Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Մենք Աւետարան Գրող Չենք»

August 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sharmazanov_8-27-15

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստին ընթացքին երէկ քննարկուած են ներքաղաքական խնդիրներ, յատկապէս` օրակարգի հիմնական հարցը` սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն: Այդ մասին Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն ըսաւ Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նիստին ընթացքին ներկայացուցած է իր հանդիպումներուն ընթացքը տարբեր քաղաքական ուժերուն հետ, որմէ կարելի է հետեւցնել, թէ նախագիծին  շուրջ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի:

Պատասխանելով Լրագրողներու այն հարցումին, թէ երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւն փաստօրէն չեն մասնակցիր այդ քննարկումներուն, ան նշեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ինք կ՛որոշէ մասնակցիլ քննարկումներուն, կամ ոչ, իսկ տեսակէտներու տարբերութիւններն ու քննադատութիւնը բնական են:

«Մենք մենատիրական պետութիւն չենք, մենք ժողովրդավար պետութիւն ենք, ուր բազմակարծութիւնը բնական երեւոյթ է: Մենք աւետարան գրող չենք: Կրնան սխալներ ըլլալ: Իսկ եթէ ուժ մը կը մերժէ քննարկումը, կը վերածուի ոչ թէ քաղաքական ուժի, այլ քմայքոտ երեխայի: Այս մէկը տակաւին վերջնական չէ, քննարկումները տակաւին պիտի շարունակուին, անկախ պատգամաւորներու հետ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան:  Քննարկումն է լաւագոյն ճամբան` ճշմարտութեան հասնելու», ըսած է Շարմազանով:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Արք. Աթեշեան Խօսած Է Վանի Պատարագը Չեղեալ Յայտարարելու Դրդապատճառներուն Մասին

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կուսակցութիւններուն Հետ Հանդիպումները Կը Շարունակէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.