ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
– Ո՞ւր ես, հինգ ժամէ ի վեր քեզ կը սպասեմ,- ըսի այս անգամ քիչ մը աւելի պահանջկոտ ձայնով: Կը զգայի, որ ընկալուչին մէջէն ձայնս սկսած էր դողդղալու:
– Թրաֆիքի` խճողումի մէջ եմ, համբերէ՛, կու գամ կոր,- պատասխանեց եղբայրս:
Տիթրոյիթի օդակայանի ելքերէն մէկուն դրան մուտքին, գիրքերով լեցուն պայուսակներուս քով կեցած, այս երրորդ անգամս է, որ հոս բնակող եղբօրս` Երուանդին կը հեռաձայնեմ, որ գայ ու զիս վերցնէ: Բայց կ՛ուշանար:
Այդպէս պայմանաւորուած էինք նախապէս: Եւ երբ ուշացաւ, մտահոգութիւնը պատեց միտքս:
Ամիսը արդէն կիսուած էր, երբ աշնանային երեկոյ մը հասած էի այս քաղաքը` յատուկ հրաւէրովը տեղւոյն ՀՕՄ-ին, իբրեւ զեկուցաբեր միօրեայ ուսուցչուհիներու սեմինարին:
Է՜հ, վերջապէս ես ալ տարիներ առաջ, հոս` այս քաղաքին մէջ, ընտանիքովս ոչ միայն ապրած, այլեւ իբրեւ հայոց լեզուի ուսուցիչ ալ պաշտօնավարած էի անոր ամէնօրեայ հայկական վարժարանէն ներս, որ հիմա այլեւս իր դռները շատոնց փակած էր դժբախտաբար:
Դուրսը, այս աղմկոտ փողոցին մէջ, ուր երեկոն արդէն նստած էր, թէեւ ծոյլ քամի մը կար, սակայն ես սկսած էի «սառելու», իսկ սպասումս ալ` կամաց-կամաց պրկում դառնալու: Վերջապէս պէտք էր գիտնայի, որ հոս տաք Քալիֆորնիան չէր:
Յանկարծ յիշեցի: Այս առտու կանուխ էր, երբ տնեցիներուս հրաժեշտ տալով` դէպի Լոս Անճելըսի օդակայանը կը մեկնէի, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս հանդիպեցայ ծուռ երես «չին-չին» չին դրացիիս: Միտքս ինքնածին խանգարուեցաւ: Կարծես անիմաստ կամ ալ շփոթ բաներով պարուրուեցաւ:
Երեսս խաչակնքելով, «Աստուած չար փորձանքներէ զիս հեռու պահէ» մը ըսած էի մտովի, որովհետեւ այս մարդուն ներկայութեան խառնակ, անծանօթ եւ մտահոգութեան տանող միտքեր լուռ երկչոտութեամբ մը պատած էին զիս ու մանաւանդ` հոգիս: Ահա հիմա ալ` այս ուշացումը:
Նախապաշարումի թէ՛ կը հաւատայի եւ թէ՛ չէի հաւատար: Իսկապէս շփոթած էի:
Հապա՞ տակաւին չորս եւ աւելի ժամեր առաջ այդ անիծեալ օդանաւին մէջ մօտս նստած աչքերը գծած ու եղունգները ներկած երիտասարդ տղան: Ասո՞ր ինչ կ՛ըսէք: Ո՛չ ձգեց, որ հանգիստ մրափեմ եւ ո՛չ ալ ինք հանգիստ նստաւ: Ամէն վայրկեան ինձմով զբաղեցաւ: Խօսեցաւ ու շատախօսեց:
– Ջուր կ՛ուզե՞ս, «քո՞ք», սուրճ բերե՞մ, սանտուիչ մը գնե՞մ, կօշիկդ շատ սիրեցի. ճաշակաւոր կ՛երեւիս. հեռաձայնի թիւդ ի՞նչ է, ո՞ւր կ՛երթաս, ինչո՞ւ:
Այսպէս, մէկ խօսքով` բառերու հեղեղ մը, որ ինծի համար հաճելի չէր: Իրապէ՛ս յոգնեցայ: Արդէն այդ օդանաւին մէջ միայն հոգատար մը ունենալս պակաս էր: Իրեն ի՞նչ, կ՛ըսէի մտովի, թէ ես ո՞վ էի, ի՞նչ կ՛ուզէի: Ինք ո՛չ կինս էր եւ ո՛չ ալ ընկերակից կամ սիրահար: Մեղա՜յ, մեղա՜յ: Նոյնիսկ հասկնալի կոպտութեամբ ուզեցի հասկցնել, որ ես իր գիտցածներէն չէի: Կի՛ն, զաւակներ ունէի: Ապո՛ւշ: Թոռնի՛կ ունէի: Յիմա՛ր:
Ու այսպէս, ներքին խուճապս շալկած, քանի մը անգամ իսկապէս որոշեցի տեղս փոխել: Չորս կողմս, ետեւ-առջեւ նայեցայ: Զննեցի: Օդանաւը բերնէ բերան լեցուն էր: Անոր համար տեղս մնացի, որուն իբրեւ հետեւանք` ժամերս անախորժ շարունակութեամբ վատնուեցան: Բոլոր լաւ տրամադրութիւններս սպաննուած էին արդէն: Ու հազիւ որոշած էի անորոշը անիծել, երբ յանկարծ միտքս ինկաւ այս առաւօտ կանուխ դէմս ելած դրացի «չին-չին»-ս` իր քաշուած աչքերուն տակ քանի մը ակռաներով ցուցադրած կիսատ ժպիտովը: Ուղուրսուզ մարդ:
Ապա հիմա, ժամեր ետք, հո՛ս, օդակայանի պատին տակ, աչքերս գամած դէպի մեզի մօտեցող իւրաքանչիւր մակնիշի ինքնաշարժներուն, ինչպէս կը սիրէ գործածել երեւանցի միւս դրացիս, մտովի «Աստուած ուրիշ փորձանքէ պահէ» մը կ՛ըսէի` մտածկոտ ու նոյնքան վախէս ծնած բառերովս: Եկո՛ւր եւ հաւատայ` թրաֆիք. ինչու հոս Կլենտէ՞յլ էր, կամ Հոլիվո՞ւտ:
Յանկարծ ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ճիշդ դիմացս, մայթին ծայրը: Ծռեցայ ու փորձեցի ինքնաշարժին մութ ապակիով պատուհանէն ներս նայիլ: Ինքն էր, եղբայրս:
– Վերջապէ՜ս,- ըսի ու պայուսակներս քշելով դէպի ինքնաշարժ յառաջացայ: Իր կարգին ինքն ալ ինքնաշարժի ետեւի սնտուկին կափարիչն ալ բացաւ: Բայց դուրս չելաւ:
Ա՛ռ քեզի հիւրասիրութիւն: Մա՛րդ Աստուծոյ, մէյ մը դուրս ել, ձեռնուինք, համբուրուինք: Երկար ատենէ ի վեր զիրար չենք տեսած: Է՜հ, աշխա՛րհ: Պարապ տեղը մեր մեծերը չեն ըսած` «Աչքէ հեռու, սիրտէ հեռու»: Ճիշդ են եղեր:
Առանց ժամանակ կորսնցնելու` դժուարութեամբ երկու ծանր պայուսակներս տեղաւորեցի այդ խորունկ սնտուկին մէջ, որուն պակաժ անունն ալ կու տանք, եւ ուժգին փակելով` առաջ եկայ ու իր մօտ նստայ: Նոյն ձեւով ալ դուռս գոցեցի ու աթոռին ապահովութեան գօտին կապելէս ետք ըսի.
– Բարե՛ւ, աղա՛,- իսկապէս որ բարկացած էի, իր այս անտարբեր կեցուածքին համար: Դէմքին չնայեցայ: Սպասեցի, որ ինք փոխադարձէ, խօսի: Սակայն` ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ շարժում:
– Հայտէ՛, հիմա քալէ՛,- ըսի արագ մը, վերջը հաշիւնիս կը մաքրենք:
Իսկապէս որ յուզուած էի յուսախաբութենէս:
– Ուա՞թ, ի՞նչ,- յանկարծ լսեցի ձայն մը:
– Քալէ՛,- կրկնեցի արագ մը:
– Ուա՞թ,- կրկնեց ձայնը,- հո՞ւ ար եու, ո՞վ ես դուն,- ականջիս հասաւ նոյն ձայնը գրեթէ բարկացկոտ:
Զարմացայ: Մէյ մը ձախ դառնալով` իր կողմ նայեցայ: Մեղա՜յ, ինքը չէր, եղբայրս չէր: Օտար մըն էր: Բայց որքա՜ն իրեն կը նմանէր: Այս ի՛նչ ամօթ բան: Շուարած էի:
– Կե՛թ աութ ֆրամ մայ քար, դուրս ել ինքնաշարժէս,- պոռաց հայհոյանքներով եւ տմարդի բառերով հիւսուած, որոնք ո՛չ սահման ունէին եւ ո՛չ ալ ժամանակ: Կը զգայի, որ իր մարմինը հրաբուխ լերան մը պէս կը դողար ու հայհոյանքները կատղած լաւայի նման բերնէն դուրս կը թափէին: Աննկարագրելի խայթոցներ: Կարծես աչքին մէջ յանկարծական հրդեհ մը բռնկած էր:
