«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՓրենսաԱրմենիա» կայքը, կը հաղորդէ, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի վերջին օրը խօսք առած են յայտնի ցեղասպանագէտներ:
Գիտաժողովին խօսք արտասանած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախկին նախագահ, ցեղասպանագէտ Տանիել Ֆիերշթէյն, որ կարեւոր նկատած է ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւնը` զանոնք հետագային կանխարգիլելու համար:
«Այս առնչութեամբ շատ կարեւոր է օրէնսդրական դաշտի գոյութիւնը: Պէտք է ոչ միայն ճանչցուին ցեղասպանութիւնները, այլ նաեւ անոնց ժխտումը իբրեւ քրէական արարք պատժուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ցեղասպանագէտները լուրջ աշխատանք ունին կատարելիք:
20-23 օգոստոսին Պուէնոս Այրեսի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որուն ընթացքին մասնակիցները խօսած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, արծարծած ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու անհրաժեշտութեան հարցը: