Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Յեղափոխական Դէպքերու Մնայուն Վերարժեւորման Հարցը Պանք Օթոմանի Գրաւումը` Իբրեւ Օրինակ

August 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Fotor0814120455

Պատմական դէպքերու, դէմքերու եւ իրադարձութիւններու վերարժեւորումը մնայուն մարտահրաւէր մը կը հանդիսանայ: Բայց մանաւանդ յեղափոխական դէպքերու վերարժեւորման, վերաիմաստաւորման եւ անոնցմէ համապատասխան դասերը քաղելու պարագային մարտահրաւէրը կրկնակիօրէն կը դժուարանայ:  Թէեւ 100-է աւելի տարիներ առաջուան իրադարձութիւններուն շուրջ հսկայական գրականութիւն գոյութիւն ունի, բայց ժամանակի հեռաւորութիւնը նոր հարցեր կը յառաջացնէ, մանաւանդ սուր կերպով կը դրուի այն հարցը, թէ ի՞նչ նոր խօսք կարելի է ըսել տուեալ իրադարձութեան առնչութեամբ: Նոր խօսք մը, որ չպարպէ յեղափոխական դէպքը իր էութենէն, բայց միեւնոյն ժամանակ կարենայ փոխանցել նորօրեայ պատգամ` նոր օրերու սրընթաց փոփոխութիւններուն համընթաց:

Բնականաբար այդքան ալ դիւրին չէ այս պարտականութիւնը, որ ինկած է նախ եւ առաջ դաշնակցական մամուլին եւ մտաւորականութեան ուսերուն, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ օրըստօրէ աւելի սուր կերպով կը շեշտուի գաղափարայնութեան բացակայութիւնը հասարակութեան մէջ, ընկերութեան մէջ նիւթապաշտական հակումները մեծ չափերու կը սկսին հասնիլ, անձնազոհութեան, հերոսութեան եւ հայրենասիրութեան սկզբունքները երկրորդ, երրորդ գիծ կը նետուին մարդոց արժեհամակարգին մէջ:

Սակայն ժամանակակից հայոց պատմութեան ազգային-ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանին իրադարձութիւնները պարզ, ընթացիկ դէպքեր չեն հայ ազգի գոյերթին մէջ, որովհետեւ անոնք ուղենշած են նոր սկիզբ ազգային ինքնագիտակցութեան վերազարթնումին եւ ստրկութեան բարդոյթէն ձերբազատուած հայու տիպարի յառնումին առումով: Եւ ասիկա՛ է այն ուղեցոյցը, որ պէտք է գործածուի դաշնակցական մտաւորականին կողմէ, ամէն անգամ որ ինքզինք կը գտնէ յայտնի իրադարձութեան մը մասին իր խօսքը ըսելու մարտահրաւէրին առջեւ:

Իրօք, դժուար պարտականութիւն մըն է այս, որուն առջեւ շատ յաճախ հարցականներ կը գոյանան: Ի՞նչ նոր խօսք ըսել Սասնոյ հերոսական ապստամբութիւններուն, ֆետայական բազմաթիւ սխրագործութիւններուն, Սուլուխի կռիւին, հերոսամարտերուն, Խանասորի պատժիչ արշաւանքին, ուրիշ բի՜ւր բիւրաւոր դէպքերու ու դէմքերու մասին, որոնցմէ ամէն մէկը առինքնող յատկանիշ մը կրնայ ունենալ մերօրեայ հայ մարդուն եւ մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդութեան համար: Դաշնակցական մտաւորականը իր ուսերուն դրուած պարտականութեան գիտակից պիտի ըլլայ այս ամբողջ պատմական անցեալին նորօրեայ պատգամները վեր հանելու առումով:

Նշեալ հերոսական դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն շարքին է նաեւ այսօրուան զուգադիպող Պանք Օթոմանի գրաւման յիշատակը: Հայկական յեղափոխութեան տարեգրութեան մէջ իր տարողութեամբ աննախադէպ իրադարձութիւն մը, երբ հազիւ վեց տարիներէ ի վեր հիմնադրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոլսոյ կառոյցը յանդուգն որոշումով մը կը նախաձեռնէր նոյնինքն օսմանեան մայրաքաղաքի սրտին մէջ, օտար դրամագլուխի կուտակման վայրին մէջ կատարել հայոց պատմութեան ամէնէն նշանաւոր զինեալ ցուցական գործողութիւնը` իրենց դրամագլուխները դիզած օտար երկիրներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար գաւառներուն մէջ հայ ժողովուրդի վիճակին եւ բարենորոգումներու անհրաժեշտութեան վրայ:

Դէպքի վերարժեւորման առումով` պարզ եւ հպանցիկ դիտարկում: Գաղափարապաշտ երիտասարդներու խումբ մը, որ չվարանեցաւ յանդուգն որոշումով եւ յեղափոխական կորովով ցնցել Օսմանեան անսասան կարծուած կայսրութեան ելեւմտական կեդրոնը: Այդ խումբ մը երիտասարդներուն անձնազոհութիւնը, գաղափարայնութիւնը, սերունդէ-սերունդ պիտի շարունակեն իրենցմով համակել հայ երիտասարդութիւնը` մանաւանդ ապագաղափարայնութեան ա՛յս  դարուն: Երկրորդ` երբ որ ալ ըլլայ, հայ գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը կրնայ նոյնպիսի ազդուութեամբ օտար երկիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրել հայկական հարցերուն վրայ, պայմանաւ սակայն, որ անհրաժեշտ կարելիութիւնները ընձեռուած ըլլան անոր… բայց նաեւ գիտակցելով, հետեւողականութեամբ, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի այլ պատգամի մը, որ «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», եւ վերջաւորութեան մեր յոյսը պէտք է դնենք բացառաբար մենք մեզ վրայ:

 

 

Նախորդը

Պանք Օթոման 2015. Դիմաքանդակ Առաքինի Եւ Յեղափոխաշունչ Տղոց Յիշատակին (Բաբգէն Սիւնիին)

Յաջորդը

Պանք Օթոմանի Խորհուրդով`. Ճշդել Թշնամիին Օրակարգ Թելադրելու Ձեւն Ու Միջոցը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.