Անդրադարձայ: Սխալ ինքնաշարժ մտած էի ու «մեր մարդը» ինքզինք չեմ գիտեր ինչ զգալով` սկսած էր վրաս գոռալու: Վէրք ստացած անասունի մը նման կը ճչար: Այնքան նուաստացած էր: Տեսարանը բեմական էր եւ խոր իրականութիւն:
Արագ դուռը բացի ու դուրս ելայ: Իսկ ինք շուտով բացաւ ետեւի այդ անիծեալ պակաժը: Անմիջապէս անցայ ինքնաշարժին ետեւը ու նոյն արագութեամբ ալ պայուսակներս մէջէն հանելով` փորձեցի պատին տակ նախկին տեղս գրաւել: Աչքիս տակէն նկատեցի, որ մարդը գիշատիչ աչքերով զիս կը դիտէր: Իսկապէս որ բերանէն թափուած բառերը մերկ էին եւ դաւադրաբար չար: Իսկ ես ալ երկիւղը զիս բռնած` խուճապի մատնուած էի:
Մարդը իրաւունք ունէր: Բայց ես ալ մարդ էի, վերջ ի վերջոյ ես ալ կրնայի շուարիլ, սխալիլ: Ի՞նչ կ՛ըլլայ: Աշխա՞րհը փլաւ: Հա՞յրը սպաննած էի, թէ՞ մայրը: Մեղա՜յ:
Յանկարծ տեսայ, որ ինքն ալ դուրս ելաւ: Ահա քեզի նոր «Աւարայր» մը, ըսի կրկին մտովի ու հետեւեցայ իր շարժումներուն: Այնպէս կը կարծէի, որ մարդը չէր գոհացած հայհոյանքներու իր հեղեղովը ու հիմա հետս կռուի պիտի բռնուէր: Կասկածի ու տարակուսանքի նայուածքիս մէջ տեսայ, որ ան ինքնաշարժէն ցած իջած էր: Նախ իր դուռը ամուր մը գոցեց: Ապա անցաւ ինքնաշարժին ետեւ եւ անոր սնտուկին կափարիչը աղմուկով մը գոցելէ ետք ինծի նայեցաւ:
Արտասանած նախադասութիւնները աւելի լայնցած էին: Կատաղութիւնը տակաւին կը հոսէր իր դէմքէն: Ես որ նման տեսարաններէ միշտ խուսափած էի, հիմա կարծես ես էի անոնց հեղինակը: Մարդուն երեսին վրայ տակաւին դաժան գաղափարի մը լոյսը կար: Ահա՛ քեզի պատմութիւն:
– Սորի, ներողութիւն,- բացագանչութեան մը նման բառը փրթաւ բերնէս ճակատամարտը կորսնցնող եւ մեղքի զգացումը ապրող հաւատացեալի մը նման: Միայն ճերմակ դրօշակ պարզելս պակաս էր:
Նայեցաւ: Աւելի ճիշդ իրար նայեցանք, երկար ու անխօս: Հիմա այլեւս նշմարելի էր իր շրթներուն վրայի զսպուած հեգնանքը, որ պղտորած էր երեկոյեան ժամերուս հոսքը: Որոշեցի ո՛չ նայիլ եւ ո՛չ ալ հակադարձել: Օտար քաղաք էի: Մտքիս մէջ շարուած էին` վէճ, վիճաբանութիւն, կռիւ, ծեծ, ապտակ, պոքս, քաշքշուք, ոստիկան եւ ահա՛ քեզի մեծ խայտառակութիւն: Ահա՛ քեզի այցելութիւն: Կցկտուր խոհեր:
Բարեբախտաբար յանկարծ լսեցի եղբօրս ձայնը, որ ինծի կը մօտենար:
– Ի՞նչ է, ականջդ ծանրացա՞ծ է, զիս չես լսեր, տասը վայրկեանէ ի վեր քեզ կը կանչեմ:
Ոչ մէկ բառ փոխանակեցի: Այս անգամ ինքն էր, որ զիս կ՛այպանէր իմ անտարբեր եւ անկարօտ վերաբերմունքիս համար: Մինչ երբ ես ամչկոտ նայուածքով կրկին կը յիշէի այս առաւօտ դրացի «չին-չին»-իս թափած ակռաներուն տակէն գծած կեղծ խնդուքը, եղբայրս արդէն սկսած էր իր կշտամբանքին: Անժամանակ իրողութիւն: