Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձանը Կը Պղծուի

Յուլիս 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-28-15_Fresno

«Ֆրեզնօ Պի» թերթը կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջափակին մէջ միայն երեք ամիս առաջ հաստատուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը պղծուած է:

Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան տեղեկացուցած է, թէ անյայտ անձեր 24 յուլիսին քանդած են յուշարձանին մէկ մասը: Քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչը յայտնած է, որ դէպքը կը հետաքննուի ներկայիս: Ան ըսած է, որ մետաղեայ վահանակը վնասուած է` վստահեցնելով, որ Ֆրեզնոյի իշխանութիւնները զայն պիտի վերանորոգեն այս շաբաթ:

«Այս յանցագործութիւնը կատարուած է ատելութեան հողի վրայ եւ անոր հետ պէտք է շատ լուրջ վերաբերիլ: Կարելի չէ նման բան հանդուրժել», ընդգծած է Պերճ Աբգարեան:

Պատուոյ հիւպատոսը աւելցուցած է, որ յուշարձանը բացուած էր այս տարուան ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Աբգարեան քաղաքի ոստիկանութեան եւ ղեկավար մարմիններուն հետ մօտէն կ՛աշխատի դէպքին պատասխանատուները բացայայտելու համար:

Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճոզեֆ Քասթրօ իր կարգին ցաւ յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս յուշարձանին վրայ կատարուած նշեալ յարձակումին կապակցութեամբ: «Դիմած եմ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որ միասնաբար աշխատին պատմական այս յուշարձանը պաշտպանելու համար: Տուֆով պատրաստուած յուշարձանը հայ ազգի մշակոյթին խորհրդանիշն է», ըսած է ան:

Յուշարձանը կառուցուած է Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին նմանութեամբ: Ինը սիւները կը խորհրդանշեն Պատմական Հայաստանի 6 նահանգները, Կիլիկիան, սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սիւներու վերնամասը միաւորուած է, ինչ որ կը խորհրդանշէ այն բանը, որ թէեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը խոր սպի ձգած է, սակայն չէ խախտած հայ ազգին միասնականութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է» Կ՛ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

«Ոտքի՛, Հայաստան» Նախաձեռնութիւնը Մեղադրեց Ոստիկանութիւնը

RelatedPosts

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով
Գլխաւոր լուրեր

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան
Հայկական

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?