
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առնչութեամբ ազրպէյճանական այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան» կիներու խորհուրդը նամակ յղած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այդ նամակին պատասխանած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա` յայտնելով. «Շնորհակալ եմ 28 յուլիսին ուղարկուած նամակին համար: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի համար առաջնահերթութիւն է: Իբրեւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ինծի համար եւս կարեւոր է հայ-ազրպէյճանական, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կրնայ ապահովել Ազրպէյճանի զարգացում եւ ամբողջ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կայունութիւն: Ես, իբրեւ դեսպան, կարելի ամէն ինչ պիտի ընեմ եւ պիտի օգնեմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ տագնապի կողմերուն` զինուորական գործողութիւններու նոր սկիզբը խոչընդոտելու եւ բանակցութիւններու ճանապարհով արդար եւ շարունակական խաղաղութիւն ձեռք բերելու հարցին մէջ»:


