Յարգա՛նք ձեզի, աննմա՛ն մարտիկներ,
Յարգա՛նք ձեզի, սիրելինե՛ր, Արա Քըրճլեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնէեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Սարգիս Աբրահամեան:
Պատի՛ւ ձեզ ծնող մայրերուն եւ ընտանիքներուն, որոնք դարձան վահանը նորօրեայ մեր պայքարին եւ վերակենդանացուցին անշէջ կրակը ազատութեան:
Հինգ հերոսներ, գիտակից նահատակութեամբ ձեր արիւնը շաղախեցիք մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ու հայրենիքի գոյատեւման շարունակուող պայքարին:
26 յուլիս 1983-ի երեկոյեան, տակաւին ժպիտը ձեր դէմքերուն, երիտասարդական աննման խանդով կը մտածէիք վաղը ժողովուրդին տալիք ձեր պարգեւին մասին:
Ու վաղը` 27 յուլիսին, արդէն դարձաք նահատակներ` նոր լոյս ու յոյս, նոր աւիւն պարգեւելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան վաղուց սկսած ու դեռ չաւարտած յեղափոխական պայքարին:
Պարզ երիտասարդներ էիք դուք, աշխատաւոր ու ճակտի քրտինքով ձեր կեանքը վաստակող երիտասարդներ, մեր ժողովուրդի տագնապներն ու տառապանքը ամէն օր համտեսող երիտասարդներ, հայրենիքէն հեռու ծնած, հայրենիքի սիրով ապրած այրող հոգիներ:
Ապագայ ունէիք ձեր դիմաց: Կրնայիք հեռանալ ձեր ժողովուրդէն: Կրնայիք լքել ձեզ այրող ազգային ցաւերը: Կրնայիք բռնել օտարացումի ճամբան: Կրնայիք խօսիլ միայն, խօսիլ, քննադատել ու գանգատիլ: Կրնայիք տակաւին ոչինչ ընել, պարզապէս դիտել ու սպասել:
Բայց որոշեցիք քալել դէպի գագաթ: Խօսքի փոխարէն` գործը ընտրեցիք: Մերժեցիք սովորականը, ընտրեցիք գերագոյն զոհաբերութիւնը: Եարի փոխարէն` զէնք գրկեցիք ու այդ զէնքը ուղղեցիք թշնամիին, մեզ հարուածող թշնամիին, մեր հայրենիքը գրաւող թշնամիին ու մեզ ոչնչացումի տանող թշնամիին:
Ճզմեցիք ձեր եսը, մերժեցիք ամէն ինչ, որ անձնական է: Արհամարհեցիք նիւթը, դրամը, շահը, տունն ու տեղը, աթոռը, հռչակը ու վերածուեցաք մէկական ուժանակի, մէկական նռնակի ու պայթեցուցիք ձեր մարմինները` միաժամանակ պայթեցնելով խոր թմբիրի մէջ իր հանգիստը ապահովող հայ մարդը:
Անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր ձեր նահատակման գործողութիւնը: Լիզպոնը անձնասպանական գործողութիւն չէր, այլ` նահատակութեան աքթ ու վերընձիւղման ազդանշան, որ նոր ուժականութիւն տուաւ մեր ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ դատի հետապնդման արիւնոտ, փշոտ ու երկար ճանապարհին վրայ:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն, երբ կը հաւաքուինք Լիզպոնի հերոսութեան երեսուներկուերրորդ նշումին առիթով, ու մեր աչքերուն առջեւ դարձեալ կը տողանցեն թշնամիի դեսպանատան գրաւումն ու պայթեցումը ներկայացնող պատկերներ, վերյիշումին զուգահեռ ու անկէ անդին` պարտաւոր ենք վերադառնալ նաեւ գէթ վերջին հարիւրամեակին մեր Դատի հետապնդման ճանապարհին մէկէ աւելի հանգրուաններով դրսեւորուող եւ յեղափոխական աւանդներով ուժի արտայայտութիւններ եղող, ոճով տարբեր, սակայն խորքով նոյն նպատակին ու թիրախին ուղղուած հարուածներուն:
