Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան Փոթստամի մէջ տեսակցեցաւ Պրանտենպուրկ երկրամասի վարչապետ Տիթմար Վոյթքէի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին Վոյթքէ նշեց, որ իրեն համար կարեւոր է քրիստոնէական հարուստ մշակոյթ ունեցող երկրի դեսպանը ընդունիլը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան համար` դեսպան Սմբատեան ընդգծեց, որ Հայաստանի համար Պրանտենպուրկ յատկապէս մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Փոթստամի մէջ կը գտնուի գերմանացի յայտնի մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Եոհաննես Լեփսիուսի տուն-թանգարանը:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Պրանտենպուրկի միջեւ գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն, մասնաւորապէս ընդգծելով Փոթստամի եւ Բիւրականի աստղադիտարաններուն միջեւ գործակցութեան մեծ ներուժը: