Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

August 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Պէյրութ,

Պարբերաբար կը ստանամ լիբանանահայ մամուլը` թղթային տեսքով: Թող ներուի ինծի խոստովանիլ, որ նոյն մամուլին ելեկտրոնային տարբերակներուն ընթերցումով անոնց բովանդակութիւնը ուղեղիս մէջ չի տպաւորուիր եւ կարդալէն վայրկեաններ ետք իսկ ջնջուած կ’ըլլայ յիշողութենէս` ի տարբերութիւն թղթայինի: Հոսկէ ալ` արձագանգիս ուշացումը:

Օրերս ստացայ լիբանանահայ թերթերու օգոստոսեան թիւերը: Զանոնք աչքէ անցուցի: Ցաւով նկատեցի, որ լեզուական տեսակէտէն ալ անընդհատ նահանջի մէջ է լիբանանահայ մամուլը: Յատկապէս շատ ու ակնբախ են հոլովներու սխալ գործածութիւնները:

Նկատեցի, որ «Ազդակ» իր 10-րդ էջին մէջ սկսած է արտատպումներ կատարել հայրենական մամուլէն: Այս փաստը ուրախալի ու քաջալերական է: Սակայն պէտք է շատ զգուշ ըլլալ, որպէսզի հայրենական մամուլին մէջ գրեթէ համաճարակի վերածուած լեզուական ժահրերը մուտք չգործեն արեւմտահայերէնին մէջ` սփիւռքահայ մամուլին խողովակով: Համաձայն եմ հայոց լեզուի երկու ճիւղերու փոխհարստացման, մանաւանդ` իրենց բառապաշարով, սակայն պէտք է մէկդի շպրտել բոլոր տեսակի օտար, հայերէնին մէջ համապատասխան հոմանիշ ունեցող բառերը, ինչպէս նաեւ` օտարաբանութիւնները: Հայրենական արեւելահայերէնին մէջ այդ օտարաբանութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ ռուսաբանութիւններ են: Անոնցմէ են «ցանկացած» եւ «ստացուած» բայերուն անհարկի, սխալ եւ համաճարակային գործածութիւնը, որով մեր սուրբ լեզուն անընդհատ կը պղծուի: Լաւ կ’ըլլար, որ գոնէ այս երկու բառերը ՀԻՄՆՈՎԻՆ ՎՏԱՐՈՒԷԻՆ հայոց լեզուէն, քանի որ մեր լեզուի հայրենական տարբերակը խեղդամահ ընող հիմնական երկու բայերն են:

Ցաւով նկատեցի, որ «Ազդակ» եւս ինկած է ռուսաբանութիւններու այս ծուղակը, կարծէք բաւարար չէին միւս օտարաբանութիւնները` արաբաբանութիւնը, անգլիաբանութիւնը եւ այլք: Արդարեւ, «Ազդակ»-ի 6 օգոստոս 2015-ի թիւի 10-րդ էջին մէջ հայրենական «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթէն արտատպուած է լուր մը` Հ. Հ.ի (ի դէպ, վերնագիրին մէջ տպուած է «Հայաստան», որը շատ աւելի լայն հասկացողութիւն է, քան «Հ. Հ.»-ը) Կեդրոնական դրամատան մէջ օտար դրամանիշներու քանակի նուազման մասին: Լուրին վերջաւորութեան կը կարդանք. «Այնպէս ստացուեցաւ, որ մեր արտաքին պարտքը աւելցաւ»: Ի՞նչը ինչպէ՞ս «ստացուեցաւ», տիկնայք եւ պարոնայք, ո՞վ ղրկեց, ո՞վ ստացաւ… «Ստացուեց» արեւելահայերէն ռուսաբանութիւնը «ստացուեցաւ»-ի վերածելով` այդ բառը արեւմտահայերէ՞ն դարձաւ: Ո՛Չ եւ միլիա՛ռ անգամ ՈՉ: «Ըլլալ», «պատահիլ», «յաջողիլ» հայերէն բայերուն հոմանիշ չէ ու ՉԻ ԱԼ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ «ստացուիլ» ռուսաբանութիւնը` ըլլայ արեւելահայերէնին թէ արեւմտահայերէնին մէջ: Ամէն հայերէն կարծեցեալ բառ կամ բառակապակցութիւն դեռ չի նշանակեր, որ ան հայերէն է. պարտադիր պայման է, որ ան պատշաճի հայերէնի լեզուամտածողութեան:

Կ’առաջարկեմ «Ազդակ»-ի բոլոր սենեակներուն մէջ փակցնել ցուցանակներ` աշխատակիցներուն արգիլելով գործածել հայերէնի «իւրաքանչիւր», «որեւէ», «ամէն» բառերը սպաննած «ցանկացած» բառն ու ռուսաբանութեան մէկ ուրիշ ժահր` հայերէնի  «ըլլալ», «պատահիլ», «յաջողիլ» բայերը բռնաբարող «ստացուիլ» բայը:

Եկէք` յարգենք ու սիրենք մեր լեզուն … գործնականապէս եւ ոչ թէ հայոց լեզուին իբր թէ նուիրուած համագումարներ եւ գիտաժողովներ կայացնելով ու «Մայրենիի դեսպան» ու «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններ արժեմ-չարժեմին առատօրէն շնորհաբաշխելով:

Յարգանքներով`
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Երեւան, 23 օգոստոս 2015, իրիկուն

Նախորդը

Բրիտանական Թանգարանի «Հնագոյն Թուրքիա» Սրահը Վերանուանուել Է «Անատոլիա Եւ Ուրարտու»

Յաջորդը

Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.