Բրիտանական թանգարանի «Հնագոյն Թուրքիա» սրահը վերանուանուած է «Անատոլիա եւ Ուրարտու»: Այս մասին տեղեկացուց վերանուանման նախաձեռնութեան հեղինակ Զեփիւռ Պատիկեան:
«Անշուշտ կը ցանկայի, որ սրահը կոչէին Հայաստան կամ Հայկական Լեռնաշխարհ, բայց այս մէկը առաջին քայլն էր դէպի արդարութեան վերականգնում», «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Պատիկեանը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Կարինէ Ղազինեանին` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպանին, որ աջակցած է նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ` մշակոյթի նախարարին, հայ եւ բրիտանացի պատմաբաններու, որոնք ներդրում ունեցան այս աշխատանքին մէջ:
Սրահի վերանուանման պահանջով ստորագրահաւաքին մասնակցած է 12 հազար մարդ:
Աշխարհահռչակ թանգարանին կողմէ հայկական եւ Հայաստանի ուրարտական շրջանի պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող ցուցանմուշները «Հնագոյն Թուրքիա» անունին տակ ցուցադրուած էին: Թանգարանի տնօրէնութեան հետ քանի մը տարի բանակցութիւններ ընթացան: Եւրոպայի հայկական միութիւններու ֆորումը (ԵՀՄՖ) կ՛առաջարկէր սրահը վերանուանել «Ուրարտու, հնագոյն Հայաստան»: