Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը երէկ եզրափակիչ նիստին ընթացքին որոշեց հաստատել Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը` կից հիմնաւորումներով, եւ ներկայացնել նախագահին:
Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի քարտուղարութեան փոխանցումով` միաժամանակ, յանձնախումբը առաջարկած է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու համար Հայաստանի նախագահի ներկայացուցիչ նշանակել սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեանը:
«Յանձնախումբը կը հրապարակէ նախագիծը` կից հիմնաւորումներով` զայն տեղադրելով Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախագիծի Վերջնական Տարբերակը
Ներկայացուեցաւ Նախագահին
«News.am» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովը իր եզրափակիչ նիստին Սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին վերջնական տարբերակը հաստատելէ ետք զայն ներկայացուցած է նախագահին: «News.am»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է մասնագիտական յանձնախումբի անդամ, արդարադատութեան նախկին նախարար Գէորգ Դանիէլեան:
Ան նշած է, որ իրենք արդէն աւարտած են աշխատանքը նախագիծի վերջնական տարբերակին վրայ եւ զայն ուղարկած նախագահին: Տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ պիտի սկսին քաղաքական խորհրդատուութիւնները կամ ե՛րբ նախագիծը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով: Վենետիկի յանձնաժողովը 27 օգոստոսին պիտի այցելէ Հայաստան, այն ատեն քաղաքական շարք մը կուսակցութիւններ հանդիպում պիտի ունենան մասնագիտական յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Նախագիծը Արդէն Ազգային Ժողովին Մէջ Է
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողով ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ մշակուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը:
Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը ըսած է, որ յառաջիկայ շաբաթ նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը նախատեսէ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած մօտեցումներուն շուրջ խորհրդակցութիւններու սկսիլ:
Միաժամանակ, նախագահը յանձնարարած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին շարունակել երկխօսութիւնը «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովին (Վենետիկի յանձնաժողովին) հետ, վերջինիս նախնական կարծիքին մէջ ներկայացուած այն հարցերուն շուրջ, որոնց առնչութեամբ տակաւին փոխհամաձայնեցուած լուծումներ չկան: