Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան ընդունեց Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի առաքելութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի ղեկավար Թոմաս Հալիէն եւ կազմակերպութեան շրջանային մասնագէտներ Մարիա Միքելիտէն եւ Զուրապ Պուրտուլին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան անհետացածներու ճակատագիրի բացայայտման հետ առնչուող հարցեր: Կողմերը ընդգծեցին, որ խնդիրը կը կրէ բացառապէս մարդասիրական բնոյթ, եւ «անհրաժեշտ է բացառել ատիկա քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու որեւէ փորձ»: