
«Էրմէնիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Մարութայ սարի ստորոտին գտնուող պատմական հայկական Ս. Առաքելոց վանական համալիրը ոչնչացման եզրին է:
Թրքական haberler.com կայքին համաձայն, եկեղեցւոյ կառոյցներուն մեծ մասը քանդուած է, միակ համեմատաբար ամբողջական կառոյցը երկյարկանի դահլիճն է, ուր ժամանակին թատերական ներկայացումներ բեմադրուած եւ այլ նմանատիպ միջոցառումներ տեղի ունեցած են: Այդտեղ գումարուած են նաեւ Տիգրանակերտի, Մարտինի, Քալէյոլուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ժողովները, իսկ տրուած որոշումները փոստատարի միջոցով ուղարկուած են Մարտին եւ Տիգրանակերտ:
Երկյարկանի կառոյցի առաջին յարկը փլուզումներու հետեւանքով հողով լեցուած է:
Սուրբ Առաքելոց վանական համալիրը ծանօթ է նաեւ իբրեւ Քոմքի եկեղեցի: Համալիրը, յարակից տարածքն ու գերեզմանոցը գանձ որոնողներու կողմէ անխնայօրէն քանդուած են:
Գանձ որոնողներու պատճառած վնասներէն բացի, համալիրի տարածքը նաեւ անասուններու համար ապաստանարանի վերածուած է: Հակառակ այս բոլորին, հնամենի ուխտատեղին իր տեսքով կը շարունակէ գրաւել ուխտաւորներու ուշադրութիւնը:
Սուրբ Առաքելոց վանքի եւ համալիրի կառուցման ստոյգ տարեթիւը յստակ չէ, սակայն կ՛ենթադրուի, որ կառուցուած է 1300-ականներուն: Միջնադարուն համալիրը եղած է Սասունի հոգեւոր կեդրոնը` եպիսկոպոսարանը: