տագնապեցնող օրերուն, այս քաոսին ու անէութեան մէջ փոխարինողներ պիտի չգտնուին անոնց ձգած պարապութիւնը լեցնելու: Անոնք քիչ չեն իրաւամբ: Վերջին 2 տարիներուն լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր գրական աստղահոյլի ամենապայծառ դէմքերը` Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Մանուկեան, Պէպօ Սիմոնեան եւ ահա Սարգիս Կիրակոսեան: Ակամայ, որբութեան զգացում մը կը տիրէ հիմա: Եւ հարցադրում մը` ինքզինք պարտադրող. ո՞վ պիտի գայ ստեղծուած այս բացը գոցելու, այս դատարկ փոսը լեցնելու, ինչպէս պիտի ըսէր Լեւոն Շանթ: Ո՞վ պիտի վերականգնէ լիբանանահայութեան գրական տաճարը եւ կրկին վերածէ զայն սփիւռքի բաբախուն սիրտին, նոր խանդ ու եռանդ ստեղծէ մեր գրական աշխարհին մէջ: Սա հրամայական հարցադրում է այս պահուն, որ կը պարտաւորեցնէ ամբողջ լիբանանահայութիւնը, ի մասնաւորի Համազգայինի մեծ ընտանիքը, որ իրենց մտահոգութեանց ու ծրագիրին կիզակէտը դարձնեն: Ինք, որ Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի երկարամեայ աշխատակիցն ու փոխխմբագիրն էր եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընդմէջէն լուրջ վաստակ ու ներդրում ունէր մեր իմացական ու գրական անդաստանին, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային կեանքին մէջ, ուր ունեցաւ իր ուրոյն տեղն ու դերը, ահաւասիկ կը բաժնուի մեզմէ անժամանակ:
Արդարեւ, տխուր է Համազգայինը այսօր: Տխուր է Համազգայինի մեծ ընտանիքը, տխուր են իր ընկերները, որովհետեւ Սարգիս Կիրակոսեան ամէնուրեք էր, մշակութային թէ գրական ձեռնարկներուն ան միշտ հաւատաւոր զինուորն էր բանի եւ գիրի, իր բոցաշունչ եւ վերասլաց թռիչքով կը փոխադրէր պահը իր արժանի եւ գերագոյն ոլորտներուն: Այդպէս էր Սարգիսը. նոյնիսկ աննշան մանրամասնութիւններուն մէջ ունէր ըսելիք եւ տեսակէտ, առանց մազաչափ մը իսկ զիջելու իր տեսակէտներէն ու արժեչափէն: Այդ խստութիւնը երբեմն հաշտ աչքով կրնար չդիտուիլ, ինք սակայն յամառօրէն կը կառչէր իր չափանիշերուն, երեւոյթ մը, որ կը պարտաւորեցնէր դիմացինը, բայց ոչ` զինք:
Սարգիս Կիրակոսեանի խմբագրած գրական էջը «Ազդակ» օրաթերթի շաբաթօրեայ թիւերուն մէջ գրական վայելքի եւ ըմբոշխնումի էջեր էին, միաժամանակ պարտաւորեցնող չափորոշիչն էր գրական արժանիքներու հաստատման իր խստապահանջ կեցուածքին: Հայ գրողի սրբազան առաքելութեան հաւատամքը` կը սահմանէր իր չափանիշերը` ընդունելու կամ մերժելու գրող մը կամ գործ մը եւ այդ իմաստով խիստ էր եւ անդրդուելի, կարծէք ի վերուստ իրեն տրուած պարտականութեան գիտակցութեամբ, այն ըմբռնումով, որ ինչ որ ժամանակի հովերուն տոկալու ատակ արժէք չէ, պէտք է զոհել եւ չսակարկել գրականութիւնը այլ հաշիւներու եւ շահերու: Այս իմաստով Սարգիս մնաց Համազգային մշակութային միութեան հիմնադիրներ` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի արժէքային համակարգի եւ սկզբունքներու անխոնջ նուիրեալն ու հաւատարիմ երկրպագուն:
Վերջին տարիներուն Սարգիս Կիրակոսեան եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասատուն. դժուար առաքելութիւն մը, հոգեւոր-իմացական այդ դարբնոցին մէջ ինքզինք հաստատելու եւ սերունդներ պատրաստելու երախտաշատ առաքելութեան մէջ: Եղաւ կաթողիկոսարանի հայագիտական-կրթական բաժանմունքի վարիչը, ուր եղաւ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին ծրագիրներուն գործակիցը, այդ աշխատանքին ընդմէջէն նոր հորիզոն բացաւ հայ գրողներու համագումարներու ճամբով Հայաստան-Սփիւռք գրական կամրջումին մէջ: Ինքն էր շարժիչը եւ մղիչ ուժը եւ իր ծանօթութիւններուն ու հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ յաջողեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամագրել սփիւռքահայ գրողներու պատկառելի հոյլ մը, Լիբանանահայ գրական համախմբումի քարտուղարի իր հանգամանքով, առանց թերագնահատելու վաստակը իր գործընկերներուն, որոնք իրեն հետ միասին ոսկեայ կամարներով կամրջեցին հայրենիքն ու սփիւռքը: Ինք կը հաւատար այն սրբազան գաղափարին, որ հայ գրողը մէ՛կ է, հայ գրականութիւնը մէ՛կ է, հայ լեզուն մէ՛կ է, եւ արուեստական են Հայաստան եւ սփիւռք բաժանարար հասկացողութիւնները: Յաջողեցաւ այդ առաքելութեան մէջ, շնորհիւ իր մտերիմ գրչեղբօր` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի հետ սերտ եւ ջերմ գործակցութեան. ցաւալին եղաւ այն, որ Լեւոն Անանեան վաղաժամ եւ անակնկալ մահէն ետք Սարգիս Կիրակոսեանը հարուածած մահացու ախտը, ցաւալի, բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը զինք կը միացնէ իր սիրելի գրչեղբօրը` երկնային դրախտներուն մէջ: Կարծէք Անանեան, չդիմանալով, կանչեց Սարգիս, որպէսզի մինակ չմնայ… եւ Սարգիս ընդառաջեց այդ կանչին: Կեանքի կապը վերածուեցաւ ճակատագիրի կապի:
Վերջին տարիներուն կաթողիկոսարանի համասփիւռքեան կրթական համագումարները դարձան այն ամպիոնը, ուր արեւմտահայերէնի պահպանումն ու անոր հարցերը դարձան օրակարգ եւ խնդիր, ուր Սարգիս Կիրակոսեան իր նախանձախնդիր եւ անզիջող կեցուածքներով մնաց արեւմտահայերէնի ռահվիրան` յաչս զայն գրոհող փոթորիկներուն: Նոյնը եւ հայերէնի խտացեալ դասընթացքներու եւ «Խաչիկ Պապիկեան» ուսանողական մրցանքներու կազմակերպման ու հետեւողական աշխատանքին մէջ: Իսկ Հայաստան-սփիւռք գրական թէ կրթական համագումարներուն ան ջերմ ու հաւատաւոր պաշտպանն էր Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատման` հայրենիքի մէջ: Այդ երազն էր եւ նպատակը Սարգիս Կիրակոսեանին, որովհետեւ գիտէր, որ խորհրդային արհեստական շղթաները պէտք էր վերացուէին ի սպառ, եւ հայ լեզուն պէտք էր վերադառնար իր մեսրոպեան հարազատ ակունքներուն, այլապէս պիտի մնար գերին` զինք ջլատող կեղծ ու արհեստական բոլոր բաժանումներուն:
Գնաց գրողը, մնաց իր գործը: Վերջին ամիսներուն եւ, հակառակ իր խստապահանջութեան, նոյնիսկ ինքն իր գործերուն հանդէպ, ան ժրաջան կերպով նախաձեռնեցիր «Ականեալ Ձայներ» բանաստեղծական 3-րդ գիրքի հրապարակման, որ կարծէք վաղաժամ մահուան նախապատրաստուող եւ ապերախտ այս կեանքին դիմաց արձակուած փամփուշտն էր, որ պիտի արձագանգէր ամայութեան մէջ, իր ձայնը լսելի դարձնելու աստ ու անդ: Գնաց գրողը, մնաց գործը: Խմբագրական թէ թարգմանական բազում իր գործերը կը մնան արժանաւոր բանաստեղծի, վաւերական մտաւորականի իր վկայարանները, որոնք երկար ժամանակ պիտի լուսաւորեն մեր գրական դաշտը: Գնաց գրողը, մնաց գործը:
Մնաց բանաստեղծութեան տաճարը, զոր կերտեց իր արիւնով ու մարմնով, իր երազներով ու տագնապներով, հաւատարմօրէ՛ն, համբերութեա՛մբ եւ ամենա՛յն բծախնդրութեամբ, բառին ու խօսքին հանդէպ ունեցած երկրպագութեան աստիճանի իր մոլեռանդութեամբ ու նուիրումով, հաւատքով եւ պրկումով, խիզախութեամբ ու նուիրումով, որովհետեւ գիտէր ուրիշներէն աւելի, թէ բանաստեղծին կեանքն ու աշխարհը միջոց են միայն անմահութեան ճամբուն վրայ, բառին եւ գիրին շունչով ու ոգիով յագեցած:
Ոչ եւս է Սարգիս Կիրակոսեան: Հրաժեշտ կ՛առնենք իրմէ հիմա: Երէկ ուրիշներ մեկնեցան. գացին ու մեր հոգիներուն մէջ ձգեցին կորուստին ցաւը: Ակամայ շարունակեցինք ու պիտի շարունակենք, բայց իւրաքանչիւր կորուստ աստղի չափ պարապ մը կը ձգէ մեր կեանքին մէջ: Այդ պարապը ոչ ոք կրնայ լեցնել, ո՛չ իսկ ժամանակը, բայց կը վարժուինք նայիլ անոր ամէն անգամ որ մեր աչքերը կը փակենք եւ կը նայինք անծայրածիր այս անջրպետին` յուսալով, որ անոնք պիտի լուսաւորեն մեր գիշերները:
Ոչ եւս է Սարգիս Կիրակոսեան. Վիքթոր Հիւկոյէն իր մէջբերած խօսքը «Ականեալ ձայներ» գիրքին սկիզբը կարծէք կը մնայ իր վերջին խօսքը մեզի, հո՛ս, այստեղ.-
«Շիրիմը, որ մեռնողին վրայ կը գոցուի, երկինքը կը բանայ: Աներկիւղ կը դիտեմ յաւերժական ստուերներու գերեզմանը, որովհետեւ գիտեմ, որ եթէ մարմինը հոն բանտ մը կը գտնէ, հոգին` թեւեր»:
Մնաս բարով, սիրելի՛ Սարգիս: Ժամն է ազատ թռիչքիդ դէպի յաւերժութիւն: Ձայնդ արդէն կը լսենք այդ անհուններէն:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
23/7/2015
——————————————-
Դամբանական` արտասանուած Սարգիս Կիրակոսեանի թաղման ընթացքին:
Ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանի
Յիշատակին
Սակաւադէպ է լինում, երբ կեանքում առաջին անգամ հանդիպում ես նոր անձանց, իսկ նրանց հետ ծանօթանալուց եւ մտքեր ու գաղափարներ փոխանակելուց յետոյ զգում ես, որ ճանաչելու եւ նրանց հետ բարեկամանալու համար տարիների ընկերութիւն ու մտերմութիւն հաստատելը երբեք անհրաժեշտութիւն չի համարուել: Եւ համոզւում ես, որ իրօք, նրանք քո վաղեմի ընկերներն ու բարեկամներն են եղել, որոնց մինչ այդ չգիտէիր:
Այդ սակաւաթիւ անձերից էր ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանը, որին առաջին անգամ հանդիպեցի 2008 թուականի յուլիսի 17-ին, երբ մասնակցեցի Պիքֆայայում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական Բ. համագումարին, եւ որի նիստերի գլխաւոր ղեկավարներից ու համակարգողներից էր ինքը` ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանը: Շուրջ մէկ շաբաթ տեւած մեր ծանօթութիւնը եւ նրա ցուցաբերած սրտաջերմ ու անկեղծ վերաբերմունքը վերահաստատեցին իմ այն համոզմունքը, որ մենք ո՛չ թէ նոր, այլ գաղափարակից վաղեմի հին ընկերներ ու բարեկամներ ենք եղել: Համագումարի նիստերից յետոյ մեր ունեցած ընկերական յաճախակի զրոյցներն եւ մտքերի ու կարծիքների փոխանակումները ինձ մօտ յայտնաբերեցին գաղափարապաշտ, հաւատաւոր դաշնակցականի, բարձրախոհ մտաւորականի, վաստակաշատ ուսուցչի, բարձրորակ գրականագէտի եւ հոգեկան ու զգացական բնութագրով բանաստեղծի կերպարը` յանձինս ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանի:
Բանաստեղծական հոգեգրաւ աշխարհն էլ դարձաւ մեր յաճախակի զրոյցների առանցքը: Նուիրեց «Օրհներգութիւն մեծասքանչին» իր կազմած ու խմբագրած նոր գիրքը, որը հայոց լեզուին ձօնուած հայ բանաստեղծների եւ արձակագիրների ստուարածաւալ ժողովածու էր: Մոգական ինքնատարուած հնչեղութեամբ էր արտայայտւում բանաստեղծութեան մասին: Այդպէս էլ տպաւորուեցի: Իրական բանաստեղծի հոգով էր ապրում ընկեր Սարգիսը:
Կրթական համագումարի հետ կապուած ուշագրաւ ծրագրեր ու մտադրութիւններ ունէր նա: Իր տան դէպի ձորամիջի գեղատեսիլ համայնապատկերին նայող պատշգամբում նստած` մտերմիկ զրոյց ունեցայ իր հետ այդ ծրագրերի մասին: Խօսեցինք սփիւռքի հայկական վարժարաններում հայերէնի մակարդակի բարելաւման ու որակաւորման մասին: Ընկեր Սարգիսը մեծ հեռանկարներ ունէր այդ ուղղութեամբ եւ ափսոսանքով էր խօսում հայապահպանման այդ կարգի հարցերին բոլորիս կողմից ուշացումով անդրադառնալու մասին:
Առաջին անգամ էր, որ Լիբանան էի այցելում: Վաղուց ցանկութիւն ունէի տեսնել Պէյրութը, մասնաւորաբար` «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը, Պուրճ Համուտն ու Այնճարը: Այդ վաղեմի ցանկութիւնս ընկերական ջերմ սիրով իրականացրեց ընկեր Սարգիսը: Իր ինքնաշարժով Պէյրութում շրջելիս ընկեր Սարգիսը մատնանշում էր հայկական միութիւնների ու հաստատութիւնների շէնքերը, որոնց ընդարձակ տարածութիւններին նայելիս համոզուեցի, որ Պէյրութի կէսից աւելին պատկանում է հայութեանը… Իսկ Այնճարը միանշանակ հայկական տարածք է, մի փոքրիկ Հայաստան` Լիբանանի երկնակամարի ներքոյ…
Ընկեր Սարգիսը սիրում էր Լիբանանը: Լիբանանահայ կեանքը անքակտելի թելերով կապուած էր զգում իր ոգու հետ, թէեւ հայրենիքն ու հայրենի հողը անզուգական, նուիրական սրբութիւններ էին իր էութեան համար: Այդպէս էլ ասաց: Ստեղծաբանութեան աշխարհ էր համարում իր ապրած միջավայրը, ուր առ յաւերժ փակեց իր աչքերը եւ ամփոփուեց իր մարմինը: Ինքն էլ զգում էր մահուան ստուերը, այդպէս էլ գրեց.
«Այս անգամ
մահը որքա՜ն մօտ էր քեզի
այն աստիճան որ քեզի հետ նկարուեցաւ
վերջին ժպիտն իր լայն բացած
կեանքի ոսպնեակին»
Իր դառնաղէտ մահուանից չորս օր առաջ մակագրել եւ ինձ էր նուիրել իր բանաստեղծութիւնների «Անկեալ ձայներ» խորագրով նոր գրքից մի օրինակ, որը ստացայ Պէյրութից այստեղ վերադարձած ընկերոջս` Գէորգ Սարգիսեանի ձեռամբ: Մակագրութիւնը կրում էր 17 յուլիս 2015 թուականը: Ի՜նչ զարմանալի զուգադիպութիւն: Չէ՞ որ ընկեր Սարգիսին առաջին անգամ հանդիպեցի ուղիղ եօթը տարի առաջ` 17 յուլիս 2008 թուականին…
Կեանքի անբաժանելի մասն է մահը: Այնուամենայնիւ, ինչպէս կրկնել եմ բազմիցս, երբ մեզանից հեռանում են հայ դպրութեանն ու մշակոյթին նուիրուած այնպիսի արժանավայել դէմքեր, ինչպիսին էր ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանը, դժուարանում ու տատամսում եմ վերահաստատել այդ իրողութիւնը:
Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններն եմ յայտնում ընկեր Սարգիսի ընտանեկան պարագաներին, հարազատներին ու ընկերներին` համոզուած լինելով, որ նրա յիշատակը մշտավառ կը մնայ իր գրական ժառանգութեան շնորհիւ:
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Կլենտէյլ
27 յուլիս 2015
Մի Բուռ Հայաստան`
Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ
Իսկ վերջին երեկոն անցկացրեցինք Հրայր Մարուխեան կոմիտէութիւնում, ուր Արտաշէսը իր հին ընկերների հետ զրոյցի բռնուեց, իսկ ես հանդիպեցի հարազատ հոգու` հրաշալի բանաստեղծ, հայեացքը առմիշտ մայր Հայաստանին յառած Սարգիս Կիրակոսեանին, եւ մեր զրոյցը գրական թեքումով ընթացաւ: (Ցաւօք, մեր գալուց օրեր անց, մաքառելով ծանր հիւանդութեան դէմ, նա հոգին աւանդեց, եւ վիճակուած չէր հանդիպել Երեւանում` սեպտեմբերին պիտի գամ, ասում էր…):
ԿԱՐԻՆԷ ԱՇՈՒՂԵԱՆ
(Հատուած)
Սրտի Խօսք Սագոյին
Վաղաժամ Մեկնումին Առիթով
Հեռաւոր եւ մեկուսի քաղաքի մը մէջ, համացանցը իր բազմակողմանի միջոցներով, վայրկեանը վայրկեանին կը պահէ ու կը կապէ քեզ երկրագունդի վրայ ցրուած հարազատներուդ, ընկերներուդ եւ բարեկամներուդ հետ` յետին տեղեկութիւններով, երբեմն ալ անտեղի մանրամասնութիւններով բեռնաւորելով առօրեայ մուտքդ եւ թղթատումներդ:
Ուրախութեամբ եւ հրճուանքով հետեւելէ ետք սիրելի ընկերոջս «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրուելու հանդիսութեան, Սագոյին գունաթափ դէմքը ցնցեց զիս, սովորական նիհարութեան եւ հերաթափումի վիճակ չէր, կը մատնէր անողոք հիւանդութեան մը ուրուականը, կողքին Շողիկին տխուր ժպիտը կու գար կասկածս համոզումի վերածելու:
Յոյսով, որ սխալած կրնամ ըլլալ, դիմեցի Հրայր Ֆերմանեանին, հաստատեց կասկածս` թելադրելով, որ բան մը չըսեմ կամ այս մասին չխօսիմ Սագոյին հետ… եւ ինչպէ՞ս խօսէի կամ ի՞նչ ըսէի:
Այս առաւօտ անխուսափելի գոյժը առաջնահերթութեամբ տրուած էր «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ: Կանո՜ւխ էր կանո՛ւխ, հարիւրամեակ մը առաջ Մեծարենցի, Զարիֆեանի, Դուրեանի նման, ժամանակակից անողոք հիւանդութիւն ալ կու գար իրեն հետ տանելու արդի բանաստեղծի մը անաւարտ երգը:
Յիշողութիւնս ետդարձ մը ըրաւ քառասունվեց տարիներ, Հալէպ, Թիլելի ակումբի մեր պատանեկան միութեան սենեակը, Սագոն` երէց պատանի, դասախօս եւ դաստիարակ, Ճեմարանի ԺԱ. կարգի աշակերտ, մենք նորընծաներ` Քարէն Եփփէի կրթարանին մէջ:
Սագոյին հայրը Հալէպի մէջ յայտնի մեքինիստ էր, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն, յատկապէս մայրաքաղաքի վերնախաւը իրեն կը դիմէին իրենց ինքնաշարժներու բարդ խանգարումներու նորոգութեան համար: Ինչպէս բոլոր հայրերը, վարպետ Կարապետն ալ ամառնային արձակուրդներուն Սագոն իրեն հետ կը տանէր որպէս սկսնակ աշկերտ, գործիքներուն հետ ան կը մտներ ինքնաշարժին տակ եւ պտուտակներ քակելու փոխան` իրեն հետ տարած գիրքը գաղտնաբար կը կարդար. ի վերջոյ հայրն ալ համոզուեցաւ, որ այս տղան արհեստի ատակ չէ, կրտսեր եղբայրները` Զոհրապն ու Արմէնը, արդարացուցին իրենց լուսահոգի հօր բաղձանքը եւ անոր արժանաւոր յաջորդները հանդիսացան:
Ճեմարանաւարտ Սագոն հայագիտական բարձրագոյն ուսման հետեւելու նպատակով մեկնեցաւ Պէյրութ ու հաստատուեցաւ հոն` միշտ կապի մէջ մնալով իր ծննդավայրին եւ ընկերական շրջանակին հետ:
Օր մըն ալ, որպէս արժանաւոր զաւակ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, բանաստեղծական իր ստեղծագործ շունչով յօրինեց մեր պաշտելի կրթարանին քայլերգը, միշտ հաւատարիմ մնալով իր հալէպահայու ծագումին, որպէս եզակի օրինակ:
Յաճախակի Պէյրութ այցելութիւններուս առիթ կը ստեղծէի այցելել «Բագին»-ի խմբագրատուն, վերջին տարիներուն ալ` կաթողիկոսարանի իր գրասենեակը, սովորական որպիսութեան կամ տեղւոյն անցուդարձերուն մասին զրոյցի կողքին, կը հետաքրքրուէր նոր հրատարակութիւններով, յատկապէս` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, խորհրդահայ հրատարակութիւնները չէին հասներ Պէյրութ, մինչ մենք հերթականօրէն կը ստանայինք, բնականաբար` մենաշնորհեալ ներկայացուցիչներու ճամբով, այդ օրերուն էր, որ առիթով մը ըսաւ. «Ռոլանդ Շառոյեան անունին եթէ հանդիպիս, անպայման նկատի ունեցիր, Աշնակ ծնած սասունցի ընտանիքի զաւակ, երիտասարդ գրող մըն է»:
Նոյն պահուն պայուսակէս հանեցի հեղինակին «Մառախուղ» հատորը, որ նոր հասած էր, չէի կրնար երեւակայել, թէ անսահման ուրախութիւն պիտի պատճառէի իրեն, այդ տարիներէն ան կամուրջ մը նետած էր հայրենի գաղափարակից գրողներու հետ, թէեւ այս կէտին մէջ աւագ խմբագիր Պօղոս Սնապեանը ամբողջովին չէր համոզուած:
Աւելի ուշ Հայաստանի եւ սփիւռքի գրողներու մերձեցման նախաձեռնողն ու գործնական քայլերու իրագործման աշխատանքով ծանօթ անուն մըն էր բոլորին կողմէ` «խօսքը առանց գործի մեռեալ է» նշանաբանի սկզբունքէն մեկնած:
ՀՅԴ հարիւրամեակի փառաշուք տօնակատարութիւններու շաբաթ մը ապրեցաւ Հալէպ քաղաքը, հայրենի բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին կարդաց իր «Հայոց արծիւը թեւը չի ծալում» նորաստեղծ կտորը, ներկայ էր նաեւ արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեան ասմունքող` Անդրանիկ Խաչատրեան: Իսկ Պէյրութէն` Պօղոս Սնապեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, որուն ՀՅԴ հարիւրամեայ մամուլի ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ այս առիթով:
Իր գրական եւ կրթական ասպարէզի հմտութեան կողքին, Սագոն յարաբերութիւններ ստեղծելու արժանիքին կը տիրապետէր, արաբական ժամանակակից գրական շրջանակին հետ իր կապերը աննախընթաց էին, յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսեմ անոնց անդրադարձը իր մահուան մասին:
Բոլոր շրջանակներու հետ յարաբերութիւններ ստեղծող մտաւորականի իր յատկութեան կողքին, անշեղ եւ հաւատարիմ էր իր գաղափարապաշտ սկզբունքներուն:
Պատերազմի թէժ տարիներուն իր առջինեկին` Նարեկին կորուստի կսկիծէն ետք, Արամին ծնունդի ուրախութիւնը ապրեցանք իրեն հետ Հալէպի մէջ:
Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու սիրուած դասախօսն էր ազգային կամ կուսակցական առիթներով, «միշտ պատրաստ» ծառայելու սկզբունքը որպէս նշանաբան ունենալով:
Իր գրական եւ գեղարուեստական վայելչութեան առընթեր, քիմքի ճաշակի տէր էր, թէեւ սակաւակեր, սակայն Հալէպի համադամ ճաշերու եւ իւրաքանչիւր եղանակի իւրայատուկ բերքին քաջատեղեակ, Պէյրութ ապրելով` անմասն չէր մնար այդ հաճոյքէն:
Ընտանեկան պարագաներու ուրախ եւ տխուր առիթներով ծննդավայր կ՛այցելէր, փոխադարձաբար ես ալ կը վայելէի գրատունս յաճախելու պատեհութիւնը:
2013 տարին գրեթէ ամբողջութեամբ ապրեցայ Պէյրութ, կաթողիկոսարանի մատենադարան առօրեայ այցելութիւններուս միշտ կը հանդիպէի Սագոյին, երբեմն ինք հարցուցած կ՛ըլլար իմ մասիս, եթէ քանի մը օր չտեսնէինք զիրար` Հալէպի ընկերական շրջանակի զրկանքիս վէրքն սփոփող բալասանը հանդիսանալով:
Հիմա հեռաւոր Ժընեւի մէջ իր վաղաժամ մեկնումի բալասանը չունիմ, իր գրական վաստակին մասին շատ բան պիտի գրուի, սակայն վերոնշեալ յուշերու յիշատակութիւնը խղճի պարտքս է` փոխան վերջին հրաժեշտի, բացակայութեանս:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
ժընեւ
Սարգիս Կիրակոսեանն
Ու Ճեմարանի Քայլերգը
«Տղա՛ք, Ճեմարանը իր քայլերգը ունեցաւ. աւելի քան 50 տարուան մարդակերտումի այս ամրոցը ասկէ ետք քայլե՛րգ ունի»: Մեծ ոգեւորութեամբ մը ու քայլերգին բառերուն թուղթը ձեռքին դասարան մտաւ այդ օրերու մեր երաժշտութեան ուսուցիչ պրն. Վահէն:
Ուսուցիչը նո՛յն ոգեւորութեամբ թուղթերը ցրուելու սկսաւ: Քայլերգին տակը «խօսք` Սարգիս Կիրակոսեան» գրուած էր: Այդ պահուն դասարանին մէջ պոռչտուք մը ծայր առաւ: «Քայլերգին հեղինակը պրն. Սարգի՞սն է, պարո՛ն» բացագանչեցինք բոլորս: «Այո՛, պրն. Կիրակոսեանն է», պատասխանեց ուսուցիչը ու շարունակեց թուղթերը ցրուել:
«Մե՛ր դաստիարակ-հսկիչ պրն. Սարգիս Կիրակոսեա՞նը», ուսուցիչին աշխատանքը ընդհատեցինք նորէն: Ուսուցիչը պահ մը կանգ առաւ ու շարունակեց. «Ո՛չ, տղա՛ք, մեր պրն. Սարգիսը չէ հեղինակը, այլ` լիբանանահայ բանաստեղծ պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը»:
«Մեր» ըսելով` նկատի ունէինք այդ օրերու Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 9-րդ կարգի դաստիարակ-հսկիչ պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Կը սիրէինք պրն. Սարգիսը, ընկերային ու հանդարտաբարոյ դաստիարակ մըն էր: Թերեւս անուններու նոյնութեան զուգադիպութեան պատճառով բոլորս մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցինք քայլերգի հեղինակին նկատմամբ: Երեւոյթ մը, որ բնաւ չէր պատահած ասկէ առաջ: Շատ երգեր սորված էինք, բայց անոնց հեղինակներուն մասին դժուար թէ հետաքրքրուէինք:
– «Հօրեղբօրորդի՞ են արդեօք», շարունակեցինք, սակայն մեր հարցումը անպատասխան մնաց, եւ ուսուցիչը սկսաւ քայլերգին բառերը բացատրելու եւ երգը սորվեցնելու:
Չորս տուներէ բաղկացած քայլերգին բառերը վարպետօրէն իրենց մէջ կ՛ամփոփէին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին պատմութիւնը, առաքելութիւնն ու նպատակը: Պրն. Կիրակոսեանը սփիւռքահայ մարդու, հայ ուսուցիչի, հայ մշակի, հայ բանաստեղծի ու հայ մտաւորականի իր կոչումին ու փորձառութեան շնորհիւ` լաւ գիտէր հայ դպրոցին, ազգային վարժարաններուն եւ ճեմարաններուն ունեցած անփոխարինելի դերակատարութիւնը: Հետեւաբար մարդ կրնայ ենթադրել, թէ այդքան ալ դժուար պիտի չըլլայ հայ դպրոցի մը քայլերգ գրելը: Բայց միա՛յն ճեմարանաւարտ մը կրնար այդքա՛ն հոգեհարազատօրէն ու ճշգրտութեամբ արտայայտուիլ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մասին: Միա՛յն Ճեմարանի քարաշէն պատերուն տակ հասակ առնողը, Ճեմարանի եզակի հմայքն ու ներգործութիւնը վայելողը, ճեմարանի ազգային առողջ մթնոլորտը ըմբոշխնողը, անոր ջերմ համն ու հոտը ճաշակողը այդքա՛ն դիպուկ կրնայ արտայայտուիլ, եւ պրն. Կիրակոսեանը` որպէս եփփէական ճեմարանաւարտ, լաւագոյնս ստեղծագործած էր այս առումով ու երախտագիտութիւն յայտնած` իր սիրելի Ճեմարանին:
Աշակերտներուս համար քայլերգին մէջ դժուար բառեր կային, բայց այդ բառերուն բացատրութիւնները ստանալէ ետք աւելի հասկցանք բովանդակութիւնը: Ի միջի այլոց, բառերուն մէջ, տեղ մը «հայկազեան» բառը կար: «Հայկազեան» բառը իր իսկական իմաստէն աւելի` հալէպցիներուս մօտ Ազգ. Հայկազեան վարժարան կը խորհրդանշէ: Եւ ահա, Ճեմարանին մէջ տարբեր ազգային ու հայկական վարժարաններէ եկող աշակերտներուն միջեւ մանկական վիճաբանութիւն մը կը սկսի: Ազգ. Հայկազեան նախակրթարանի շրջանաւարտները կը սկսին հպարտանալ, որ քայլերգին մէջ իրենց վարժարանին անունը կայ եւ մնացեալ` Ազգ. Սահակեան, Ազգ. Զաւարեան, Ազգ. Մեսրոպեան, Ազգ. Կիւլպէնկեան, Կրթասիրաց, Զուարթնոց, Բեթել, եւ այլ հայկական վարժարաններուն մասին յիշատակում չկայ: Ի՜նչ անմեղ ու մանկական երկխօսութիւններ էին… Օ՜հ այդ օրերուն հալէպահայութիւնը իր դրական օրերը կ՛ապրէր: Խաղաղութի՜ւն, հոծ թիւով հայ աշակերտութիւն եւ վարժարաններու միջեւ բարի մրցակցութիւն կար:
Ուրեմն, քայլերգը պաշտօնականօրէն առաջին անգամ երգելու առիթը մեզի շնորհուեցաւ: Մենք, 9-րդ կարգի 220 շրջանաւարտներս, Ճեմարանի պատմական բակին մէջ, երկու հազար հաշուող բազմութեան եւ Լիբանանէն ժամանած քայլերգին հեղինակին ներկայութեամբ հնչեցուցինք քայլերգը: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ քայլերգին հեղինակը, որ մաքրամաքուր հայերէնով ոգեւորիչ խօսք մը արտասանեց: Հո՛ն տեսանք, թէ ո՛վ է «միւս» պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Ան իր կազմուածքով բնաւ չէր նմաներ «մեր» պրն. Սարգիսին: Մերը` կլորադէմ, գիրուկի վրայ, միջահասակ մարդ մըն էր, իսկ Լիբանանէն եկող պրն. Կիրակոսեանը նրբակազմ ու երկարահասակ էր:
Մեր հանդէսին յաջորդեցին տասնեակ մը հանդէսներ եւ, հանդէսներու կողքին, ամէն պաշտօնական արարողութեան, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը երգե՛ց ու կը շարունակէ երգել պրն. Կիրակոսեանին հեղինակած Ճեմարանի քայլերգը: Այսօր, Հալէպի ճեմարանցիք, պատերազմի պատճառով զրկուած են իրենց պատմական կառոյցին մէջ ուսում ստանալէ, զրկուած են Ճեմարանի բակին մէջ ամավերջի հանդիսութիւններ կազմակերպելէ, բայց ո՛ւր որ ալ ըլլան, կը շարունակեն սորվիլ ու անմահ պահել ճեմարանի քայլերգը:
Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը, սփիւռքահայ իրականութեան, սփիւռքահայ գրականութեան, կրթամշակութային ու հասարակական ոլորտներուն մէջ իր անուրանալի վաստակն ու դրոշմը ձգած, հանգիստ խիղճով կը մեկնի երկրաւոր այս կեանքէն: Կը մնայ տէր կանգնիլ պրն. Կիրակոսեանին եւ իր նմաններուն թողած ժառանգութեան: Պրն. Կիրակոսեանը հանգիստ կրնայ ննջել, այնքան ատեն որ իր գործերը մեր մէջ կ՛ապրին ու հասանելի կը դառնան հայրենի եւ սփիւռքեան նոր սերունդներուն: Պրն. Կիրակոսեանը հանգիստ կը ննջէ, այնքան ատեն որ հալէպաբնակ թէ աշխարհասփիւռ եփփէական ճեմարանցիք կը շարունակեն բարձրաձայն երգել`
«Նահատակաց բիւր կանչերէն արնավառ,
Ուխտը ձերին վերզարդնեց տիրաբար
եւ խորհուրդը մեր պատմութեան յաղթական
դարձաւ տեսիլք երթ ու թռիչք Ճեմարա՛ն:
Մեր ինքնութեան դու ով դրօշ ու վահան,
Անմար փարոս բերդ ու տաճար հայկազեան,
Պիտի երգենք մենք միշտ փառքդ անվախճան
Օտարութեան մրրիկներու դէմ դաժան…»:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Այսր, Անդր
Վերնագիրս թերեւս փրկէ զիս ընթացիկ, տխուր մահագրութիւն մը արձանագրելու ճնշող պարտաւորութենէն: Սագոն` նմանօրինակ «հոգու» պարտքերը անտրտունջ հատուցողը, մայրավանքի մութ բակին մէջ, դասապահերու աւարտին, Արփիկին դամբանականը յանձնելուն, մանրամասնութիւնները կարեւորող իր խօսելաոճով դողդողացող սրտիս կը պատմէր, թէ դամբանականը գրելուն, Աստուծոյ հետ դիմառնական ոճով երկար վիճելէ ետք տեղի տուած էր, բայց չէր յաջողած խաղաղիլ: Դամբանականը ներկայացուցած պահուն ինքնաբուխ հեղեղումով յաճախ շեղած էր հունէն: Ստացածս երբեք հարազատ չէր արտասանուածին եւ կը խոստանար, համբերատար իր բարութեամբ, յարմար առիթը ներկայանալուն` վերախմբագրել, հարազատութիւնը պահպանելու համար:
Պատանեկան տարիքի ծանօթ մեծախօսութեամբ, մօտակայ եկեղեցւոյ ղօղանջը երբ թաղում մը կը գուժէր, արտասովոր շրջանցելով կ՛ըսէինք, թէ «նորէն մէկը մոռցած է շունչ առնել»: Կեանքը գոյնզգոյն էր, հաճելի կատակ ու մահուան զգացողութիւնը այնքան հեռու աշակերտական մեր գրասեղաններէն:
«Մարդկային շունչ», «Մահուան դէմ անզօր կռիւ»` հասկնալի չդարձան դառն փորձառութիւններու բովէն անցնելէ ետք իսկ, անհեթեթ դարձնելու միամիտ կատակը: Իւրաքանչիւր փորուած նոր փոսի հետ բացուեցան հոգիի նոր ճեղքեր ու գոյատեւումը կարելի դարձաւ յիշատակներու թելերու կարկտանով, մանաւանդ այն բառերով, դարձուածքներով, զորս հեռացածները իւրայատուկ պարագային ուրոյն ոճով կը դրսեւորէին: Բառերուն կրկնութիւնը ստեղծեցին պատրանք` զանոնք կողքիդ զգալու, պահը դիմագրաւելու քաջութիւնը ունենալու:
Սագոյին օգտագործած բառարանային ճոխութեամբ բառապաշարը առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ մը կրնայ դառնալ: Բանալի բառը` զինք բնորոշող, կենդանացնող` «լուցկիի ցպիկի» ցոլացումով պարզեց «այսր»-ն ու «անդր»-ը…
Ժողովի մը Սագոյին դարձեալ վերապահուած էր բանաձեւի յանձնախումբի անդամ ըլլալը: Յանձնախումբի անդամներն իսկ, որոնք Սագոյին վստահած էին դժուարին պարտականութիւնը, ժողովականներուն չափ զարմացան, երբ Սագոն կարդաց խմբագրած իր բանաձեւերը: Մեծ էր հիասթափութիւնը: Ըստ ձեւի, ըստ էութեան խօսք առնողները, մարգրիտի պէս իրենց մտածումները շարողները, հետք մը չէին գտներ իրենց խօսածներէն: Դեռ աւելի՛ն. գայթակղեցնող «անդրսիրողական» մըն ալ կար բանաձեւի մը մէջ, որ չէր հնչած ժողովի լրիւ տեւողութեան: Սագոն ի զուր փորձեց բացատրել, որ քանի մը լսուած արտայայտութիւններու ամփոփումը կը ներկայացնէր այդ բառը, ապա խաղաղեցնելու համար ժողովականները` բանաստեղծաբոյր այդ բառը վերածեց արձակի եւ երեք նոր նախադասութիւններով պարզաբանեց հանելուկը:
«Այսր»-ն ու «Անդր»-ը միշտ ներկայ էին Սագոյին կեանքին մէջ: Ընթացիկ խօսակցութիւն մը յանկարծ կը փոխէր իր ուղղութիւնը եւ կը բացուէր դէպի բանաստեղծական, ոչ երկրային ոլորտ մը: Հայր էր, ուսուցիչ, խմբագիր, ընկեր, կրթական պատասխանատու, հեղինակ, անդամ մարմիններու եւ հարազատ ներկայութիւն, ո՛ւր ալ գտնուէր: Աշխատասեղանին վրայ, բնաւ զարմանալի չէր, որ նիշերը, հարցարանները կորսուած ըլլային բանաստեղծութիւններու ծալքերուն տակ: «Հա՛, ի՞նչ պիտի ըսէի»-ն պատասխանը, յայտնաբերուած թուղթը չէր ըլլար, այլ ուրիշ նիւթ մը, որ երբեք կապ կրնար չունենալ սկզբնական խօսակցութեան հետ:
Սագոն, ամէն ինչ իր օրէնքով ընելու աւանդապահութեամբ, արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքի տարեշրջանն ալ ծրագրած էր ընդունուած կարգով, ուսանողներու հետ պտոյտով մը եզրափակել: Առողջական պայմանները, հակառակ իր լաւատեսութեան, պէտք չէր ներշնչէին զինք նման ծրագիր մը մշակելու: Ակամայ ուղղուեցայ մայրավանք` շուտով տուն դառնալու մեծ յոյսով:
Ըսին, թէ Թորոսին սենեակը քնացած է ու ինծի վիճակուեցաւ պարտականութիւնը զինք արթնցնելու: Հազիւ անունը լսած` ձիւնի պէս ճերմակ հաստ գուլպաներով ոտքերը մեծ ճիգով շարժեց, գաւազանը փնտռեց եւ հասաւ պատմելու, թէ շուտով եռոտանի գաւազանով աւելի հանգիստ քալելու կարելիութիւնը պիտի ունենայ: Տուն դառնալու կարելիութիւնը չքացած էր:
«Այսր» ու «Անդր» էր ճակատագրական վերջին պտոյտը, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները ուրուագծած էր Սագոն: Բարեբախտաբար Հրաչն ու իր ինքնաշարժը հասան օգնութեան եւ քիչ մը աւելի խոհեմ քայլ մը առած ըլլալու գոհունակութեամբ, հետեւեցանք ուսանողներու հանրակառքին:
Հասանք Այնթուրա: Սագոն մոռցաւ իր դժգոհանքը, որ ուսանողները ծաղիկ չէին տարած: Որբուկներուն գերեզմանը պարուրուեցաւ խունկի գուլաներով, իսկ Սիլվային սրտառուչ «Տէր ողորմեա»-ն պահը կրկնակիօրէն իմաստաւորեց: Չոքած քարի մը վրայ, օգնութեան ձեռք երկարողներուն հաստատօրէն կը պատասխանէր, թէ բան մը չէ, քիչ մը ժամանակ կ՛ուզէ, որ մկանները բացուին»:
Պէտք էր հասնէինք Սուրբ Պօղոս եկեղեցի, ապա Զմմառ: Հիւանդ ըլլալը մենք կ՛ապրէինք, մինչ ինք անցեալը, պատանեկութիւնը, ծննդավայրն ու ճեմարանը վկայակոչելուն` կը դիմէր ինծի, «այսր»-իս, իսկ Հայաստանի Գրողներու միութեան հանդիպումներու յիշատակման` Ժիրայր Դանիէլեանին` «Անդր»-ին: Միջանկեալ տարածքը երբեմնի իր ամարանոցներն էին, Մեղրին` իր պարծանքը, Արամը` իր անգերազանցելի մարդկային կերպարին անունով զաւակը, մարձումներու հրաշագործութիւնը, Շողիկը, որ թերեւս կրնար միանալ մեզի` ճաշարան: Խօսքի տարուած` քանի մը անգամ շրջադարձեցինք:
Սագոն անդրսիրողական կեանք մը ճշդած էր ինքզինքին եւ հաւատարիմ մնաց իր գծած ուղիին` սիրայօժարօրէն բաշխելով իր կարողութիւնները առանց ուսադիրի, ցուցամոլութեան: Ան դիմառնական շեշտով խօսած էր Աստուծոյ հետ ու` տեղի տուած: Թերեւս «Անդր»-ի ոլորտներու իբրեւ ծանօթ` խաղաղութիւն մը վիճակուեցաւ ցաւերուդ, սակայն անդրսիրողականը մերժողներու փաղանգին ծաւալումով, աթոռակներու համար մեծ կռիւներ մղողներու բազմապատկումով, հաշուամոլներու, տեսաբաններու թիւի աճումով, պիտի կարօտնանք քեզ, մատիտը ձեռքիդ, վստահուած պարտականութեան մը սիրով շունչ տալու յամառութեամբդ, համակելու նախանձախնդրութեամբդ:
«Այսր»-ի տափակութիւնը գունաւորող, պտղունց մը բարութիւն բուրող մըն ալ հեռացաւ:
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Աս Ի՞նչ Անհամ Կատակ Է,
Սարգի՛ս
«Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ…»: Եւ իրապէ՜ս… Խոկալ ու պահ մը մտածելն անգամ աւելի երկար է, քան` մահուան գոյժը, որ կը խնայէ ո՛չ տարիք, ո՛չ հանգամանք եւ նոյնիսկ` աչքի արցունք: Գոյժը անհաւատալի էր… անակնկալ: Չէ՞ որ տակաւին երկու օր առաջ նստած տաք տաք կը զրուցէինք կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ, եւ մեր խօսակցութեան նիւթն էր գիրն ու գրականութիւնը, մեր ապագայ հեռաւոր ու մօտաւոր ծրագիրները եւ գրողներու համագումարը:
– Պոէմ մըն է, որ կը սրբագրեմ ու կը վերանայիմ: Հաւանաբար քանի մը օրէն վերջացնեմ եւ տպեմ: Մեծ եղեռնին նուիրած եմ, կը հաւնիս:
Ապա սկսաւ կարդալ քանի մը տող` մեծ յափշտակութեամբ ու ոգեւորութեամբ, աչքերը մեծ-մեծ բացած:
– Հաւնեցար, չէ՞… բաւական լուրջ գործ է, չեմ ուզեր անտիպ ձգել…
Իր վերջին բառերը շատ ալ հաճելի չթուեցան ինծի: Արդեօք կը գիտակցէ՞ր կամ կը գուշակէ՞ր մօտիկ ապագան եւ մանաւանդ իր ներկայ վիճակը: Արդեօք ի վերուստ ձա՞յն մը կը խօսեցնէր զինք, թէ՞ պարզապէս կ՛ուզէր իրապէս ամբողջացած տեսնել իր տարիներու վաստակը, որ քանի մը տասնեակ հատորներ կը կազմէր:
Վերջին շրջանին, ամէն անգամ որ հանդիպէի կաթողիկոսարան, զինք ընդհանրապէս կը գտնէի լաւ ու բարձր տրամադրութեան մէջ, կարծես թէ բան պատահած չըլլար: Կը զրուցէինք, կը կատակէինք, կը խնդայինք, կը փափաքէի զինք գոնէ վայրկեաններու համար փոխադրել տարբեր միջավայր` իր մօտ ստեղծելու համար հաճելի ու բարձր տրամադրութիւն:
– Կ՛անցնի՜… աս ալ կ՛անցնի, բժիշկները լաւատես են,- ըսաւ վերջին անգամ` ուրախացնելով զիս:
– Անշո՛ւշտ պիտի անցնի, միայն թէ դուն զօրաւոր եղիր ու քաջ,- պատասխանեցի ինքնավստահ շեշտով:
Որքան հնարաւոր է, զուարթ տրամադրութիւն կ՛ուզէի ստեղծել ու ներշնչել զինք մեր հանդիպումներուն ընթացքին` համոզուած ըլլալով, որ լաւ հոգեվիճակները մեծապէս կ՛ազդեն հիւանդներուն ընդհանուր առողջութեան վրայ:
– Որքան հնարաւոր է` ուժ տուր կամքիդ եւ պիտի յաղթահարես ամէն ինչի, համոզուած եմ,- կ՛ըսէի` հաւատալով իր հաստատակամ յոյս ու խանդավառութիւն առթող կեցուածքին:
– Պիտի յաղթահարեմ, այո՛, առաջ Աստուած… Դուք միայն աղօթեցէք, որ շուտ անցընեմ այս դառն բաժակը,- ըսաւ Սարգիս` ըմպելով սուրճի բաժակին մնացորդացը:
Հազիւ ըմպած սուրճը` շարունակեց.
– Գիտե՞ս, տակաւին նոյն թարմութեամբ կը յիշեմ թիֆլիսեան մեր շրջապտոյտը… Երանի թէ երկու օր աւելի մնայինք: Դուն եւ Ժիրայրը աճապարեցիք, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ…
– Նորէ՛ն կը ծրագրենք, դուն միայն լաւացիր, Սարգի՛ս ջան, նորէն կ՛երթանք, դարձեալ կը վայելենք Վրաստանի տեսարժան վայրերը, անհոգ եղիր, միայն թէ լաւացիր:
– Գիտե՞ս, սեպտեմբերին կը մտածեմ Շողիկին հետ Հայաստան երթալ… 15 օր Ծաղկաձոր պիտի մնամ, լաւ մը պիտի կազդուրուիմ, յետոյ թերեւս Թիֆլիս ալ երթանք…
– Չէ՜, – ըսի,- յոգնեցուցիչ է Թիֆլիս ուղեւորութիւնը եւ ճամբան ալ երկար, հրաժարէ այդ ծրագիրէն, յաջորդ տարի կ՛երթաս…
Տարաբախտ Սարգիսի մահէն երկու օր առաջ էր այս խօսակցութիւնը… եւ ես երկա՜ր կը տեսնէի Թիֆլիսի ճանապարհը, յոգնեցուցիչ նաեւ` առանց անդրադառնալու, որ Սարգիսը պիտի մեկնէր արագ` աւելի երկար ճանապարհ… եւ այս անգամ` անվերադարձ ճանապարհ, սուգի մատնելով չորս բոլորտիք, աղի արցունք ցանելով բոլորին աչքերուն եւ զանոնք ձգելով անմխիթար…
Ի՜նչ իմանայի, որ այդ պիտի ըլլար մեր վերջին խօսակցութիւնը, եւ ան պիտի մեկնէր անձայն, անշշուկ` միանալու լիբանանահայ իր հինգ գրչեղբայրներուն, որոնք զինք կանխած էին անդէականի ուղեւորութեան մէջ: Ան գնաց միանալու գրողներ` Պեպօ Սիմոնեանին, Յակոբ Մանուկեանին, Պօղոս Սնապեանին, Աբրահամ Ալիքեանին եւ Գէորգ Աբելեանին: Այո՛, գնաց, բայց ինչո՞ւ աճապարեց այսքան: Չէ՞ որ ունէր ընելիքներ, ծրագիրներ, հատորներու ամբողջացում, նոր յօդուածներ, նոր խմբագրականներ… Բայց ո՞վ պիտի լեցնէ քու մեկնումովդ ստեղծուած բացը, թանկագի՛ն Սարգիս, ո՞վ…
… Սիրելի՛ Սարգիս, այսօր կրկին գացի կաթողիկոսարան… եւ պահ մը աչքերս ուղղեցի դէպի գրասենեակդ տանող նրբանցքը եւ յուզումէս երկու կաթիլ արցունք գլորեցան աչքերէս վար… Յիշեցի մեր վերջին անմոռանալի հանդիպումը եւ այլ հանդիպումներ եւս… Յիշեցի զուարթ խօսքերդ, տրամադրութիւն շոյող միտքերդ, բարի նկարագիրդ եւ անյիշաչար ու համեստ բնաւորութիւնդ:
Բարի էիր բառին բովանդակ իմաստով, ներող, բայց բծախնդիր: Րոպէական կը մոռնայիր ամէն անցուդարձ եւ կը լեցուէիր լաւատեսութեամբ: Այլ խօսքով, ՄԱՐԴ էիր ամէն բանէ առաջ` գիտակից ու ազնիւ մարդ, որ գիտէր ներել` նոյնիսկ զինք չհանդուրժողները:
Այսօր, քու անժամանակ մահով, տե՛ս, ամայացուցիր տաքուկ բնակարանդ… սուգի մատնեցիր եւ որբացուցիր կինդ ու զաւակներդ, հարազատներդ ու շրջապատդ, ընկերներդ ու բարեկամներդ, որոնց մօտ տարիներ շարունակ ցանած էիր սիրոյ անկեղծ հունտեր, որոնք տարիներու ընթացքին մեծնալով` դարձած էին սիրոյ քաղցրահամ պտուղներ:
Այս վայրկեանէն սկսեալ չկայ սիրելի Սարգիսը… չկայ ներհուն մտաւորականը, բանաստեղծը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը… մարդակերտումի անխոնջ ռահվիրայ մանկավարժ-ուսուցիչը, սիրալիր բարեկամը, նուիրեալ ընկերը, սրտամօտ հարազատը, զոհաբերող հայրը, հոգեհատոր ամուսինը… բայց մանաւանդ` Սարգիս Կիրակոսեան ՄԱՐԴ-ը… Սակայն, համոզուած եմ, որ շնորհիւ այս բոլոր բարեմասնութիւններու, մեր մօտ, մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ պիտի ապրի մեր բոլորին ծանօթ ու սիրելի Սարգիս Կիրակոսեանը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի գրչեղբայր…
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