Ու եթէ ուզենք վերադառնալ մինչեւ Պանք Օթոման ու յուլիս 25-ի Խանասորի արշաւանք ու բազում այլ հակաթուրք գործողութիւններ` նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանին եւ դեռ վերյիշենք ապստամբական արարքներն ու ինքնապաշտպանութեան կռիւները` իբրեւ միջոց մեր Դատի հետապնդման ու պատասխան թուրքին եւ զինք հովանաւորող պետութեանց, պիտի հաստատենք անպայման, որ մեր ժողովուրդի գոյատեւման պատմութիւնը ըստ էութեան հիմնուած է Հայկէն եկող ու հայութեան ազատ ինքնութիւնը պահպանելու համար արձակուած նետին վրայ, որ կը շարունակուի նպատակասլաց կերպով ուղղուիլ, մինչեւ որ հասնի իր նպատակին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաստատման ու կայացման:
Ու այս շղթային զօրեղ մէկ արտայայտութիւնն է Լիզպոնի նահատակութիւնը: Ու այդ շղթային առաջին օղակը եթէ Բէլին դէմ արձակուած Հայկի նետն է, այնուհետեւ մեր պատմութեան ընթացքին կռանուած նոր օղակներ եկան աւելնալու` հասնելու համար այսօրուան մեր պայքարին:
Անցնող հարիւրամեակի ինքնապաշտպանութեան կռիւները, Ցեղասպանութեան պատասխանատուներու պատուհասումի «Նեմեսիս»-ի գործողութիւնները, հայկական յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու պատմական ու անկիւնադարձային համաժողովրդային որոշումը, լիբանանեան պատերազմին ինքնապաշտպանութեան մարտերը եւ միաժամանակ ու աշխարհով մէկ քառասուն տարի առաջ սկսած թուրք պետական շահերն ու հաստատութիւնները հարուածող աքթերը, մինչեւ Լիզպոն ու այնուհետեւ Արցախի ազատագրում, մեր ժողովուրդի պատմութեան ներկայ տագնապալի հանգրուանին մէկէ աւելի դասեր եւ ուղենիշներ կը փոխանցէ ու միաժամանակ զինամթերքը` նոր նուաճումներուն:
Մեր հայրենիքը` Հայաստան ու Արցախ, կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տեւական սպառնալիքներուն ենթակայ: Արցախի սահմաններուն վրայ ազերիական ամէնօրեայ յարձակումները ու ազերի վարիչներու յոխորտալից յայտարարութիւնները մէկ կողմէ եւ թուրք աւագանիին դիւանագիտական բառամթերքով քողարկուած բացայայտ թէ տողատակի սպառնալիքները, պատմութեան շարունակուող նենգափոխումն ու հակահայ ամէնօրեայ կեցուածքները միւս կողմէ` առաջին դիրքը կը գրաւեն մեզի սպառնացող վտանգներուն:
Հայաստանէն դուրս եւս, սփիւռքեան տարածքին ու Միջին Արեւելքի հայատրոփ գաղութներուն` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ դարձեալ Թուրքիան վտանգած է մեր ներկայութիւնը: Մէկ կողմէ եթէ Սուրիոյ պարագային իր ուղղակի ահաբեկչական միջամտութեամբ ու հայահոծ շրջաններու թիրախաւորումով ու, միւս կողմէ, լիբանանեան մակարդակի վրայ դիւանագիտական թէ ապահովական միջամտութիւններով Թուրքիա Ցեղասպանութեամբ սկսած իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը բանիւ եւ գործով կը շարունակէ կիրարկել ու ձգտիլ հայութեան պայքարի հնոցը նկատուող այս շրջաններուն` հայրենամերձ տարածքներուն մէջ ապրող հայութեան պարպումին:
Իսկ անդին` գրաւեալ Հայաստանի թէ Կիլիկիոյ շրջաններուն մէջ, հետզհետէ իր հայկական արմատներուն վերադառնալու թրքացուած հայերու կամքը, թէկուզ եւ հակաթուրք պայքարին մէջ արձանագրուող դրական կէտ կարելի է նկատել, սակայն, փոխարէնը, եւ թրքական քաղաքային շրջանակներու մօտ երեւցող ըմբռնումի մթնոլորտը ցարդ չէ տուած անհրաժեշտ փաստը, թէ թրքական պետական քաղաքականութիւնը ինչպիսի փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ կամ ինչպիսի հակադարձութիւն կրնայ կատարել:
Ու դեռ, իբրեւ չորրորդ վտանգ` կը շարունակէ մնալ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տարբեր չափերով ու տարբեր մակարդակներու վրայ հայութենէն ու հայկական արմատներէն հեռանալու ազգաքանդ երեւոյթով: Երեւոյթ, որ առանց յաւելեալ ճիգի` ջուր կը լեցնէ թրքական ջաղացքին ու ուղղակի հարուած է հայութեան պայքարին:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին կատարուած ու դեռ կատարուող բոլոր միջոցառումները, ազգային ներքին, քաղաքական, կրօնական, դիւանագիտական, անհատական թէ հաւաքական ձեռքբերումները, յիշելու եւ յիշեցնելու շահաւէտ գործընթացը, պետական թէ կրօնական բարձրաստիճան դէմքերու կեցուածքները, գեղարուեստական ելոյթները, թանգարաններու հաստատումը թէ յուշարձաններու կանգնեցումը անտարակոյս հայ ժողովուրդին իրաւունքներու տիրացման, արդարութեան վերահաստատման, Սեւրի դաշնագրով ճշդուած հողային, նիւթական թէ բարոյական հատուցման ճանապարհին աննախընթաց նուաճումներ են, անհրաժեշտ իրագործումներ, անզիջելի յաղթանակներ, որոնք կատարուեցան անցեալին պայքարի դաշտին վրայ ինկած մեր հերոսներուն ժառանգին շնորհիւ:
Յաղթանակներուն յաղթանակը, սակայն, մեր նպատակներու վախճանական յաղթանակը կը կերտուի հայ ժողովուրդի առնական պողպատեայ կամքով: Մեր ժողովուրդի հետզհետէ տկարացող յեղափոխական բնաւորութեան եւ մարտունակ աւանդներու վերականգնումը չի կրնար զիջիլ միւս յաղթանակներուն:
Ու եթէ երբեք Հայաստանի թէ Արցախի մէջ հայկական բանակը կը շարունակէ պահպանել այդ աւանդները, Ցեղասպանութեան դէմ ինքնապաշտպանութեան կռիւներու, «Նեմեսիս»-ի գործողութեանց, հակաթուրք պայքարի մարտնչումն ու Լիզպոնի նահատակութեան աքթը կու տան մեզի բաւարար ներուժ ու ապագայի տեսիլք` ճանաչումէն հատուցում անցնող մեր պահանջին համապատասխան մարտադաշտը մշակելու, հոգիները կռանելու, բռունցքները ամրացնելու ու թշնամիին ըսելու.
Մենք կա՛նք ու կը մնա՛նք:
Մեր նահատակները մեր հանգիստին համար չինկան:
Անոնք ինկան հայրենիքին համար, գրաւեալ բոլոր հողերու ազատագրման համար:
Անոնք ինկան նման անցեալի ջան ֆետայիներուն, եղան նորօրեայ մարտիկներ, Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի ազատամարտիկներ:
Հայ ժողովուրդի մարտունակութեան վերադարձի հրաւէրը թող ըլլայ Լիզպոնի մէջ վառուած բոցը:
Ու այդ բոցավառ ջահը ձե՛րն է, հա՛յ երիտասարդութիւն, ո՛ւր որ ալ ըլլաք, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, գրաւեալ հողերուն վրայ թէ համալսարանի գրասեղաններու ետին:
Հատուցումի ու ազատագրութեան կռիւը ձեզ կը սպասէ:
Դաշտը տկարներուն չէ:
Դաշտը խօսքի վարպետներուն չէ:
Դաշտը, ռազմադաշտը ձե՛րն է, հա՛յ երիտասարդներ:
Ինկան անոնք` մեր սիրելիները:
Մեր մայրերուն արգանդներէն նոր հերոսներ կը ծնին անպայման:
Ու պայքարը կը տարածուի վստահաբար: