
Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, փլուզման վտանգի տակ է:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը գրած է, թէ եկեղեցին կարճ ժամանակի ընթացքին վերջնականապէս պիտի կործանի` միւս չորս եկեղեցիներուն նման:
Ախոռի վերածուած այս եկեղեցւոյ պատերը փլած են, իսկ քարերը` փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզերու կողմէ:
Տեկորի հինգ եկեղեցիներն են` Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս: Այս եկեղեցիները ընդգրկող վանական համալիրը լքուած է 13-րդ դարուն` մոնկոլներու արշաւանքներէն ետք:
1878-ին, երբ Կարսի մարզը անցած էր ռուսական տիրապետութեան տակ, վանական համալիրը վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր: