Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Պէտք Է Մերկացնենք Հայկական Քարոզչութիւնը»

July 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլհամ Ալիեւ
Իլհամ Ալիեւ

«Մենք պէտք է մերկացնենք հայկական քարոզչութիւնը, միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնենք, թէ այդ յարձակումները ի՛նչ նպատակներով կ՛իրականացուին», վերջերս յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` արձագանգելով իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին առնչուած միջազգային ահագնացող քննադատութեան:

Ազրպէյճանի մամլոյ խորհուրդի վարչութեան անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ իրենց դէմ եղած «հայկական լոպիի այդ գործունէութիւնը» բացատրած է նախ եւ առաջ «թշնամանքով»: «Մենք հայկական լոպիին մնայուն թշնամիներն ենք, թող ոչ ոք երբեւիցէ մոռնայ ասիկա», ընդգծած է Ալիեւ:

Բացի ատկէ, ըստ անոր, «հայկական լոպին կը ձգտի ապացուցել, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանի մէջ չկայ ժողովրդավարութիւն»: «Հայկական լոպին կը ձգտի ապացուցել, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանի մէջ կ՛ոտնակոխուին մարդու իրաւունքները, այդպիսով` հայկական փոքրամասնութիւնը ապագային չի կրնար ապրիլ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ասիկա լիովին անհեթեթութիւն է: Ազրպէյճան բազմազգ եւ բազմադաւան երկիր է», «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտնած է Ալիեւ:

«Այդ քարոզչութեան եւ հակաազրպէյճանական արշաւին ետին կրկին կանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, այդ պատճառով մենք պէտք է աշխարհի լրատուական-տեղեկատուական միջոցներուն ներկայացնենք Ազրպէյճանը իբրեւ ժամանակակից, զարգացող, բաց, հանդուրժող երկիր: Ատոր զուգահեռ, մենք պէտք է լայնօրէն լուսաբանենք Լեռնային Ղարաբաղի հայ-ազրպէյճանական տագնապին պատմութիւնը, պատմական իրողութիւնները, Ազրպէյճանի դիրքորոշումը եւ ընդհանուր առմամբ այսօրուան դրութեամբ ստեղծուած իրավիճակը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նախորդը

Հակառակ Լուծման Գծով Շարունակուող Քուլիսային Խորհրդակցութիւններուն`. Աղբերու «Ցունամի»-ն Զօրաշարժի Կը Մատնէ Լիբանանը Բոլոր Մակարդակներու Վրայ

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Ոտքի՛, Հայաստան» Նախաձեռնութեան Ցոյցը` Ելեկտրականութեան Հոսանքի Սակի Բարձրացման Դէմ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.