Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանը Ռուսիոյ Կազմին Մէջ Ներառելու Կոչ Ուղղողին Պատիժը

August 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ohanian_8-12-15

«Երկիր» կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիոյ ռազմավարական զարգացման հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Անդրանիկ Նիկողոսեանի մասին տարաձայնութիւնները  վերջին շրջանին բաւական բուռն ընթացք ստացած են: Ըստ «Երկիր»-ի, անոր կը վերագրուին շարք մը  երեւոյթներ, որոնք մեղմ խօսքով կարելի չէ  դիտարկել դրական քողի ներքեւ: Տակաւին վերջերս Նիկողոսեան մեղադրուեցաւ  բռնաբարութեան փորձի մէջ, իսկ օրեր առաջ  ռուսամէտ անձնաւորութիւնը իր համացանցային գրառումով կարծիք յայտնեց, որ Հայաստան  պէտք է մտնէ Ռուսիոյ կազմին մէջ: Վերջին իրադարձութեան առնչութեամբ` Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան առաջադրեց նախաձեռնութիւն մը, որով կ՛առաջարկէր  Անդրանիկ Նիկողոսեանը զրկել Ազգային ժողովի բարձրագոյն պարգեւ Պատուոյ շքանշանէն (Նիկողոսեան պարգեւատրուած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ):

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ  բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ նախարարութիւնը չի կրնար տրուած շքանշանները ետ առնել, որովհետեւ օրէնքով սահմանուած նման ընթացակարգ չկայ:

«Շատոնց Նիկողոսեանին շնորհուեցաւ երկու շքանշան` սահմանամերձ գիւղերուն մէջ  կատարած բարեգործութիւններուն եւ սահմանապահներուն որոշ աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար, սակայն ատիկա եղած է շատոնց», ըսաւ Յովհաննիսեան:

«Երկիր»-ին յայտնի դարձած են շարք մը  մանրամասնութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Անդրանիկ Նիկողոսեանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Երկար տարիներ նախարարութեան եւ Անդրանիկ Նիկողոսեանի յարաբերութիւնները բաւական լաւ եղած են եւ նախարար Սէյրան Օհանեանի ղեկավարած նախարարութիւնը  տարբեր պարգեւներ շնորհած է Նիկողոսեանին: Ուշագրաւ է, որ այդ պարգեւները ինչպէ՛ս շնորհուած են, այնպէս ալ կարճ ժամանակ ետք  ետ առնուած են, որովհետեւ Նիկողոսեանի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան յարաբերութիւնները վատթարացած են: Նիկողոսեան սկսած է ինքնիրեն լրացուցիչ արտօնութիւններ տալ, վատ կեցուածք ունենալ, որուն  պատճառով արժանացած է նախատինքներու եւ բաւական լուրջ պատժիչ գործողութիւններու: Նիկողոսեան, երբ նոր մուտք գործած է  քաղաքական դաշտ, աչքի ինկած է համեստութեամբ, սակայն, որոշ ժամանակ ետք  «երես առած է» եւ «չարաճճիութիւններ» ըրած է, որոնք անպատիժ չեն մնացած:

 

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»-ու Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան

Յաջորդը

Սմբատեան. «Հայաստանի Համար Պրանտենպուրկ Երկրամասը Յատուկ Նշանակութիւն Ունի»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.