Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Նորաստեղծ Կարմիր Գիծերը

July 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7-27-15_vaho

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիան մտադիր չէ ՏԱՀԵՇ-ին դրացի դառնալ, երբ մինչեւ հիմա արդէն իրողապէս դրացի էր եւ այդ ալ տնտեսական, թէ այլ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող դրացի: Ինչո՞ւ յանկարծ Թուրքիա որոշեց վերջ տալ բարի դրացնութեան, եթէ գիտէր, թէ ՏԱՀԵՇ-ը այդքան մեծ սպառնալիք մըն է: Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա սպասեց միջամտելու համար: ՏԱՀԵՇ նախապէս սպառնալիք չէր, այլ քրտական ուժերուն դիմաց իրերայաջորդ պարտութիւններ կրելով տկարանելէն ետք է, որ «սպառնալիք» դարձաւ:

Բացատրենք: Անգարա կը գիտակցի, որ իր դաշնակից եւ քարիւղի վաճառքի գործընկերը եղող ՏԱՀԵՇ-ի` քրտական ուժերուն դիմաց պարտութիւնը դարձած է անխուսափելի, ուստի կը միջամտէ, որպէսզի Աֆրինը Արաբ Բունարէն բաժնող տարածքը ինք լեցնէ եւ այդպիսով նշեալ շրջաններու միացումը արգելակէ ու քիւրտերուն նորանոր ձեռքբերումները կանխարգիլէ: Այլապէս պիտի մեկուսանար եւ նկատառելի կերպով նուազէր Սուրիոյ տագնապին լուծման հոլովոյթին մէջ անոր դերն ու կշիռը:

Թուրք-ամերիկեան համաձայնութեամբ գծուած են նոր կարմիր գիծեր` քրտական ուժերուն արգիլուած է Արաբ Բունարէն դէպի արեւմուտք` դէպի Ճարապլուս յառաջանալ, իսկ թրքական ուժերուն արգիլուած է Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերը հարուածել: Թրքական հրասայլեր երէկ Ճարապլուսի մօտ գտնուող Զոր Մաղար գիւղին մէջ քիւրտերուն մէկ դիրքին վրայ կրակ բացին: Այդ քայլը քիւրտ զինեալներու «արգիլեալ» ուղղութեամբ շարժումի մը հակազդեցութիւն էր, թէ ոչ` թրքական ուժերը այդ արարքով եկան ընդգծելու վերոնշեալ կարմիր գիծի գոյութիւնը, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հրապարակեց «հերքում» մը, որուն նպատակը իսկութեան մէջ ոչ թէ անհերքելի դէպքին հերքումն էր, այլ` սուրիացի քիւրտերուն հովանաւոր գերուժին յղել իր հաւատարմութիւնը հաստատող պատգամ մը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, որ թրքական բանակը Իրաքի մէջ կը հարուածէ ՔԱԿ-ը, իսկ Սուրիոյ մէջ` ՏԱՀԵՇ-ը, իսկ «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները եւ ուրիշներ մեր զինուորական գործողութիւններու թիրախներուն շարքին չեն», անշուշտ տողատակի աւելցնելով. «Այնքան ատեն որ անոնք կը յարգեն կարմիր գիծը»: Այլ խօսքով` կը հաստատէր, որ կը յարգէ Ուաշինկթընի ճշդած կարմիր գիծը եւ կը նշէր, թէ իր նպատակը նորափթիթ համաձայնութիւնը խախտելը չէր, այլ` յաչս քիւրտերուն եւ այլոց կարմիր գիծին գոյութիւնը, զայն պաշտպանելու իր վճռակամութիւնն ու կատարուած իրողութեան մը ստեղծման հետեւանքներու լրջութիւնը ընդգծելն էր:

Այժմ, ինչպէս Տաւութօղլու նշեց, կացութիւն մը ստեղծուած է եւ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ «բոլորը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մեր գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած նոր պայմանները կարդան ու անգամ մը եւս ճշգրիտ կերպով գնահատեն եւ ըստ այնմ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքը»: Ահա այդ մէկը յստակ դարձնելու եւ վերոնշեալ կարմիր գիծին ամրագրման, իր ստեղծելիք ապահովական գօտիին աջակցութիւն եւ «օրինականութիւն» ապահովելու համար է, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի ժողովի մը հրաւիրեց:

 

 

Նախորդը

«Միջեկեղեցական Շարժումը Ներկայ Աշխարհի Քրիստոնէական Կեանքին Մէջ Հիմնական Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ազգային Ինքնագիտակցութեան Եւ Գոյութեան Տրամաբանութիւնը. Պատմական Յիշողութեան, Ինքնութեան Եւ Խորհրդանիշների Պահպանման Պայքար
Անդրադարձ

Ռոստոմի «Վնասակար Տարրեր» Տեսութիւնը. Մկզբունքայնութեան Եւ Պատեհապաշտութեան Սահմանագիծը

November 16, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Համաշխարհային Պատերազմ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համաշխարհային Պատերազմ

November 16, 2026
Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը` 1920-Ականներու Ճահիճներէն Մինչեւ Մանկութեանս Յուշեր
Անդրադարձ

Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը` 1920-Ականներու Ճահիճներէն Մինչեւ Մանկութեանս Յուշեր

November 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.