24 օգոստոսէն 25 օգոստոս լուսցած գիշերը եւ օրուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրետանային եւ հրաձգային զէնքերով խախտել զինադադարի դրութիւնը: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
«Բացի 60, 82 եւ 120 միլլիմեթրնոց ականանետերէ (շուրջ 110 արկ) ազրպէյճանական կողմը արեւելեան ուղղութեամբ կիրարկած է նաեւ թրքական արտադրութեան TP-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան կրակով ճնշած են հակառակորդի աշխուժութիւնը եւ կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել ամբողջ առաջնագիծը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: