Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

August 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շատեր այնպէս կը խորհին, թէ երկար ժամեր պէտք է աշխատին յաջողելու համար: Անոնք ընդհանրապէս կ՛արթննան այնպիսի ժամերու, երբ ամէն մարդ քնացած է, իսկ արեւը դեռ չէ՛ սփռած իր ոսկեշողերը: Իսկ գործէն տուն կը դառնան այն ժամերուն, երբ մթնած է երկիրը, ճամբաները խաղաղած իրենց վրայ երթեւեկող անցորդներէն, ու շատեր ալ արդէն գիշերուան երկրորդ երազը տեսնելու ընթացքին մէջ են:

Աւետարանին մէջ, Յիսուսի պատմած առակներէն մէկը կը վերաբերի մշակներու, որոնք տարբեր ժամերու վարձուելով, օրուան վերջաւորութեան նոյն օրականը կը ստանան: Անշուշտ իր վախճանաբանական իմաստը եւ յատուկ մեկնաբանութիւնը ունի այդ հատուածը, սակայն կեանքի այլ երեւոյթի մը մասին ալ յիշեցում կը կատարէ:

Ամբողջ օրուան աշխատանքին ծանրութիւնը կրելով` յոգնած մշակը անշո՛ւշտ պիտի դժգոհի ու բողոքէ, երբ տեսնէ, որ օրուան վերջին ժամերուն վարձուած մշակը նոյն օրականը կը ստանայ գործատէրէն: Սակայն աշխատանքը օրուան ժամերէն կախեալ չէ՛:

Նոյն արտին մէջ, նոյնիսկ կողք-կողքի աշխատող մշակներէն մէկը իր սիրտը կը դնէ իր աշխատանքին մէջ, իսկ միւսը հազիւ կը շարժէ մանգաղը, մինչեւ իսկ փճացնելով հունձքը: Օրուան վերջաւորութեան, ճիշդ է, որ գործատէրը կրնայ երկուքն ալ միեւնոյն վարձքին արժանացնել, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը մնայ գործին մէջ յաջողած կամ ձախողած ըլլալու գաղտնիքը:

Ոմանք կրնան առարկել` ըսելով, թէ այդ օրուան վերջաւորութեան կատարուած հատուցո՛ւմն է կարեւորը, իսկ թէ յաջողած է կամ ձախողած` ատիկա աւելորդ մտածում մըն է: Հարեւանցի ու անպատասխանատու մօտեցում է այդ, բարոյագիտական իմաստով: Որովհետեւ բարոյական մարդուն կեանքը միայն իր նմաններուն հետ փոխյարաբերական կեանք մը չէ՛, այլ` նաեւ դէպի ներս, դէպի ներքին մարդը ուղղուած երկխօսութիւն մըն է: Այնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւր օրուան աւարտին մշակը ակնկառոյց կը սպասէ, որ գործատէրը վարձատրէ զինք, նոյնպէս ալ ներքին մարդը` մեր բուն ինքնութիւնը, իւրաքանչիւր օրուան աւարտին հարցաքննութեան կը կանչէ մեզ: Ինչպէ՞ս աշխատեցար այսօր. ի՞նչ սխալներ գործեցիր, կամ ի՞նչ յաջողութիւններ արձանագրեցիր: Այս երկխօսութիւնը կարելի է համարել կեանքի մէջ ամէնէն անկեղծ երկխօսութիւնը: Որովհետեւ երկխօսութիւնները ինչքան ալ անկեղծ ըլլան, չեն կրնար ներքին մարդուն հետ մեր ունեցած երկխօսութենէն աւելի սրտբաց ըլլալ:

Այսօր, աշխարհի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ երկխօսութիւններ կը կազմակերպուին: Միջկրօնական երկխօսութիւնները վերջին նորաձեւութեան մաս կը կազմեն: Սակայն կան նաեւ մարդկային իրաւանց շրջագիծէն ներս մեծ նորութիւններ երկխօսութեանց իմաստով, երբ ընկերային հաւասարութիւն ստեղծելու եւ արդարութիւն հաստատելու անուան տակ ժողովներ կը գումարուին ու հաւանական որոշումներու շուրջ համախոհութիւն կը գոյացուի:

Ամէնէն հարազատ երկխօսութիւնը կը նկատուի մտերիմներու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնը: Օրինակ, ամուսիններու միջեւ, մտերիմ գործընկերներու միջեւ եւ զանազան պատճառներով իրարու շատ առնչուած անձերու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնը: Սակայն այդ ամէն երկխօսութիւնները անկեղծութենէ հեռու եւ հաշիւներու ու համաձայնութիւններու վրայ հիմնուած երկխօսութիւններ են, որոնք երբեմն շատ թաքնուած ծալքեր ու չբացայայտուած մութ անկիւններ կ՛ունենան:

Զրուցակիցները իրարու դէմքին կը նային խօսած ժամանակ, սակայն կրնան անոնց մտածումները հեռու ըլլալ իրարմէ: Բայց ներքին անձին հետ երկխօսութեան մտնող մարդը չի՛ կրնար անկեղծ չըլլալ, ինչքան ալ փորձէ իր պատճառաբանութիւններով լռեցնել իր խօսակիցը: Մեր ներքին մարդը հեշտ համոզուող զրուցակից մը չէ՛, ո՛չ ալ միջազգային մակարդակի վրայ երբեմն տեղի ունեցող զանազան նիւթերով երկխօսութիւններու չէզոք ունկնդիրներուն կը նմանի: Ներքին մարդը հեղինակաւոր զրուցակից մըն է, որուն մտածումն ու խօսքը մեծ կշիռ ունին: Դժբախտաբար, գործնականի պարագային կապուած են անոր ձեռքերը, եւ չի՛ կրնար գործնապէս իր տեսակէտը պարտադրել մեզի, այլ կը բաւարարուի հեղինակաւոր իր կարծիքը անդառնալիօրէն մեզի փոխանցելով:

Աշխատանք կատարել միայն աշխատանք կատարելու եւ ապրուստ ապահովելու համար, բարոյագիտականօրէն արդարացում չունի: Որովհետեւ որեւէ դրական գործի պարագային հաճոյքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, ամբողջական յաջողութեան հասնելու համար: Ուրախ սիրտով կատարուած գործին եւ «մատի ծայրով» կատարուած աշխատանքին միջեւ շատ մեծ է տարբերութիւնը: Աշխատանքին մէջ սիրտը դնելու հրահանգը, գործ մը յաջողցնելու համար չէ՛ այնքան, ինչքան այդ աշխատանքը կատարող մարդը դաստիարակելու համար: Որովհետեւ կեանքը եթէ դպրոց է, ուրեմն անոր հեղինակաւոր ու արդար ուսուցիչը մեր ներքին մարդն է: Անոր տալիք նիշերն ու գնահատականները անվերատեսելի են ու հաւասարակշռուած: Ան գիտէ ճիշդ ատենին գնահատել աշխատողը, իսկ աշխատանքի ընթացքին ալ գիտէ անփութութիւններն ու թերութիւնները մատնանշել` միանգամընդմիշտ ուղղելու համար զանոնք եւ ճիշդ ճամբու մէջ դնելու աշխատող մարդը:

Յաջողութեան գաղտնիքը գործի ժամանակ ժամացոյցով չհետաքրքրուիլն է: Ճշդապահութեան համա՛ր միայն ժամացոյցը պէտք է գովուի, ո՛չ թէ աշխատանքի ժամերը դասաւորելու: Ամէնէն փոքր երեխաներէն սկսեալ մինչեւ յիշողութիւնը կորսնցուցած ծերունիներ չեն կրնար բաժնուիլ ժամացոյցէն, առաջինները` հաճոյքի համար թանկարժէք ժամացոյցներ կապելով իրենց դաստակին, իսկ երկրորդները` դեղի ժամերը կարգաւորելով` առողջութեան եւ յիշողութեան զգուշ տէր դառնալու համար:

Ժամանակէն վեր ելլելը յաջողութեան գաղտնիքը իր մէջ կը պարունակէ: Այս ալ արդեօք յաւերժութեան հասնելու մարդկային յանդուգն փորձ մը չէ՞® Յաւերժանալու ձգտումը ոչ ոք կրնայ դուրս բերել մարդու անսահման հոգիէն:

 

 

 

Նախորդը

Անապատին Մէջ Աճող Կանկատունկերը (Քաքթիւսները)

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առթիւ. Փրկութեան Քարտէզ (Խաղարկային Փաստավաւերագրական Լիամետրաժ Շարժապատկեր)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.