Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Ուսումնական Խորհուրդ

Օգոստոս 7, 2015
| Անդրադարձ, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150805-WA0000

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2015-ին, ուսումնական գործունէութեան մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս հաղորդաշարին մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը կարծեմ, թէ շատ շինիչ հաղորդաշար մըն է, որ տեղեկութիւն կը փոխանցէ Ազգային առաջնորդարանի զանազան կառոյցներուն մասին, եւ այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի հայորդիներ մօտէն ծանօթանան այս բոլորին:

Հ.- Առաջին հերթին կը խնդրեմ, որ ներկայացնէք Ուսումնական խորհուրդին պարտականութիւնը:

Պ.- Ուսումնական խորհուրդը, ըստ Կանոնագրութեան, ազգային վարժարաններու գերագոյն մարմինն է, որ կը մշակէ վարժարաններու բարեկարգման ծրագիրներ, կը քննէ վարժարաններու նախահաշիւ պիւտճէն, հաշուական պատկերները, նիւթական վիճակը… Խորհուրդը կը նշանակէ վարժարաններու խնամակալ մարմինները, որոնք դպրոցներու վերահսկող մարմիններն են` տնօրէններուն կողքին: Լիբանանեան ծրագիրի գործնականացման պարտականութեան կողքին, խորհուրդը կը կազմէ հայագիտական դասանիւթերու ծրագիրները եւ կը ճշդէ եղանակները: Ծրագիրներուն մէջ նաեւ անշուշտ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ազգային վարժարաններու մէջ մարդկային պաշարներու զարգացումը` ուսուցիչներու եւ տնօրէններու վերապատրաստութեան աշխատանքը: Մենք բոլորս մնայուն կերպով սորվելու ընթացքի մէջ ենք եւ պէտք է ըլլանք, մենք մեզ միշտ պէտք է պատրաստենք, որպէսզի լաւագոյնը տանք եւ լրացնենք օրուան պահանջները:

Հ.- Նշեցիք, որ կրթական համակարգի ուսումնասիրութիւնն ու պատրաստութիւնը Ուսումնական խորհուրդի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ: Այս բոլորին մէջ ուսուցիչը դեր ունի՞:

Պ.- Կը հաւատանք, որ ուսուցիչը պէտք է ունենայ իր հեղինակութիւնը, ունենայ կրթական ծրագիրներու մշակման մէջ իր ըսելիքը, որովհետեւ ինք աշակերտներուն հետ անմիջական կապն է: Ուսումնական խորուրդ-տնօրէն-ուսուցիչ գործակցութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կրթական գործը հաւաքական աշխատանք է: Ուսումնական խորհուրդը հսկողի դեր չունի, այլ` ընդհանուր ուղեգիծին գծով կ՛ունենայ իր ներդրումը: Լիբանանի կրթական ծրագիրը յստակ է, եւ անիկա մեր ուղեցոյցն է, որուն վրայ կ՛աւելնան հայագիտական դասանիւթերու դասաւանդման ծրագիրի պատրաստութիւնը, արտադասարանային աշխատանքները: Աշխատանքի առիւծի բաժինը տնօրէններուն ուսերուն կ՛իյնայ: Մենք ուղեգիծը կը ճշդենք, իսկ մանրամասնութիւններուն ճշդումը, գործնականացումը կը մնայ տնօրէններու պարտականութիւններու սահմաններուն մէջ:

Հ.- Ուսումնական խորհուրդը գլխաւոր ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունի:

Պ.- Ներկայիս մեր հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է Ազգային միացեալ վարժարանի հիմնադրութիւնը, ծրագրումը, բացումը: Արդէն կան ազգային 10 վարժարաններ, որոնք ունին ընթացիկ հարցեր, որոնցմով կը զբաղի Ուսումնական խորհուրդը…

Հ.- Ազգային միացեալ վարժարանի աշխատանքները ո՞ւր հասած են:

Պ.- Շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, իսկ կրթական-մանկավարժական ծրագիրը կը պատրաստուի: Մօտիկ ապագային կը սկսի ուսուցիչներու եւ պաշտօնէական անձնակազմերու նշանակման աշխատանքը, եւ ասոնց հետ զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ վարժարանի ներքին քաղաքականութեան եւ կանոններու մշակումը: Այս բոլորը այդքան ալ նորութիւններ չեն, բայց զանոնք  պէտք է պատշաճեցնել ժամանակակից պայմաններուն: Մենք կը հաւատանք, որ գալիքին Ազգային միացեալ վարժարանը մեծ օգուտ պիտի բերէ ո՛չ միայն գաղութին, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան:

Հ.- Ազգային միացեալ վարժարանի բացման թուականը յստա՞կ է:

Պ.- Մանրամասնութիւնները աւելի ուշ կը փոխանցենք մամուլով:

Հ.- Վերջապէս, ինչպէս կ՛արժեւորէք հայկական  վարժարանին դերը:

Պ.- Հայկական վարժարանը մեր գոյութեան խարիսխն է: Տասնեակ տարիներէ կայ նոյն տեսլականը, որ կը մնայ ու պիտի մնայ: Եթէ հայկական վարժարան չունենանք, ապա մեր գոյատեւումը հարցականի տակ կ՛ըլլայ:

Հ.- Ո՞ր արժէքները ամուր կը պահեն հայ դպրոցը:

Պ.- Ամէնէն կարեւորը ժողովուրդին հաւատքն է հայ վարժարանին նկատմամբ. կարեւորը այն է, որ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը մօտենայ, ի՛նչ կեցուածք ունի հայ դպրոցին նկատմամբ: Այս մէկը վերնագիրն է բոլոր հարցերուն: Նիւթական ու այլ հարցեր երկրորդական են, եթէ համեմատութիւններ կատարենք: Հայ վարժարանը մարդակերտումի կեդրոն է, որ հաստատուած է ժողովուրդին համար, եւ ժողովուրդը ինքն է, որ պէտք է պահէ եւ իր ներդրումը ունենայ այս վարժարաններու զարգացման մէջ:

Նախորդը

Թուրք Զինուորականները Տատիս Ու Քոյրերին Բռնի Տարել Են Մարագը Եւ Կրակի Տուել. Յասմիկ Կանայեանի Պատմութիւնը 1905 Թ. Իգդիր

Յաջորդը

Ըստ «Ակօս»-ի, Պոլսահայութիւնը Անտարբեր Է «Արմէն» Ճամբարի Հարցով

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?