Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարկային Մարմինները Կ՛ընդարձակեն Համագործակցութեան Ծիրը

August 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

enta_8-21-15

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակէն յայտնած են, որ այս օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան կը գտնուէր Լեռնային Ղարաբաղի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Արթուր Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս ծիրին մէջ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Արմէն Ալաւերդեանի եւ Արթուր Յարութիւնեանի կողմէ ստորագրուած է 2015-2017-ի համագործակցութեան նախաձեռնութիւններու ծրագիրը:

Արմէն Ալաւերդեանի համաձայն, այս ծրագիրով կը նախատեսուի երկու հարկային մարմիններուն միջեւ տեղեկատուութեան, յառաջաւոր փորձի փոխանակման, ուսուցման կազմակերպման, միացեալ հսկողական նախաձեռնութիւններու եւ հարկային վարչարարութեան միւս կարեւոր ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացում:

Կարեւոր նկատելով երկու կառոյցներուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը` Արթուր Յարութիւնեան նշած է, որ հարկային օրէնսդրութեան եւ վարչարարական փորձի ուսումնասիրութեան եւ փոխանակման նպատակով նախատեսուած է շարունակել մասնագէտներու եւ աշխատանքային խումբերու փոխադարձ այցելութիւնները:

Եռամեայ գործակցութեան ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ելեւմուտքի նախարարութիւններուն միջեւ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան փոխանակման կարելիութիւններու զարգացում, իրաւախախտումներու բացայայտում եւ կանխարգիլում, Լեռնային Ղարաբաղի հարկային դաշտին վերաբերեալ տեղեկատուական նիւթերու հրապարակման օժանդակութիւն:

Արցախի ելեւմուտքի նախարարութեան անձնակազմի մասնագիտական պատրաստուածութեան բարձրացման նպատակով կը նախատեսուի մասնագէտներու ներգրաւումը Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան ուսումնական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուող դասընթացքներուն:

Ամփոփելով եւ արդիւնաւէտ նկատելով 2012-2014 թուականներու եռամեայ համագործակցութեան ծրագիրով իրականացուած աշխատանքները` ընդգծուած է, որ կարելի եղած է կեանքի կոչել նախատեսուած բոլոր նախաձեռնութիւնները: Մասնաւորապէս, կազմակերպուած են երկու կառոյցներու աշխատանքային խումբերու, մասնագէտներու փոխադարձ այցելութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուած են հարկային վարչարարութեան կատարելագործման, հարկ վճարողներու սպասարկման որակի բարելաւման, հսկողութեան առնչուած հարցեր: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան մասնագէտներուն կողմէ այս ծրագիրով նաեւ պարբերաբար մեթոտաբանական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է դատաիրաւական, տեղեկատուական արհեստագիտական մարզերուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Ոտքի՛, Հայաստան» Նախաձեռնութեան Հանրահաւաքի 4 Մասնակիցներ Բերման Ենթարկուեցան

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգի Պիտի Բացուի

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.