Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Արք. Աթեշեան Խօսած Է Վանի Պատարագը Չեղեալ Յայտարարելու Դրդապատճառներուն Մասին

August 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ արք. Աթեշեան
Արամ արք. Աթեշեան

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ 26 օգոստոսին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան արտայայտուած է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ` 6 սեպտեմբերին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարելու որոշումին դրդապատճառներուն մասին: Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ին, ան նշած է, որ պատարագը չեղեալ յայտարարուած է ապահովական նկատառումներով` նկատի ունենալով վերջերս Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը:

«Տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառով, մեր համայնքի անդամներուն շրջանակին մէջ վախ կայ. անոնք կը խուսափին այդ շրջանները երթալէ: Մենք ալ, պատարագի եւ արարողութեան մասնակիցներուն ապահովութենէն մեկնած` որոշեցինք 6 սեպտեմբերին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարել: Սակայն այս չի նշանակեր, որ պատարագը ընդհանրապէս պիտի չըլլայ: Իրավիճակին կայունանալէն ետք` պատարագը պիտի կատարուի», ըսած է Աթեշեան:

Անդրադառնալով բախումներուն` պատրիարքի փոխանորդը նշած է, թէ հակամարտող կողմերը իրարու հետ հանդիպելով պէտք է փոխադարձ համաձայնութեամբ լուծեն այս հարցը:

«Կառավարութիւնը պէտք է այս խնդիրը անպայման խաղաղութեամբ լուծէ: Կրակի դադրեցումը կը բխի երկրին շահերէն: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա այս իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր ազգային խումբի մեծ վնաս պիտի հասցնէ», եզրափակած է Աթեշեան:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Եւ Հըզպալլաայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Յաջորդը

Շարմազանով. «Մենք Աւետարան Գրող Չենք»

RelatedPosts

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին

March 10, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան
Հայկական

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան

March 10, 2026
Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.