Եւրոպական խորհրդարանը մշտապէս կը թիրախաւորէր շարունակուող յարձակումի զոհ դարձած Ազրպէյճանը եւ կը խրախուսէր նախայարձակը` Հայաստանը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` խօսք արտասանելով Պաքուի մէջ ընթացող Ասիոյ մէջ փոխադարձ գործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու հարցերով խորհրդաժողովի 7-րդ վեհաժողովի ընթացքին:
Ալիեւ նշած է, որ պատերազմական յանցագործներն ու մանկասպանները տակաւին չեն կրած իրենց արժանի պատիժը:
«Հայաստանի ներկայ վարչապետը այն ժամանակ բռնագրաւման տակ գտնուող Ղարաբաղի մէջ յայտարարեց, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է, եւ վերջ»: Այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքը այս ամբողջ սանձարձակութեան վրայ աչք կը փակէր: Ոչ ոք դատապարտեց Հայաստանը: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չպահանջեց իր որդեգրած բանաձեւերուն կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը եւ Եւրոպական խորհուրդը մշտապէս կը թիրախաւորէին շարունակուող յարձակումի զոհ դարձած Ազրպէյճանը եւ կը խրախուսէին նախայարձակը` Հայաստանը», ըսած է Ալիեւ
«Մէկ օրէն ալ նուազ ժամանակի մէջ Հայաստանի բռնագրաւող բանակը Ղարաբաղի մէջ ջախջախուեցաւ, իսկ անջատողականներու ղեկավարները, մանկասպանները կանգնեցան ազրպէյճանական դատարանին առջեւ: Անոնք, որոնք մեզի կը սպառնային հրասայլերով գալ եւ բռնագրաւել Պաքուն, այսօր ազրպէյճանական բանտերուն մէջ ազրպէյճանական թէյ կը խմեն, իսկ անոնց հրասայլերը ցուցադրուած են Ռազմական աւարներու պուրակին մէջ:
«Այս հարցը ունի համաշխարհային նշանակութիւն, ուստի ես կանգ առի ատոր վրայ: Եթէ Հայաստանի նկատմամբ ժամանակին պատժամիջոցներ հաստատուէին բռնագրաւումի, ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումներու համար, Ազրպէյճան ստիպուած չէր ըլլար մարտի դաշտին մէջ ոտքի տակ առնել հայկական ֆաշականութիւնը: Պատերազմը մեր ընտրութիւնը չէր, Հայաստանը մեզ ատոր դրդեց», յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահը:


