21-23 օգոստոսին Հայաստանի 3×3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը Մինսքի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն:
Հայաստանի հաւաքականը յայտնուեցաւ Ա. խմբակին մէջ, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լիթուանիա, Պելճիքա եւ Լաթվիա:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը յաղթահարեց ընտրական հանգրուանի արգելքը եւ յայտնուեցաւ Եւրոպայի զօրաւորագոյն 16 հաւաքականներուն շարքին մէջ: