Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է այս շաբաթ Չինաստանի մէջ իր չին եւ ռուս պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմ բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի պատերազմը քննարկել, սակայն չի սպասուիր, որ Ուքրանիոյ պատերազմին անդրադառնայ: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը այս մասին յայտնած է ԱՖՓ լրատու գործակալութեան:
Պաշտօնատարը լրագրողներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշած է. «Կը կարծեմ, որ Թրամփ մտադիր է Շի Ճինփինկի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ իր եռակողմ ժողովի ընթացքին Իրանի մասին խօսելու»:
Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն Քիեւի եւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններուն «ամբողջովին տարբեր հոլովոյթ» մը ունի` աւելցնելով. «Չինաստանը իրականութեան մէջ այդ հոլովոյթին մաս չի կազմեր, ուստի յարմար չի թուիր այդտեղ Ուքրանիոյ շուրջ քննարկում կատարել»:
Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ եռակողմ ժողովը իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ:
Սպիտակ տան բանբեր Օլիվիա Ուէյլզ լրագրողներուն յայտնեց, որ երեք ղեկավարները հանդիպում պիտի ունենան Չինաստանի հարաւը գտնուող քաղաքին մէջ` Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս պետութիւններու տնտեսական գործակցութեան` ԱՓԵՔ-ի վեհաժողովի ընթացքին:
«Նախագահը յստակացուց, թէ այլ հարցերու կողքին պիտի քննարկէ աշխարհի վրայ հիւլէական զէնքերու թիւի նուազեցման հարցը: Նախագահին կարծիքով, այդ զէնքերու տարածումը չափազանց մեծ վտանգ կը ներկայացնէ», ըսաւ Ուէյլզ:


