Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վրացի իր պաշտօնակից Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրով այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը հասնի Վրաստան` մասնակցելու համար Թիֆլիսի մէջ տեղի ունենալիք 2015 թուականի Եւրոպական երիտասարդական ողիմպիական փառատօնի բացման արարողութեան:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան ծառայութեան, այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներուն վարչապետները պիտի այցելեն Տարիալի (Քազպեքի) սահմանային անցակէտ` իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով: