Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնաւուր Անգամ Մը Եւս Կրցաւ Նուաճել Լիբանանեան Բեմահարթակը…

Օգոստոս 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

_I2A1362-150802031345522

Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ, հակառակ զինք շրջապատող ահազանգային քաղաքականութեան, Լիբանանի մշակութային կեանքը յաջողութեամբ ինքզինք գերազանցեց  այս եղանակին: Ամիսներ առաջ արդէն իսկ տոմսերը սպառած համերգը յիրաւի արդարացուց ինքզինք` ապահովելով վեց հազար հանդիսատես, որոնք Պաթրուն ուղղուած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէ:

Աշխարհահռչակ, ծագումով հայ ֆրանսացի (իր արտայայտութեամբ) երգիչը, երգահանը, բանաստեղծն ու դերասանը, հակառակ այն իրողութեան որ ծնած է Վրաստան-Ախալցխա, իր 91 տարեկան բեղմնաւոր տարիքին, այնքան շքեղօրէն պանծացուց Պաթրունի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ կայացած համերգը, որ իր երգի սիրահարները ելեկտրականացած էին ստեղծուած արուեստախառն մթնոլորտին մէջ:

Ի զուր տեղ չէ, որ ֆրանսական «շանսոն»-ը բոլոր ժամանակներու ալ մնաց անգերազանցելի, շնորհիւ Շարլ Ազնաւուրին, որ իր նմաններուն եւ իր արուեստին շնորհիւ ֆրանսական երաժշտութիւնը հասցուց դասական արուեստի գագաթնակէտին:  1946-էն մինչեւ այսօր ան համերգներով շրջագայած ու համաշխարհային առաջնակարգ համերգասրահներու մէջ ելոյթ ունենալով հպարտօրէն արտայայտուած է իր հայկական ծագման մասին: Երախտագիտութեան ազնիւ զգացումներով ան բարձրաձայնած է իր հայու ինքնութեան ու իր հայկական արմատներուն, օրինակ` էրզրումցի հօր ու իզմիրցի մօր դաստիարակութեան մասին:

Մտաւորականութիւնը յաճախ արտայայտուած է, եթէ սիրոյ լեզուն ֆրանսերէնն է, ապա աղօթքի լեզուն անպայման հայերէնն է: Իսկ համաշխարհային ճանաչում ունեցող արուեստագէտներ յաճախ արտայայտուած են, թէ «շանսոն»-ի մայրենի լեզուն ֆրանսերէնն է, ապա մեր պարագային` շանսոնի արքան ՀԱՅ է:

Ազնաւուրի մեկնաբանութիւններու շտեմարանը հարուստ է իր ստեղծագործած 1000-է աւելի երգերով, որոնց ընդմէջէն  գլուխ գործոցներ կարելի է համարել «Լա Պոեմ»-ը, «Աւէ Մարիա»-ն, «Մամա»-ն, «Իզապէլ»-ն ու «Երկու կիթառ» երգերը, որոնք մեծ յափշտակութեամբ ունկնդրուեցան Պաթրունի փառատօնի ընթացքին: Երեկոյթի մթնոլորտէն ներշնչուած ու զգացուած` աւելի եւս կը յուզուէի, երբ ականատեսը կ՛ըլլայի շուրջ բոլորս գտնուող լիբանանցի (արաբ) ունկնդիրներուն, որոնք խոր ապրումներով կ՛ընկերակցէին ՄԵՐ «շանսոնիէ»-ին` յատկապէս «Այս է վերջը», «Դեռ երէկ» եւ «Ճահելութիւն» երգերու ընթացքին:

Ազնաւուր Խորհրդանիշ`
Հայոց Մեծ Եղեռնին…

1988-ին հայութեան ապրած մեծ աղէտէն` Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, Ազնաւուր բազմաթիւ անգամներ այցելեց հայրենիք ու գտնուեցաւ աղէտի գօտիի շրջանները: Իր այցելութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ թէ՛ հայրենի, եւ թէ միջազգային մամուլին մէջ, ընդ որում, ան յաջողեցաւ աշխարհը ստիպել, որ իր հայեացքները ուղղէ դէպի Հայաստան: Այնուհետեւ Ֆրանսայի մէջ հիմնադրեց «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեսիրական հիմնադրամը, որ անսակարկօրէն օգնութեան  կը հասնէր երկրաշարժէ տուժածներուն:

Արդարեւ, անցնող շաբաթավերջին, լիբանանահայ հանդիսատեսը` որ մեծ համբերութեամբ կ՛ակնկալէր, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեր ժողովուրդի մեծագոյն «շանսոնիէ»-ն գէթ մեկնաբանէր «Անոնք ինկան»-ը, կամ հպանցիկ ակնարկ մը կատարէր մարդկային պատմութեան մեծագոյն Ցեղասպանութեան, համերգէն հեռացաւ իր ազգին հպարտութիւնն ու հայու տաղանդին խորհրդանիշը հանդիսացող Ազնաւորին (Վաղինակ Ազնաւուրեանին), 91-ամեայ երգիչին լիբանանեան բեմահարթակին վրայ ունեցած կեանք մը արժող մեծագոյն յաջողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Ազգային Զարթօնքի Սերունդին Հեղինակաւոր Դէմքը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հարիւրամեայ Կաւ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?