«Էլ. Մունտօ Տեփորթիւօ» երէկ հաղորդեց, որ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ին 4 մրցումով կախակայուեցաւ:
28 տարեկան ֆութպոլիստը այս շաբաթասկիզբին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումին բաւական սուր ձեւով վիճաբանած էր կողմի իրաւարարին հետ եւ ուղղակի ստացած կարմիր քարտ մը:
Ան պիտի բացակայի Աթլեթիքօ Պիլպաոյի, Մալակայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Լեվանթէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Նշենք, որ Պարսելոնա մտադիր է դիմել բողոքարկման կոմիտէին` կախակայումի այս որոշումը վիճարկելու համար: