ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Սիրելի՛ ծննդավայրս` անկրկնելի Հալէպ…
Պանդուխտի աչքերով հազար օրերու հեռաւորութեան բաժանումէն կը դիտեմ քեզ, աչքերուս կը միանան տասնեակ հազարաւոր այլ աչքեր, որոնք իրենց առաջին լոյսը տեսած են քու ջերմ արեւիդ ճառագայթներէն, կը դիտեն քեզ` հայրենի ծխաններէն, դրացի Լիբանանէն, եւրոպական ոստաններէն Նոր Աշխարհի Ամերիկայէն ու Քանատայէն, մինչեւ ծայրագոյն Արեւելքէն` Աւստրալիայէն:
Երբ գիրկդ կ’ապրէինք, կը դիտէինք քեզի առանց տեսնելու, հիմա հեռու վայրերէն չենք կրնար դիտել, սակայն կը տեսնենք քեզ ամէն վայրկեան` աւելի յստակ, աւելի հարազատ, մանաւանդ` քու փառաւոր անցեալդ, այնքան ատեն որ մեր սիրտերը կը բաբախեն քու ջուրէդ ու օդէդ սնած արիւնով:
Այսօր բոլորեցի բաժանումի հազար օրերը, որոնք հազար տարիներու նման անցան: Ինը հարիւր օրեր առաջ, երբ հարիւրերորդ օրը վերնագիրով յօդուածով մը յիշատակեցի քեզ` փառքդ հիւսելով, բարեկամ մը արտայայտուեցաւ` ըսելով. «Ի՞նչ է բանտարկեալներու նման օրերդ կը հաշուես»: Ա՜խ, ինչո՞ւ այս նմանութիւնը ըրաւ` խոցուած սիրտս կրկին խոցելով: Երանի բանտարկեալ ըլլայի եւ օրերը համրէի, սակայն բանտարկութեանս աւարտը գիտնայի, իմանայի, թէ քանի օր մնացած է քեզի միանալու:
Հալէպէն դուրս երկրագունդն ու անջրպետը բանտ են հիմա բոլոր հալէպահայերուն համար, թշուառ թէ բարեկեցիկ պայմաններու, ուրախ թէ տխուր պահերու մէջ ապրող բոլոր զաւակներդ արթուն աչքերով կ’երազեն քեզ, քու լուրերուդ հետ իրենց սիրտերուն բաբախումները համազարկ` կը սպասեն գեհենային ռումբերու վերջակէտին:
Արտահայաստանի հողերէն դուրս հողդ սրբազան է այսօր, որովհետեւ մեր սրբացուած նահատակներու տարագրութեան ճանապարհի գլխաւոր կայանն էիր դէպի Տէր Զօրի անապատները: Որովհետեւ հնադարեան բերդիդ բարձունքէն յաղթական Տիգրան արքայից արքան ի վաղուց անտի իր շունչը սփռած էր վրադ:
Հնադարեան քարերուդ մէկ մասնիկին հինգհարիւրամեայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ երբ հրաշքը պատահեցաւ, նախապաշարումներու հաւատացողներ սուրճի գաւաթ կարդացողներու նման ըսին, թէ յաճախ հրաշքը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, խնդացինք, կրնա՞ր պատահիլ, որ հրաշքը բարիք չբերէ:
Բարիքը բարի զաւակներդ են, որոնք տարիներ առաջ մեկնած էին, սակայն քեզի հանդէպ իրենց ունեցած սէրը տագնապահար իրենց համաքաղաքացի քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար զօրակոչի վերածուեցաւ, իրենց հացէն ու քսակէն բաժին հանեցին հէգ զաւակներուդ, այս ազնիւ երեւոյթը աննախընթաց էր: Ցեղասպանութենէն ստեղծուած սփիւռք կոչեցեալը իր մէջ երկրորդ սփիւռք մը ծնաւ` սուրիահայոց սփիւռքը:
Մայր հայրենիքը իր սիրտն ու դռները լայնօրէն բացաւ զաւակներուդ առջեւ, ոմանք այլընտրանք չունեցան: Դժբախտութենէն բարեբախտութիւն մը` ակամայ ներգաղթ մը պարտադրուեցաւ հսկայ արտագաղթին դիմաց: Առաջին ներգաղթի դառն օրերը յիշելով` այս անգամ բարիք էր, սակայն` ոչ բարեբեր, քսանհինգամեայ անկախ պետականութենէն պատմական այս պահուն աւելի գուրգուրանք կ’ակնկալուէր. թէ ինչո՞ւ չեղաւ, պատասխանը արտասահման հաց որոնելու մեկնողներուն պատճառին մէջ կը նոյնանայ, ցաւ ի սիրտ մամուլի մէջ կարդացինք, թէ սուրիահայերու հասած նպաստները ոմանց գրպաններուն մէջ հոսած են:
Դար մը մայրական կաթ ներարկեցիր նորաստեղծ գաղթաշխարհի հայութեան, հայ եկեղեցւոյ, մամուլի, գիրի ու դպրութեան ծառայողներ մատուցելով ամէնուր, ուր հայ էակ կ’ապրի:
Յետեղեռնեան հինգերորդ սերունդը արդէն հասակ նետած է` շրջանցելով առաջին երկու սերունդներու զրկանքները, համալսարանական հայ ուսանողներու թիւը հինգ հարիւրի կը հասնի, տարեկան շուրջ հարիւր շրջանաւարտ հայորդիք կը նետուէին կեանքի ասպարէզ, կը կազմէին հայկական օճախներ:
Արդէն երեք տարիներէ ի վեր ողբացեալ զաւակներդ զրկուած են հարազատներու արցունքէն, երբ կը յանձնուին աննշան գերեզմաններու հողին, հայոց գերեզմանատուները կրակի տաք շրջանին մէջ ըլլալուն պատճառով: Մահուան մէջ ալ բախտաւորութիւն կայ եղեր, շատեր գրկեցին հայրենի հողը, յաւերժական Հայաստանի երկնակամարին տակ:
Քաղաքացիական պատերազմի այլազան բարբարոսութիւններու շարքին կռուախնձորի ճակատագիր վիճակուեցաւ քեզի, եւ կիսող դանակը անցաւ մեր հայկական թաղերու մերձակայքէն, հարիւրամեակ մը արիւն քրտինքով, տարագրութենէն ճողոպրած անտուն սերունդի ժառանգը նոյնինքն մեզ տարագրող թշնամիին վարձկաններուն թիրախ դարձաւ:
Հետդ ապրող իւրաքանչիւր զաւակիդ տառապանքը ողբերգական հատորի մը նիւթ է, քեզմէ ակամայ հեռացողներուն տխուր եւ ուրախ պահերն ալ բաժանումի այլ պատկերներ կրնան ըլլալ:
Ունիմ շուրջ քառասուն տարուան աշխատանքի մը արգասիքը եղող շարժուն եւ անշարժ հարստութիւն մը, որ այժմ աւելի աժան է աչքիս, քան խաղաղութիւնդ, ինծի նման բազմահազար քաղաքացիներ կ’ողբան իրենց հարազատներուն կորուստը, գործատեղիներու երդիքներուն եւ ինչքերուն քանդումը: Քեզի միանալու իղձերուս առաջնահերթութիւնը հօրս գերեզմանին վրայ աղօթքի մը մրմունջն ու մօրս դէմքին ու ձեռքերուն շօշափումն է, թէեւ արդի գիտութիւնը խօսելու եւ տեսնելու ամէնօրեայ բարիքը շնորհած է բոլորիս, սակայն տաք շունչի կարօտը ուրիշ է:
Սիրելի՛ եւ պաշտելի իմ Հալէպ,
Զիրար հակասող լուրեր կը շրջին պատերազմի աւարտի մասին ամէն օր, ոմանք մինչեւ տարեվերջ կը յայտարարեն… ո՞ր տարուան վերջը … հզօր նախագահ մը քսան-քսանհինգ տարի նախատեսեց, այսպիսի տեսակաւոր նախատեսութիւններ կան քու մասիդ, դժբախտաբար ոչ ոք կրնայ իրականութիւնը գիտնալ այս լաբիւրինթոս կացութեան մէջ, թէ ինչպէ՛ս սկսան Հալէպի դէպքերը «Սուրիական գարուն»-ի յաջորդ տարին, այդ ալ` ուրիշ պատմութիւն: Յստակ է, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք մեծագոյն քանդումը քեզի վիճակուեցաւ, վերջին տասնամեակին ապրած վերելքդ եւ վերականգնուած հին թաղերդ, ա՜խ, մեծագոյն հաճոյքս այդ նեղլիկ փողոցներուն մէջ ման գալն էր, փուշ եղար դրացիներու աչքերուն, զբօսաշրջիկներու առիւծի բաժինը քեզի ինկաւ, եւ ինչո՛ւ չէ, հնադարեա՛ն իմ քաղաք, հիւրընկալ եւ համեստ ժողովուրդ, բարեբեր եւ ճոխ արտադրութիւն, առատութիւն եւ աժանութիւն, արդիական զբօսավայրեր, իւրայատուկ ճարտարարուեստ, ուր հինը նորին միաձուլուած է, ուտեստեղէնը համեղ եւ արեւելեան դրոշմով կնքուած:
Քու մասիդ պոլսահայ բարեկամի մը հետ զրոյցիս ընթացքին ըսաւ, թէ այնքան շատ բան իմացած է վերջերս, որ երբեմն մեր վերադարձին հետ քեզի այցի գալ կը մտածէ: Վիճակնիս լաւ կը հասկնայ, որովհետեւ նմանութիւն մը տեսաւ Թուրքիոյ մէջ 1942-ին հռչակուած ոչ մահմետականներու «Ունեւորութեան տուրք»-ին, ապա 6-7 սեպտեմբեր 1956-ի դէպքերուն եւ մեր կացութեան միջեւ. բոլոր պարագաներուն` նոյն «հերոս»-ին կողմէ սարքուած, տեղահանութեան եւ ցրւումի արդի քաղաքականութեան մը ծրագիրով:
Հիմա բոլորս կը սպասենք խաղաղութեան աղաւնին, որուն պիտի յաջորդէ դարձի շեփորը, եւ` տարագիր զաւակներուդ վերադարձը գիրկդ. բոլորս ալ կ’աղօթենք, որ այդ օրուան արեւը շուտով ծագի` պանդուխտներուդ դարձի ճանապարհը լուսաւորելու:
Ժընեւ, 3 օգոստոս 2015