
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Թեհրանի մէջ յայտարարեց. «Ան, որ սուրիական պետութեան դէմ զէնք կը բարձրացնէ, ահաբեկիչ է»:
Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ չափաւորական ընդդիմութեան օդային աջակցութիւն ցուցաբերելու մտադրութեան մասին հարցումի մը` Մոալլեմ նշեց. «Մեզի համար Սուրիոյ մէջ չափաւորական եւ ոչ չափաւորական ընդդիմութիւն գոյութիւն չունի»: Ան յայտարարեց. «Կը զօրակցինք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի որեւէ ջանքի, որ սուրիական կառավարութեան հետ համակարգուած եւ երկխօսութեամբ կ՛ըլլայ, այլապէս` սուրիական գերիշխանութեան խախտում մը պիտի ըլլայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Մոալլեմին յայտնեց, որ Իրան կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցիլ Սուրիոյ:
Մոալլեմ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով մէկ օր առաջ Թեհրան հասած էին իրանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկելու համար սուրիական տագնապի լուծման իրանեան նոր նախաձեռնութիւնը:
Իրանեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ չորս կէտերէ, առաջին կէտը կոչ կ՛ուղղէ անմիջական զինադադարի հաստատման, երկրորդը` ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան, երրորդը` սուրիական սահմանադրութեան բարեփոխման այնպիսի ձեւով մը, որ կը բաւարարէ Սուրիոյ ազգային ու յարանուանական խմբաւորումները, իսկ չորրորդը` միջազգային դէտերու հսկողութեամբ ընտրութիւններու կայացման:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշած է, որ նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է եւ անոր շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարուած են Թուրքիոյ, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան երէկ յայտնեց, որ իրանեան նախաձեռնութիւնը իրանեան եւ սուրիական կողմերուն միջեւ մանրամասն խորհրդակցութիւններէ ետք պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:
Ան նշեց, որ հրապարակուած վերոնշեալ չորս կէտերը պարզապէս նախատեսութիւններ են:
Օպամա. «Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Իրատեսական
Քաղաքական Հոլովոյթ Մը Անհրաժեշտ Է»
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է «իրատեսական քաղաքական հոլովոյթ», որ կը տանի «երկրի կայունացման եւ ամբողջ ժողովուրդը ներկայացնող նոր կառավարութեան ձեւաւորման»:
Ըստ անոր, իրենք Պան Քի Մունի հետ միասին «խորապէս մտահոգուած են Սուրիոյ մարդասիրական ճգնաժամէն» եւ կ՛ընդգծեն արաբական այդ հանրապետութեան մէջ բռնութիւնը կանգնեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Մենք կարծիքներ փոխանակեցինք այն բանի շուրջ, թէ մեր դիւանագիտական խումբերը ինչպէ՛ս կրնան միւս շահագրգիռ կողմերուն հետ միասին աշխատիլ այդ խնդիրի լուծման համար», նշած է Օպամա: