Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլզ. «Կ՛ամրապնդենք Մեր Կապերը Հայաստանի Օրէնսդիր Կառոյցի Հետ»

Օգոստոս 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-02-15_milz-18

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ գործակցիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ` զարգացնելու ժողովրդավարական հաստատութիւնները, ամրապնդելու Հայաստանի անվտանգութիւնը զինուորական համագործակցութեան միջոցով եւ ընդարձակելու երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան շրջանակն ու տիրոյթները», ըսաւ Երեւանի մէջ  Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ` տեսակցելով Ազգային ժողովի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբին հետ:

«Ազգային ժողովը կարեւոր գործընկեր է հայ-ամերիկեան կապերու խորացման հարցին մէջ, եւ  մենք կ՛աշխատինք աւելի սերտօրէն ամրապնդելու մեր կապերը Հայաստանի օրէնսդիր կառոյցին հետ», նշեց դեսպանը:

Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Սամուէլ Նիկոյեան բարձր գնահատեց երկու երկիրներու համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ եւ կարեւոր նկատեց խումբի գործակցութիւնը ոչ միայն Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան, այլեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ:

Պատգամաւորներ, բարեկամական խումբի անդամներ Հերմինէ Նաղտալեան, Թեւան Պօղոսեան, Խաչատուր Քոքոբելեան, Վարդան Օսկանեան, Գուրգէն Արսէնեան եւ Արծուիկ Մինասեան, կարեւոր նկատելով Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական յարաբերութիւնները, ներկայացուցին խումբին օրակարգային հարցերը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ազգային անվտանգութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, հայ – թրքական յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանական սահմանին տիրող լարուածութեան, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ տնտեսական համագործակցութեան, Որոտանի կայանի վաճառքին եւ այլն:

Դեսպան Միլզ նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի հետ` ներկայութեամբ դեսպանութեան տնտեսական եւ առեւտրական  հարցերով պատասխանատու Էլիզապեթ Հաննին, Հայաստանի տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:

Նախարար Ճշմարիտեան ողջունելով հիւրերը` շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին զբօսաշրջութեան եւ օդանաւորդութեան մարզերուն մէջ բարեփոխումներուն Միացեալ Նահանգներու միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան  աջակցութեան համար: Ան նաեւ  շեշտեց համաշխարհային դրամատան աջակցութիւնը տեսչական բարեփոխումներու գործին մէջ:

Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար, ընդգծեց, որ թուարկուած մարզերը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համար եւս առաջնահերթ են: Ան յոյս յայտնեց, որ նշեալ հայեցակարգը պիտի անդրադառնայ նաեւ մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան հարցերուն, որովհետեւ նշեալ մարզը, մասնաւորապէս, ապրանքային նշաններու արձանագրութեան  տեսանկիւնէն եւս մեծ կարեւորութիւն կը  ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու  գործարարներուն համար: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ հարցը կը ներառուի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիրի ծիրին մէջ հոկտեմբերին նախատեսուած հանդիպման օրակարգին վրայ:

Դեսպան Միլզ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ Արդիւնահանող ճիւղերու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան անդամակցելու ձեր պատրաստակամութեան համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ կատարել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը թեկնածու-երկիր դառնալու համար»:

Կողմերը  նաեւ քննարկեցին Հայաստանի  կառավարութեան եւ Պերլինի Մշակութային դիւանագիտութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ 14-էն 16 հոկտեմբերին  Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Միջազգային առեւտուր եւ ներդրումներ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ» խորագիրը կրող «Հայաստան. տնտեսական համաժողով 2015» խորհրդաժողովին առնչուող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Սպասելով 7 Օգոստոսի Եւ 20 Սեպտեմբերի Ժամկէտներուն`. Իրադրութիւնը Հետզհետէ Կը Սրի, Մինչ Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Առաջին Տեղակալին. Ուաշինկթըն Պիտի Օգնէ Ղարաբաղեան Գօտիին Մէջ Զինադադարի Պահպանման

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?