Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէն Տարի Այս Օրերուն»

Օգոստոս 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

000_Nic6321179aleppo-rebels-cut-waterԻրիկնամուտ է: Կանգնած եմ Քուէյք գետի ափին եւ ականջ կը դնեմ գորտերու կռկռոցին:

Ամէն տեղ մարդիկ կը սրտնեղին հաւանաբար եւ տարակուսանքով իրարու երես կը նային, երբ նկատեն, թէ իրենց կողքով անցնող գետին ջուրը քիչ մը նուազած է. մենք` հալէպցիներս, կը սարսափինք, երբ տեսնենք, որ ճահճացած գետին ջուրը սկսած է բարձրանալ` ուրեմն հերթական անգամ առանց ջուրի պիտի մնանք, որովհետեւ պատկան մարմինները չեն կրցած ջուրը մղելու եւ բաշխելու անհրաժեշտ վառելանիւթը հասցնել ջրամբարներուն, որոնք կը գտնուին զինեալ ընդդիմադիրներու շրջանի մը մէջ, եւ որոնք, այս կամ այն պատճառով (կամ պահանջով), անջուր կը ձգեն պետութեան ազդեցութեան տակ գտնուող Հալէպի թաղերուն բնակիչները, որոնց թիւը կէսի իջած է եւ կրնար շատ աւելի նուազած ըլլալ, եթէ միւս շրջաններէն բազմահազար գաղթականներ հոս ապաստանած չըլլային:

Ամրան սկիզբը արդէն թափ առած էին հոր փորելու գործողութիւնները: Հոր փորող գործիքներու դղրդիւնը մեր ականջներուն ագռաւներու չարագոյժ կռինչի տպաւորութիւն կը ձգէր ու կսկիծ կը պատճառէր մեր անմխիթար սիրտերուն:

Հորերը փորողները կրօնական եւ մարդասիրական հաստատութիւններ էին` պետական քաջալերանքով:

Կը կարծեմ, թէ գորտերը կ՛ապրին ճահճացող ջուրերուն մէջ, եւ հիմա ես չորցած լորձունքով գետափին կանգնած, ամրան քառասունէն վար չիջնող ջերմաստիճանին, կը վայելեմ մահերգի տպաւորութիւն ձգող համանուագը հազարաւոր գորտերու:

Չկարծէք, թէ կը գտնուիմ քաղաքէն դուրս վայրի մը մէջ, ուր չեմ ալ կրնար երթալ, որովհետեւ ամէն կողմ ընդդիմադիրներուն կը պատկանի. ես կը գտնուիմ Հալէպի վիլլաներ թաղին մէջ: Աչքս կ՛ուղղեմ գետի հունին կողմը. հինգ-վեց հարիւր մեթր անդին գետին մէջ, ուր մամուռ եւ այլազան բոյսեր հասակ առած են եւ լայնքին աճելով կը սպառնան ամբողջ գետը գրաւել, եւ ուր կը տեսնեմ գետէն ջուր քաշող ինքնաշարժ մը:

Աչքս կը դարձնեմ հոսող ջուրին կողմը. հինգ-վեց հարիւր մեթր անդին տեղական Կարմիր մահիկը եւ Միջազգային Կարմիր խաչը ջուրի հսկայ եօթը տակառներ տեղադրած են, զորս կը լեցնեն գետի «զտուող» ջուրով եւ կը բաշխեն ժողովուրդին…

photo-4_8-24-15Water-Project-Aleppo---proposalՀալէպը ծարաւ է: Քառասուն ջերմաստիճանի տակ (թէ՞ մէջը, ինչ բառ կ՛ուզէք դրէք) ապրիլ ձեւացնող Հալէպը անջուր է: Այս երկու նախադասութիւններուն այնքան շատ կը հանդիպինք վերջերս, որ արդէն գրեթէ բան չեն ըսեր. չեն կրնար պատկերել այն ողբերգութիւնը, զոր յառաջացուցած է ջրազրկութիւնը: Խնդիրը միայն լոգնալու ջուր չունենալը չէ՛, միայն ճաշ եփելու, պնակ լուալու, տունը մաքուր պահելու, խմելու ջուր ապահովելը չէ՛. խնդիրը այն հազարաւոր դժուար շահուած եւ անարժէք դարձած լիրաները չեն, զորս կու տանք քանի մը օր անգամ մը մեր հազար լիթրանոց սեփական ջրամբարները լեցնելու: Խնդիրը միայն դրամով գնած ջուրին համար մղած հերթի կռիւներդ են, ե՞րբ պիտի գայ կարգդ, վաղը՞, մի՞ւս օրը… Տան մէջ ալ կռիւկռուըտուք է, որովհետեւ կինդ քեզ պիտի մեղադրէ, որ դուն ջուր ճարելու հոգ չես ըներ: Հապա այդ դրամը չունեցողնե՞րը, որոնք բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմեն, հապա ասո՞նց կռիւները, հորերու ջուրը մարդոց հասցնող ծորակներուն առջեւ: Հապա ասոնց տուներուն մէջի կռիւը, թէ որո՛ւն հերթն է ջուրը քաշքշելով, շալկելով, ճամբան քանի մը անգամ շունչ առնելու համար կենալով բերելը, ու այս ամէնը քանի մը ժամ կարգի կենալէն ետք, ծեծուըռտուքներու ականատես ըլլալէ ետք. ծեծուըռտուքներ, որոնցմէ հեռու կը կենաս դուն, ձգելով որ մէկ-երկու հոգի քեզմէ առաջ ջուր լեցնեն եւ կորսուին երթան, դժոխք, դրախտ, ուր կ՛ուզեն թող երթան, միայն թէ երթան:

Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՛նչ ըսել է նոյն ջուրը քանի մը անգամ գործածել: Այսինքն` ձեռքերդ լուացող ջուրը չես թափեր, կը հաւաքես տեղ մը, որ յետոյ տունը լուաս անով: Պնակները լուալու համար նոյն ջուրը քանի մը անգամ կը գործածես, կամ գաւաթի մը մէջ լեցուցած ջուրդ այլ գաւաթի մը մէջ կը դատարկես… Ասոնք խնդիրներ չե՞ն…

Իսկ եթէ ամբարած ջուրդ հրաշքով քանի մը օր չգործածես յանկարծ կը նկատես, որ ամբարուած պետական ջուրին յատակը մէկ մատ հող գոյացած է… Տարուան ընթացքին քանի մը հարիւր լիթր ջուր չե՞նք խմեր իւրաքանչիւրս, ուրեմն այդքան հո՞ղ կուլ կու տանք: Կարեւոր չէ՛, հող թէ չեմ գիտեր ինչ կուլ տալերնիս, կարեւոր չեն աղիքային հիւանդութիւնները, թեթեւ եւ ծանր թունաւորումները, կարեւորը ջուր կարենալ ճարելն է..

Հապա եթէ այսօր ամբարած ջուրերնիս սկսի վաղը արագօրէն նուազիլ… Աստուա՜ծ իմ, նորէն հերթ, նորէն կռիւ, իսկ եթէ կարգս չեկած ջուրը կտրեն, չէ՞ որ օրական քանի մը ժամ կը բանան հորի ջուրին ծորակները:

Խնդիրը այսօրուան չափ վաղուան վախն է, վախ` ջուր չկարենալ ճարելու, եւ յանկարծ միտք մը կը սողոսկէ ուղեղիդ մէջ. հապա եթէ կռիւները չվերջացած հորերը ցամքի՞ն…

Եւ այս ապրիլ ձեւացնող Հալէպին մէջ ջուրը, եղած եւ չեղած ջուրը կ՛ապականէ, կ՛աղտոտէ մարդոց հոգիները, եւ մենք չենք ալ անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս կը վերածուինք մարդակերպ այլ էակներու, որոնց ի՛նչ անուն տալ: Ի՛նչ անուն կ՛ուզէք` տուէք, միայն չպահէք ՄԱՐԴ յորջորջումը. չի վայելեր:

Ամէնէն կարեւորը Հալէպին կորաքամակներու քաղաքի վերածուիլը չէ: Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այս ամէնուն ընտելանալն է:

Առաջին անգամ ըլլալով շատ պիտի ուզէի, որ չտպուէր գրածս` ողբերգութիւն մը ամբողջութեամբ չներկայացնող գրութիւնս… Ո՛չ, շատ կ՛ուզեմ, որ լոյս տեսնէ, կը ցանկամ, որ ամէն ոք կարդայ ու հոգեպէս վիրաւորուի որպէս մարդ` փոխարէնս, որովհետեւ ես սկսած եմ մոռնալ մարդ ըլլալս:

Ամէն տարի այս օրերուն,- աչքալուսանք կու տայ անծանօթ մը:

Զարմացած կը նայիմ երեսին:

– Նոր Գիւղ սկսած է ջուր գալ… կաթիլ-կաթիլ, բայց սկսած է գալ…

Ջուրը սկսած է գալ, եւ մեր տան մօտ երկու հարիւր մեթրի վրայ երկու նոր հորեր կը փորուին…:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Թուրքիան Կը Վճարէ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնին Եւ Լոպիիստներուն` Քիւրտերու Եւ «ՏԱՀԵՇ»-ի Դէմ Յարձակումները Խեղաթիւրելու Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?