Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգի Պիտի Բացուի

August 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tatul_8-21-15

Panorama.am կայքը կը հաղորդէ, թէ աշունը յագեցած պիտի ըլլայ Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններով: Սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր ամիսներուն պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ, մրցաշարքեր, յուշ ցերեկոյթներ եւ ազգային հերոսի յիշատակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներ: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Այս առիթով 21 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է յոբելենական յանձնախումբի նիստ, որուն մասնակցած են նաեւ Թաթուլ Կրպէեանի հարազատները: Ներկայացուած են ցարդ կատարուած աշխատանքներն ու կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները:

Յոբելենական յանձնախումբի քարտուղար Վարդան Աւետիսեան նիստի մասնակիցները տեղեակ պահած է այն մասին, որ, ըստ ծրագիրին, նախատեսուած 28 նախաձեռնութիւններէն 14-ը արդէն կատարուած են: Մասնաւորաբար յիշած է, որ նորոգուած է Թաթուլ Կրպէեանի տուն-թանգարանը, կազմակերպուած են համերգային ծրագիրներ, գիտաժողովներ, պատկերասփիւռով, ձայնասփիւռով եւ մամուլով տարածուած են տեղեկատուական նիւթեր, իսկ ներկայիս կը կատարուին ազգային հերոսի յուշահամալիրի շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքներ: Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի Թաթուլ Կրպէեանի անուան զբօսայգիին, տեղի պիտի ունենայ ազգային հերոսի անուան ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան միջազգային յուշամրցաշարք, հոկտեմբերին ալ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ համաժողով:

Ըստ ծրագիրին, տօնակատարութիւններու եզրափակիչ հանգրուանին կը նախատեսուի կազմակերպել հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Թաթուլ Կրպէեանի 50-ամեակին:

Երեւանի պետական համալսարանի «Լաւագոյն ուսանող» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը նոյնպէս այս տարի նուիրուած պիտի ըլլայ հերոսին յիշատակին: Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` ամփոփելով յանձնախումբին նիստը, տուած է համապատասխան ցուցմունքներ:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարկային Մարմինները Կ՛ընդարձակեն Համագործակցութեան Ծիրը

Յաջորդը

Մասնագիտական Յանձնախումբը Հաստատեց Սահմանադրութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը. Նախագահ Սարգսեան Ազգային Ժողով Ուղարկեց Զայն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.