Սուրիա ծնած, Պէյրութ գաղթած, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտանիք կազմած Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեան, որուն հայրն ու մայրը կեսարացի են, ապրած է հայկական մտերմիկ ու ազգային մթնոլորտի մէջ, ինչ որ զինք մղած է հայրենադարձութեան, եւ ան արդէն 2004 թուականէն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ: Գրող, հասարակական գործիչ Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեան եղաւ առաջինը, որ Հայաստանի հասարակութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի (Օրորա-Աւրորա) ամբողջական պատմութիւնը` իր ոճով մինչ այդ աննախադէպ «Մինչեւ հոգիներու աճուրդը» գիրքով, որ հիմնուած էր Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքին վրայ:
Ան նաեւ հանրութեան տրամադրութեան տակ դրաւ իր խմբագրած հաւաքածոները `«Ազատագրութեան ոգին», «Արցախի պատմութիւն», «Հայուհին պատմութեան առջեւ» եւ «Կեսարիոյ նախճիրները»: Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեանի գրական եւ հասարակական գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոր հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Նախ խօսինք ձեր գիրքերուն մասին, ի՞նչ եղած է ձեր մղիչ ուժը, ի՞նչ նպատակով կատարած էք տարբեր գիրքերու խմբագրութեան աշխատանքը:
ՍՕՍԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ԳԵՒՈՆԵԱՆ.- Հայկական ինքնութիւնս, որ օժտուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաքինութեամբ, հիմնական մղիչ ուժս էր խմբագրելու այս գիրքերը: Առաջինը` «Ազատագրութեան ոգին», որուն հեղինակը Արմէն Տօնոյեանն է, անձնական նախաձեռնութիւն էր` իբրեւ ծաղկեփունջ աւելցնելու մեր ֆետայիներու յիշատակի յուշարձանին առջեւ, իսկ երկրորդը` «Արցախի պատմութիւն», որ դասախօս եւ պատմաբան Վահրամ Բալայեանի հեղինակութիւնն էր , իսկ 14-րդ դարէն մինչեւ օրս կիներու ճնշուած եւ անարդար վիճակն ու տառապանքը զիս մղեց խմբագրելու «Հայուհին պատմութեան առջեւ» գիրքը: «Մինչեւ հոգիներու աճուրդը» գիրքը յատուկ է իր բովանդակութեամբ, քանի որ պէտք էր Օրորային պատմութեան ներկայացումը կատարել համայն հանրութեան: Ազդուելով Արշալոյս Մարտիկանեանի ապրած դաժան կեանքէն եւ անոր մասին պատրաստուած «Հոգիներու աճուրդը» տեսերիզէն 2008-ին` հրատարակուեցաւ տեսերիզի գիրքը անգլերէն լեզուով, որմէ ետք 2011-ին Ժընեւի մէջ ներկայացնելու համար սոյն գիրքը վերահրատարակեցի հայերէնով եւ իւրայատուկ գծապատկերներով:
Վերջինս ալ «Կեսարիոյ նախճիրները» գիրքն է, որուն տպագրութիւնը յանձն առաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը: Սոյն գիրքին խմբագրումն ու հեղինակութիւնը այնքան ալ դիւրին աշխատանք չեղան, քանի որ դժուարութեամբ կը կարդայի մեծ հօրս` Հայկ Ղազարեանի ձեռագիրը: Հայկ Ղազարեանը, որ հիմնած էր թերթեր, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ Կեսարիոյ մէջ, իր դրամին ուժով ազատած էր Ցեղասպանութենէն, սակայն ան 1915-ին ականատես ըլլալով օսմանական ոճրագործութիւններուն, իր օրագրութեան մէջ գրի առած է իր ականատեսի վկայութիւնները` «Սեւ օրեր» խորագիրին տակ: Ես ալ այս գիրքին միջոցով վերակենդանացուցի Հայկ Ղազարեանն ու Կեսարիան` մատուցելով պարտքս մեծ հօրս հանդէպ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ծագեցաւ բարեսիրական գործունէութիւններ կատարելու գաղափարը եւ այժմ ի՞նչ ընթացքի մէջ են:
Ս.Գ.- Անձնական նախաձեռնութեամբ իրականացուող անշահախնդիր բարեսիրական աշխատանքներս, որոնց մասին շատ դժուարութեամբ կը խօսիմ, ի յայտ եկան իմ մարդասիրական ոգիիս ցաւէն, երբ որ հայրենիքիս մէջ նկատեցի ընկերային հարցեր, որոնց պատճառով տարածուած էին դժբախտութիւններ: Արդ, իմ հիասթափ հոգիս կ’որոշէ իմաստաւորել իմ կեանքս հայ աղջիկներու բարձր ուսում ստանալու օժանդակելով, որովհետեւ, ըստ ինծի, բարձրագոյն ուսումը բանալի է, որ կը ձերբազատէ ամէն տեսակի շղթաներէ: Մինչեւ օրս Երեւանի մէջ կը հոգամ վեց ուսանողուհիներու, որոնց ծանօթացած էին ճամբարներու ընդմէջէն, ապահովելով անոնց բարձրագոյն ուսումը, ապաստանն ու սնունդը: Ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմի վերջին իրադարձութիւններէն ետք, ես ընդունեցի չորս սուրիահայ երիտասարդներ, որոնք Հայաստան եկան նաեւ բարձրագոյն ուսում ստանալու: Այսպէս, ես այսօր Հայաստանի մէջ ունիմ 14 անդամներէ բաղկացած ընտանիք մը, որուն ապաստանն ու ապրուստը ես կամաւորաբար կ’ապահովեմ: Նշեմ, թէ որ Միջազգային կանանց ակումբի անդամ եմ, որուն նպատակն է ձեռնարկներու միջոցներով գումարներ ապահովել` հոգալու համար գիւղերու զանազան կարիքաւորներու պէտքերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` անդրադառնանք Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ ձեր ունեցած յարաբերութեան եւ ի՞նչ էին անոր բերած ներդրումները ձեր աշխատանքներուն մէջ:
Ս. Գ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ յարաբերութիւնս շատ հին է, իսկ անոր բերած ներդրումը աշխատանքներուս մէջ միշտ ալ քաջալերական էին, վերջին օրինակն ալ «Կեսարիոյ նախճիրները» գիրքի շնորհահանդէսն է, որ տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան գրասենեակին մէջ, ուր նախարար Հրանուշ Յակոբեան զիս պարգեւատրեց «Պօղոս Նուպար» մետալով` ե՛ւ գրական ե՛ւ բարեսիրական աշխատանքներուս իբրեւ գնահատանք:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր հայրենադարձութեան որոշումին մասին եւ ձեր այս փորձառութիւնէն մեկնած` արդեօք կը քաջալերէ՞ք նման քայլեր հայրենիքէն դուրս ապրողներուն:
Ս. Գ.- Հայաստանի անկախութիւնէն առաջ երեք անգամ այցելած եմ հայրենիք, սակայն իմ եւ վստահաբար համայն հայութեան վաղեմի երազին իրականացումէն եւ Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերումէն ետք ես առիթ ունեցայ ութ անգամ այցելելու Հայաստան, ուր ամէն տարի կը զբաղէի մանուկներու ճամբարներ կազմակերպելով: Բայց այդ ժամանակ չէի կրնար հայրենադարձութեան որեւէ քայլ առնել , քանի որ արդէն իսկ մայր էի եւ ընտանիքի տէր, Միացեալ Նահանգներու մէջ զիս սպասող կար: Այդուհանդերձ, 2004-ին զաւակներուս քաջալերանքով եւ մանաւանդ դստերս ներդրումով որոշեցի վերջնականօրէն հաստատուիլ Հայաստան` ունենալով սեփական տուն: Որոշումիս յաջորդող հանգրուանը այնքան ալ հեզասահ չէր, հանդիպեցայ տարբեր տեսակի խոչընդոտներու, բայց լաւ կը գիտակցէի, որ դժուարութիւնները ամէնուրեք են, եւ հայրենիքի հողի վրայ հանդիպած խոչընդոտներս կրնանք յաղթահարել հայրենասիրական բարձր ոգիով: Կը վստահեցնեմ իւրաքանչիւր անձի, որ տակաւին կը տատամսի հայրենադարձութեան քայլերու առնչութեամբ, որ հայրենիքը` Հայաստանը, մեր բոլորիս վերջին կայարանն է ու միակ ապաստանը` թէ՛ դրական, եւ թէ՛ բացասական բոլոր կողմերով:
Շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթին այս օգտաշատ հարցազրոյցին, որուն ընդմէջէն մարդկային հարցերու կողքին, նաեւ լուսարձակի տակ առինք իւրաքանչիւր գիրք` անգամ մը եւս շունչ եւ կեանք շնորհելով Արշալոյս Մարտիկանեանի եւ Հայկ Ղազարեանի անմահ հոգիներուն: