ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Գերեցիր մեզի, առա՛նց խոցի,
եւ ողջագուրեցինք փուշերդ:
Շոյեցիր մեզի ճանկերովդ,
եւ մենք քնահարբ`
անո՛նց փարեցանք.
սիրեցինք անոր գգուանքը:
Ուշաթափ` պաշտեցինք քեզի
ինչպէս վեհ փառքերով մեսիա:
Մեր գինովի՛ հոգիներուն`
դուն կը մնաս անմեղ, արդար, ուղիղ…
Բոլո՜ր թերութիւններովդ` հանդուրժելի:
Երնէ՜կ մեզի խոցէիր.
Գուցէ կը սթափէինք այս մղձաւանջէն:
Գոնէ վտանգդ աներե՛ս`
դէմք կ՛ունենար,
եւ տեսնելով` կը սարսափէինք:
Բայց ատենօք խոցած ես դուն
եւ շոյած կրկին, ապա` քնացած:
Մենք, ջատագովները զեղծումներուդ`
կոյրօրէն սիրահարած ենք կարծես:
Գուցէ օր մը կ՛արթննանք…