
Երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ոտքի՛, Հայաստան» նախաձեռնութեան ցոյցը: Անոնք կը պահանջէին չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման մասին որոշումը:
Երէկ նախաձեռնութեան անդամները յայտարարած էին, որ պիտի անցնին աշխուժ գործողութիւններու` նշելով, որ սկիզբը պիտի տրուի նոյն օրը` երեկոյեան` Հանրապետութեան հրապարակի կեդրոնը նախատեսուած նստացոյցով:
Ցուցարարները «Ո՛չ ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման» կոչով շրջած էին հրապարակին շրջակայքը, բայց հրապարակի կեդրոնին չէին մօտեցած: Ոստիկանութիւնը փորձած է կարգաւորել ճամբուն երթեւեկութիւնը:
Ոստիկանութիւնը Չարտօնեց «Ոտքի՛, Հայաստան -ին
Նստացոյց Կատարել Հրապարակին Կեդրոնը
Ոստիկանութիւնը չարտօնեց «Ոտքի՛, Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամներուն մօտենալ Հանրապետութեան հրապարակի կեդրոն եւ այնտեղ նստացոյց իրականացնել:
Նախաձեռնութեան անդամներն ալ յայտարարեցին, որ գիշերը պիտի մնան այնտեղ եւ յարմար առիթին նստացոյցը պիտի տեղափոխեն հրապարակի կեդրոնական հատուած:
Յիշեցնենք, նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման մասին որոշումը:


