Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 8. Սուրիահայութեան Տագնապ. Զգուշ Ըլլանք Բոլորս

Օգոստոս 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սուրիահայութեան  դիմագրաւած տագնապը օրէ օր կը սաստկանայ, եւ մտահոգութիւնները կը բազմանան: Ցաւը մեծ է եւ վէրքը կը կոտտայ ամէն վայրկեան: Պատմական գաղութ մը, կազմակերպ համայնքային կեանք մը եւ հայութեան ու Հայ դատի հետապնդման մարդուժ հայթայթող կարեւոր ազգային շտեմարան մը, այսօ՛ր մահ ու կենաց պայքարի մէջ է:

Սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան այս ճգնաժամը խոր մտահոգութեան մատնած է ամբողջ հայաշխարհը: Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, հայ անհատը ամէն օր կ՛ընդվզի եւ կը փորձէ ձեւով մը թեթեւցնել իր տագնապահար եղբայրներուն եւ քոյրերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Տագնապի առաջին իսկ օրէն, լիբանանահայութիւնը անմիջապէս առնչուեցաւ այս համահայկական մեծ տագնապին: Համայնքի  յարանուանութիւնները,  կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ բարեսիրական զանազան կառոյցները փորձեցին եւ կը շարունակեն կարելիութեան սահմաններուն մէջ փութալ իրենց հարազատներու օգնութեան: Ստեղծուած խուճապահար վիճակը բնական երեւոյթ պէտք է նկատել: Ո՛չ ոք կ՛ակնկալէր, որ դէպքերը այսպէս թաւալգլոր ձիւնագնդակի նման պիտի բարդանային ու հարցերը խճճուէին:

Այո՛, լիբանանահայութիւնը հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան տագնապը վերածեց իր տագնապին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ձեռք բերած իր փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ այս տագնապէն յառաջացած ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու լուծման: Սակայն կարիքները օրէ օր բազմացան, եւ ստեղծուեցաւ ծանրակշիռ կացութիւն. բնական է, որ այս բարդ իրականութեան մէջ արձանագրուին բացթողումներ եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ ականատես ու ականջալուր դառնանք երբեմն անպատասխանատու արտայայտութիւններու ու վերաբերմունքներու:

Կրնայ պատահիլ, որ կարգ մը ծառայողական խնդիրներու լուծման համար ամբողջական դեղատոմս կարելի չըլլայ ապահովել, բայց յստակ է, որ առողջապահական ու ընկերային խնդիրները կը մնան հիմնական առաջնահերթութիւն եւ այս իմաստով անպայման որ հարկն ու պատշաճը կը տնօրինուի` նոյնիսկ «գլուխը պատին զարնելու» աստիճան ցուցաբերուած ճիգով ու անկարելին կարելիի վերածելու վճռակամութեամբ:

Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն երեւոյթը, որ այսօր Լիբանանը ընդհանրապէս իր սահմանափակ կարելիութիւններով գրեթէ կքած է մօտաւորապէս 1,5 միլիոնի հասնող սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան եւ անոնց անմիջական պէտքերուն անսալու ծանր պարտաւորութեան տակ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է այս դիտանկիւնէն նաեւ մօտենալ ու ըմբռնել կացութիւնը:

Աւելի՛ն, պէտք է հասկնալ նաեւ, որ տագնապահար Հալէպի ժողովուրդը, որ ժամանակաւորապէս կայք հաստատած է Լիբանան եւ կ՛ապրի սպասողական վիճակի մէջ, ի վիճակի չէ մնայուն գործի եւ բնակարանի հարցերը լուծելու, որովհետեւ վաղը կամ միւս օր արդէն ճամբորդ է դէպի արտասահման:

Դժուար է այս ընդհանուր ծանր կացութեան եւ թոհուբոհին մէջ հանդարտութեան եւ համբերութեան կոչեր արձակել: «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ», կ՛ըսէ ժողովրդային առածը: Որքան ալ կարեկցանք եւ հասկացողութիւն ցուցաբերուած ըլլայ, մի՛շտ ալ կարելի չէ դիմացինին մորմոքը, վիշտը եւ ցաւը փարատել:

Այս բոլոր իրողութեանց դէմ յանդիման գտնուելով հանդերձ, վերջին շրջանին զարմանալիօրէն ընկերային ցանցերու վրայ կը հանդիպինք երբեմն սրտցաւ, երբեմն կրքոտ, երբեմն նաեւ անպատասխանատու արտայայտութիւններու,  որոնք «ջուրը պղտորելէ» եւ մեր թշնամիներուն ախորժակներուն յագուրդ տալէ բացի ուրիշ նպատակի չեն ծառայեր: Մանրամասնութիւն մը ընդհանրացնելով, սխալ վերաբերմունք մը համաժողովրդային քննարկումի արժանացնելով, տգէտի մը արտայայտած մտածումին վաւերականութիւն տալով եւ իբրեւ այդպիսին քննարկում ծաւալելով մենք պարզապէս կացութիւնը կը բարդացնենք եւ արդէն իսկ ճնշուած իրավիճակը կը վերածենք անշնչելի մթնոլորտի:

Բայց մանաւա՛նդ անընդունելի, անբացատրելի  եւ պախարակելի է նոյնիսկ ոչ խելամտօրէն եւ միամտութեամբ ու անգիտակցաբար դրսեւորուող հալէպահայ – պէյրութահայ ամօթանք պատճառող վէճերու հրահրումը եւ դրսեւորումը: Այստեղ զգաստացումը անհրաժեշտ է:

Բոլոր ժամանակներէ աւելի,  պատասխանատու խօսքը, յանձնառու կեցուածքը, հարցերուն նկատմամբ հասկացողութեան ցուցաբերումը կը մնան ընկերային-տնտեսական այս ճգնաժամը հաւաքաբար յաղթահարելու հիմնական գրաւականները: Այսպիսի պարագաներուն ամէնէն դիւրին գործը փոխադարձ քննադատութիւնն է եւ ամէնէն արագ ընկալուողը` աժան ամբոխավարութիւնը: Եթէ այսպիսի ծանրակշիռ կացութեան մէջ անհատը ունի լուրջ ըսելիք եւ ընելիք եւ ի վիճակի է իր տեսակէտը բանաձեւելու, պէտք է գիտնայ, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք է հասցէագրէ իր մտահոգութիւնը: Այսպիսի մտահոգութեանց արձագանգումը ընկերային  ցանցերու վրայ կացութեան չի նպաստեր, այլ ժողովուրդը կը մոլորեցնէ ու հիասթափութեան կ՛առաջնորդէ:

Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ սուրիահայութեան հասած որեւէ հարուած նախ եւ առաջ հարուած է լիբանանահայութեան: Հետեւաբար միանգամընդմիշտ պէտք է հեռու պահել նոյնիսկ միամտօրէն եւ անզգալաբար դրսեւորուող բաժանարար տեսակէտներ եւ արտայայտութիւններ: Այսօր բոլորիս հիմնական առաջադրանքը միացեալ ճիգերով վտանգի հաւաքական դիմակալումն է, օժանդակութեանց աշխատանքներու  ծաւալումը եւ հաւաքական կամքի բարձր պահպանումը: Ժամանակը կարելի չէ վատնել ու մսխել ոչ հիմնաւորեալ վերլուծումներով, ենթակայական մօտեցումներով եւ թերացումներ մատնանշելով:

Բոլորս միասին եւ պատասխանատուութեան բարձր դրսեւորումով միայն կրնանք յաղթահարել այս տագնապը:

Կը յաղթահարենք անպայմա՛ն:

 

 

 

Նախորդը

Ներկայացում` «Ինչպէս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը /Ժամանակագրութիւն, Կազմակերպութիւն, Դէպքեր Եւ Դէմքեր/» Նիւթով

Յաջորդը

Ազնաւուր Հմայեց…

RelatedPosts

Շանթը  (Շանթ Եագուպեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շանթը (Շանթ Եագուպեանի Յիշատակին)

Դեկտեմբեր 2, 2023
Ժոզեֆ Գալուստեանի Յիշատակին  (Սրտի Հարազատ Ու Ճշմարիտ Խօսք` Փոխան Ծաղկեփունջի, Խունկի Ու Մոմի)
Անդրադարձ

Ժոզեֆ Գալուստեանի Յիշատակին (Սրտի Հարազատ Ու Ճշմարիտ Խօսք` Փոխան Ծաղկեփունջի, Խունկի Ու Մոմի)

Դեկտեմբեր 2, 2023
Լեւոն Յակոբի Թորոսեան.  Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ  Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով
Անդրադարձ

Լեւոն Յակոբի Թորոսեան. Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով

Դեկտեմբեր 2, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In