
Հայաստանի նախկին վարչապետ, Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Հրանդ Բագրատեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ երկխօսութեան արդիւնքը արդէն յայտնի պէտք է ըլլայ սեպտեմբերի աւարտին. կա՛մ արդիւնք կայ, կա՛մ չկայ: Ան աւելցուց, որ ըսելիք շատ բան չունի, քանի որ ո՛չ լաւատես, ո՛չ ալ յոռետես կ՛ուզէ ըլլալ` «սպասենք եւ տեսնենք»:
«Չեմ ուզեր իրադարձութիւնները նախատեսել, այլ կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այդ երկխօսութիւնը պիտի ըլլայ հրապարակային, ժողովուրդին համար եւ լաւ բան մը պիտի աւելցնէ Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին մէջ: Չեմ ուզեր, որ ասիկա ալ դաւադրութեան վերածուի», ընդգծեց ան:


