Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Մէջ «Գէորգ Արապեան» Դպրոցի Բացման Առիթով

August 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

kevork_8-06-15

Նախորդ ամսուան սկիզբը` 4 յուլիսին, Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Գէորգ Արապեան» հայկական վարժարանին` ներկայութեամբ հայկական եւ ֆրանսական քաղաքական դէմքերու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով վարժարանի բարերար, լիբանանահայ Գէորգ Արապեանի արտասանած խօսքը:

Դպրոցը բացինք, բարով գործածէք, շնորհաւոր ըլլայ, բարի վայելում: Բոլորս ալ ուրախ ենք, աշակերտէն մինչեւ նախարար եւ պետութիւն: Այսօրուան յաջողութիւնը կը պարտինք Նորվան սրբազանին (Նորվան արք. Զաքարեան, ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ – «Ա.»): Այս անբասիր հոգեւորականը որոշեց, իր շուրջ մարդիկ հաւաքեց, ծրագրեց, աղօթեց եւ սպասեց: Աստուած լսեց եւ յաջողցուց:

Խօսինք հայ դպրոց հիմնելու եւ պահելու մասին: Բացողներ եւ փակողներ: Ես ձեզի պիտի պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս Պէյրութի մէջ դպրոց մը բացուեցաւ: Գործիս բերումով յաճախորդ մը ունէի, որուն մեծ հայրը ականատես եղած էր Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի բացման: Ան իննիսունհինգ տարեկան ալեհեր ծերունի մըն էր: Երբեմն զինք կը բերէին թոռնիկին քով: Ուշիմ, յիշողութիւնը պահած անձ մըն էր: Զիս լաւ կը ճանչնար: Ըսաւ. «Արապեա՛ն, քո՛վս եկուր, հո՛ս նստէ, դուն հայ ես,- ըսաւ , եւ ես ալ այո՛ ըսի, ինք շարունակեց.- դուք` հայերդ ուսումը շատ կը սիրէք, ձեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը ուսեալ է, ես ալ կը սիրեմ ուսումը, տղոցս բարձրագոյն ուսում պարտադրած եմ, մէկը Եւրոպա դեսպան է,- եւ աւելցուց.- հիմա քանի՞ դպրոց ունիք Լիբանանի մէջ: Պատասխանեցի` 65:

Մարդը զարմացաւ. «Երէկ մերկ եւ գաղթական եկաք եւ այսօր 65 դպրոց ունիք»:

Ապա պատմեց հետեւեալը.

«Ես 6-7 տարեկան էի, օր մը մեր տան դուռը զարնուեցաւ: Մայրս գնաց, դուռը բացաւ, ես ալ իր քովն էի: Երկու հոգի եկած էին, մէկը օտար եւ միւսը` տեղացի: Մօրս հարցուցին, որ պատանի տղայ ունի՞, որ կ՛ուզէ ուսանիլ, թող գայ, մենք դպրոց բացած ենք եւ աշակերտ կ՛ուզենք»: Այս կը պատահի 1870-1880 տարիներուն: Այս մարդիկ եկած էին էշերու վրայ նստած, ներկայի դիւրութիւնները չկային: Գացին եւ մեր գիւղի բոլոր տուներուն դռները զարկին եւ աշակերտ փնտռեցին»:

Այս դպրոցը այսօրուան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանն է, ուր 40-է աւելի երկիրներէ ուսանողներ կ՛ուսանին: Այդ շրջանին ո՛չ թերթ կայ, ո՛չ ալ ռատիօ: Այդ մարդիկ ստիպուած էին տուն-տուն այցելել էշերու վրայ նստած: Այս համալսարանը Միջին Արեւելքի մէջ փարոս մըն է: Շրջանի ղեկավարներու մեծ մասը աւարտած է այս համալսարանը: Մենք` հայերս, շատ օգտուած ենք այդ համալսարանէն, օրինակ` համբաւաւոր բժիշկ Երուանդ Ճիտէճեանը. դրացի երկիրներէ մարդիկ կու գային եւ պանդոկներու մէջ կը սպասէին, որ իրենց հերթը գար վիրահատման ենթարկուելու համար: Հոն էին նաեւ յայտնի բժիշկներ Ենիգոմշուեան եղբայրներ, մանրէաբան Մաթոսեան: Նաեւ` ճարտարապետութեան փրոֆեսէօր Խոսրով Երամեան, որ սերունդ հասցուց: Տասնեակներով հայ աղջիկներ հիւանդապահութեան բաժանմունքը կ՛երթային, երկու տարուան ուսումէ ետք աշխատանքը պատրաստ էր:

Օտարը եկաւ եւ օտարին դպրոց բացաւ, օտարը օտարին նպաստ հաւաքեց, դպրոց շինեց: Իշու վրայ նստած` աշակերտ հաւաքեց:

Հարցում: Հայը հայուն համար ի՞նչ ըրաւ:

Գործող, պատրաստ շէնքերով դպրոցի դռներ փակուեցան: Դպրոց կար, որ փարոս էր: Կէս միլիոնէ աւելի հայերու ուսուցիչ կը հայթայթէր: Այսօր հայերէնի ուսուցիչի տագնապ կայ: Խօսքը կը վերաբերի 1926-ին հիմնուած Մելգոնեան հռչակաւոր վարժարանին, որ հիմա չկայ: Ան տուած է գրողներ, բանաստեղծներ, ուսուցիչներ, գործիչներ: Հայերէն սորված ենք մելգոնեանցի ուսուցիչէն: Որքան որ ալ զարմանալի թուի, հայ դպրոցը փակողներ հայրենիքի մէջ պատիւներու կ՛արժանանան: Զարմա՛նք:

Դպրոց կառուցողներու պարտականութիւնը աւարտած կարելի է համարել: Այժմ անհրաժեշտ է շարունակութիւնը երաշխաւորել: Այդ պիտի գայ գաղութէն, ժողովուրդէն, ձեզմէ, համեստներէն եւ այս գաղութին մէջ ապրող յաջողած հայերէն:

Կարեւոր է, որ պատերը չըլլան նպատակ, այլ` բովանդակութիւնը, այսինքն` անոր մէջ ջամբուող հայեցի կրթութիւնը:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Կրկին Խօսինք Մշակոյթի Մասին, Որ Ազգին Համար Էական Քաղաքականութիւն Է

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.