Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունական «Ո՛չ»-ին… Յաջողութեան Գաղտնիքը

Յուլիս 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

7-21-15_greece-2

Յուլիս 5-ին Յունաստանի մէջ կայացաւ իր տեսակին մէջ աննախադէպ ու անսպասելի հանրաքուէ մը, որուն վրայ կեդրոնացան միջազգային հանրային կարծիքի լրատուական եւ մեկնաբանական լուսարձակները:

Հանրաքուէն կոչուած էր ստուգելու Յունաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութեան պատասխանը մէկ ու միակ հարցումի մը.

«Պէ՞տք է ընդունիլ եւրոխմբակի` Եւրոպական յանձնաժողովի, Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին կողմէ 25 յունիս 2015-ին ներկայացուած պարտքի մարման ծրագիրի համաձայնագիրը»:

Յոյն քաղաքացիները 61,7 տոկոսի մեծամասնութեամբ «Ո՛չ» պատասխանեցին հանրաքուէի հարցումին, հակառակ անոր որ իրենց այդ պատասխանով անորոշութեան եւ անձկութեան, տագնապի եւ ճարահատութեան գիրկը կը նետէին ոչ միայն ընդհանրապէս երկիրը, այլեւ որոշապէս իրենց կեանքը` ներկան ու ապագան:

«Ո՛չ» պատասխանը կը սպառնար ծանրագոյն անդրադարձներ ունենալ յատկապէս նորահաս սերունդներուն, մասնաւորաբար` աշխատանքի ասպարէզ մտնելու տարիքին նոր հասած, բայց անգործութեան ու անհեռանկար ապագայի մը մղձաւանջին դէմ յանդիման կանգնած երիտասարդներուն վրայ:

Այսուհանդերձ, «Ո՛չ» պատասխանին կողմնակից կանգնեցան Յունաստանի քաղաքացիները 61,7 տոկոսի մեծամասնութեամբ, որուն գերակշռող մասը նոյն այդ «Ո՛չ»-ին պատճառով ամէնէն աւելի խոցելի պայմաններու մէջ յայտնուելու վտանգը դիմագրաւող երիտասարդութիւնն էր:

Ահա ա՛յս առումով, իր չարագուշակ հարցումով եւ անոր տրուած «Ո՛չ» պատասխանով աննախադէպ եւ անսպասելի եղաւ յուլիս 5-ի հանրաքուէն:

Չարագուշակ էր հարցումը, որովհետեւ սնանկացած իր պետութեամբ եւ աստղաբաշխական գումարներու հասնող պարտքի տակ կքած` Յունաստան ոչ մէկ հիմք, կռուան կամ յենարան ունէր մերժելու իր պարտատէրերուն կողմէ առաջարկուած, մինչեւ իսկ նուաստացուցիչ պայմանները` պարտքի մարման նոր վարկ ստանալու համար…

Պարզ է, որ առանց դուրսէն գալիք վարկերու` Յունաստան չի կրնար ոտքի կանգնիլ:

Դաժանագոյն այդ իրողութեան դառն գիտակցութիւնը ունէին եւ այսօր աւելիով ունին, բոլորէն առաջ, «Ո՛չ»-ին կողմնակիցները:

«Ո՛չ»-ի աղէտալի հետեւանքներուն դէմ ահազանգը անդադար հնչեց հանրաքուէին առիթով ծաւալած քաղաքական բանավէճի մէկշաբաթեայ ամբողջ տեւողութեան:

«Ո՛չ»-ի պարագային Յունաստանին սպասող թաւալգլոր անկումին դէմ ահազանգ հնչեցուցին ոչ միայն յոյն քաղաքական ընդդիմադիր ուժերը, այլեւ` Եւրոպական միութեան ու ընդհանրապէս մեծապետական աշխարհի առաջնորդող ուժերը:

Ի հեճուկս այդ զգուշացումներուն եւ ահազանգներուն` «Ո՛չ»-ը յաղթական դուրս եկաւ հանրաքուէէն:

Անշուշտ, ըստ էութեան անհեթեթ է խօսիլ «յաղթանակ»-ի եւ նոյնիսկ «յաջողութեան» մասին, որովհետեւ եւրոխմբակի պարտատէրերու պայմաններուն «Ո՛չ» ըսելով` Յունաստան աւելիով մխրճուեցաւ սնանկացած իր պետութեան բաժին հանուած աւազախրումին մէջ:

Բայց ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս նման վտանգաւոր «Ո՛չ» մը, ժողովրդավարական քուէարկութեամբ «Այո՛»-ն պարտութեան մատնելու իմաստով, յաղթական դուրս եկաւ յուլիս 5-ի հանրաքուէէն:

Բացայայտ եւ հասկնալի բացատրութիւն մը ունին «Ո՛չ»-ը ղեկավարած Յունաստանի այսօրուան իշխանաւոր ուժերը: Անոնք եւրոխմբակի դրած նուաստացուցիչ պայմաններուն դիմագրաւումը ազգային արժանապատուութեան հարցի վերածեցին եւ յաջողեցան իրենց կողքին ունենալ վստահութիւնը նաեւ ընդդիմութեան կողմնակից զանգուածը, յատկապէս` երիտասարդութեան շարքերէն ներս:

Աւելի հիմնաւոր եւ խորքային բացատրութիւն ունի, անշո՛ւշտ, յուլիս 5-ի հանրաքուէին այս արդիւնքը, որ ուսանելի է նաեւ ամբողջ Եւրոպայի, այլեւ միջազգային հանրութեան համար:

Նոր աշխարհակարգի անխնայ մրցապայքարի պայմաններուն մէջ տուայտող մերօրեայ մարդկութիւնը քաղաքական սերնդափոխութեան մեծագոյն օրակարգը կը դիմագրաւէ:

Յունաստան իր պետական սնանկութեան աղէտալի փաստին առջեւ կանգնած` առաջնահերթաբար լուծում կը փնտռէ քաղաքական իր ղեկավարութեան սերնդափոխումի օրակարգին, որովհետեւ հելլէն պետութիւնը թալանելու եւ սնանկացման առաջնորդելու կործանարար ընթացքին պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ երկիրը հոս հասցնող քաղաքական ղեկավարութեանց ուսերուն, գաղափարական ի՛նչ կողնորոշումի տէր ալ ըլլան անոնք:

Յունաստանի աւանդական աջն ու ձախը վերջին հինգ-վեց տարիներուն ոչ միայն շարունակեցին աւելի քան երեսուն տարիներու պետական միջոցներու մսխման եւ յափշտակման իրենց վարքագիծը, այլեւ իշխանութեան ղեկին մնալու կամակորութեամբ` նորանոր պարտքերու տակ դրին ու անշնչելի դարձուցին երկրի այսօրուան եւ վաղուան օրը:

Մեծագոյն հարցականն ու անորոշը կը բխին այն անդոհանքէն, որ այսօր վարակած է յունական «Ո՛չ»-ին կողմնակիցները. այսօրուան իշխանաւոր ուժերը պիտի կարենա՞ն արդարացնել քաղաքական սերնդափոխութեան հիմնական պայմանը:

Հայրերուն մեղքերը զաւակները կը քաւեն:

«Ո՛չ»-ի շարժումը առաջնորդողները յաջողեցան, որովհետեւ սեփական մեղքերը քաւելու արժանապատուութեան զգացումով ոտքի հանեցին երիտասարդութիւնը:

Եթէ այսօրուան սերունդը ակռաները սեղմելով եւ ծայրագոյն խստամբերութեամբ պիտի նուաճէ իր կեանքը, որպէսզի արժանանայ արտաքին օժանդակութեան, գոնէ իր զրկանքին եւ զոհաբերութեան դիմանալու համար չկորսնցնէ ազգային արժանապատուութեան իր կռուանն ու ազգային արժանաւորութեան ներուժը:

Յունական «Ո՛չ»-ին… յաջողութեան գաղտնիքը կը գտնուի այդ պարզագոյն տրամաբանութեան մէջ, որ միաժամանակ խորքային ուժականութիւն ունի եւ գաղափարական առումով վարակիչ է, աշխարհի չորս ծագերուն, բազմակողմանի զարգացման արդար ուղիներ որոնող երիտասարդ սերունդներուն համար:

 

Նախորդը

Ինչեր Կը Պատահին Թուրքիոյ Մէջ. Մարտինի Ասորիներու Եկեղեցին 12,5 Միլիոն Լիրայի Ծախու Է

Յաջորդը

Տերինկիլ. «Օսմանեան Կայսրութիւնը Չէր Ցանկանում Հայերին Զանգուածաբար Իսլամացնել»

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?