Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 15 յուլիս 2015-ին, Ազգային վարչութեան մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Գրիգորիս Պողարեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:
Հ.- Անցնող շաբաթ խօսեցանք Կրօնական ժողովին մասին. Ազգային վարչութեան պարտականութիւնը ի՞նչ է:
Պ.- Ազգային իշխանութիւնը ունի երեք թեւեր` Ազգային երեսփոխանական ժողով (նախապէս` Գաւառական ժողով), Ազգային վարչութիւն (նախապէս` Քաղաքական ժողով) եւ Կրօնական ժողով: Երեսփոխանական ժողովը օրէնսդիր մարմինն է, իսկ Ազգային վարչութիւնը` գործադիր մարմինը: Ազգային վարչութիւնը ուղղակի կամ իր խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ճամբով կը վերահսկէ առաջնորդարանի ճամբով ժողովուրդին մատուցուող ծառայութիւններուն ու ընկերութեան բարգաւաճման աշխատանքներուն: Այս աշխատանքներուն մէջ նաեւ կը մտնեն առաջնորդարանի գրասենեակներու ու բաժանմունքներու գործունէութիւնը, թաղականութիւններու, խնամակալութիւններու, դպրոցներու, գերեզմանատուներու, պետական մարմիններու հետ կապուած հարցերը:
Հ.- Որո՞նք են Ազգային վարչութեան խորհուրդներն ու յանձնախումբերը:
Պ.- Ուսումնական, տնտեսական, կալուածոց, բնակարանային եւ դատաստանական խորհուրդները ներկայիս կը գործեն առաջնորդարանին մէջ: Ասոնց կողքին կան յանձնախումբեր, որոնք են` ընկերային ծառայութեան յանձնախումբը, կալուածոց շահարկման յանձնախումբը, դամբարաններու օրինականացման յանձնախումբը, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահի յանձնախումբը: Ասոնցմէ անկախ, կայ նաեւ Վերադատ ատեանը, որ կազմուած կ՛ըլլայ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներէն, իսկ ատեանին նախագահն է առաջնորդ սրբազանը:
Հ.- Այս բոլորին մէջ Ազգային վարչութիւնը ինչպէ՞ս կը կառավարէ ու ի՞նչ ձեւով աշխատանքները ընթացք կ՛առնեն:
Պ.- Խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու կազմութենէն ետք, իւրաքանչիւրը Ազգային վարչութեան կը ներկայացնէ իր երկամեայ ծրագիրը, որուն վերաբերեալ վարչութիւնը կու տայ իր կարծիքը, եւ ապա Ազգային երեսփոխանական ժողովը կու տայ իր վաւերացումը, որմէ ետք կ՛անցնին գործնական քայլերու:
Հ.- Ազգային վարչութիւն-Կրօնական ժողով կապերը ի՞նչ բնոյթ ունին:
Պ.- Երբ կարիքը զգացուի երկու ժողովներուն միջեւ խնդիրներ քննելու ու լուծելու, սրբազան հօր հովանաւորութեամբ այդ բոլորը կ՛իրականանան, եւ ի հարկին կը գումարուին միացեալ նիստեր: Այսպիսի պարագաներ կ՛ըլլան, երբ հարցերը կամ ծրագիրները երկու ժողովներուն հետ ալ առնչուած ըլլան:
Հ.- Ովքե՞ր կրնան մաս կազմել Ազգային վարչութեան:
Պ.- Ազգային վարչութիւնը կ՛ընտրուի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ: Ժողովը կը ճշդէ անունները եւ պահանջեալ հարկին կը քուէարկեն:
Հ.- Ազգային առաջնորդարանի պիւտճէական վաւերացումին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:
Պ.- Կամքէ անկախ պատճառներով մեր պիւտճէական վաւերացումը մէկ տարի ուշացումով կատարուեցաւ: Բաւականին խրթին հարց է: Իւրաքանչիւր խորհուրդ կամ յանձնախումբ կը ներկայացնէ իր նախագիծը եւ անոր կցուած պիւտճէական ակնկալութիւնները. դպրոցները կը ներկայացնեն պիւտճէական նախահաշիւները: Այս բոլոր տուեալները Տնտեսական խորհուրդը կը համադրէ եւ կը ներկայացնէ երկամեայ պիւտճէն: Անշուշտ բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, ամէնէն մեծ ծախսը եւ բացը գոյացած է դպրոցներէն, առաւել եւս նկատի առնելով, որ մեր դպրոցական կառոյցները անցեալ դարու կէսերէն ժառանգած ենք, այլեւս չեն գոհացներ այս դարու մեր աշակերտներուն պահանջները: Ուստի, իրերայաջորդ վարչութիւններ քննարկեցին, որոշեցին եւ գործադրութեան դրին դպրոցական համալիրի շինութիւնը: Գրեթէ մէկ քառակուսի քիլոմեթրի վրայ ունինք չորս վարժարաններ, ինչ որ ուժերու ջլատում է, ծախսերու բազմապատկութիւն… Այս բոլորը նկատի առնելով է, որ ձեռնարկուեցաւ համալիրի կառուցման: Շատեր կրնան ըսել, որ այս հանգրուանին այսպիսի համալիր մը ստեղծելը յարմար չէ, սակայն հաստատ, որ այս կառոյցը այսօր մեր հաւաքականութեան համար անհրաժեշտութիւն է: Կ՛ենթադրեմ, որ այս համալիրը իր մշակուած կրթական ծրագիրներով, որակաւոր ուսուցիչներու ցանցով, երբ սկսի իր գործունէութեան, այն ատեն աշակերտները, ազգայինները եւ ուսումնական պատասխանատուները պիտի զգան, որ կատարուած աշխատանքը տեղին էր:
Հ.- Ե՞րբ իր դռները պիտի բանայ Ազգային միացեալ վարժարանը…
Պ.- Շինարարական աշխատանքները հաւանաբար կ՛աւարտին յունուար 2016-ին: Կը մնայ ներքին կահաւորումը եւ աշակերտներու փոխադրութեան եւ յարակից հարցերը: Կ՛ենթադրեմ, որ 2016-2017 տարեշրջանին, եթէ նոյնիսկ ոչ ամբողջական, ապա մասնակի կերպով կը սկսի գործունէութիւնը:
Հ.- Պիւտճէական առումով, ծրագիրները իրականացնելու համար վստահաբար յաւելեալ գումարներու կարիք կ՛ունենայ ներկայ պայմաններուն մէջ: Ինչպէ՞ս կը հաւաքուին այդ գումարները:
Պ.- Յայտնեմ, որ Ազգային իշխանութեան եկամուտները կարելի է քանի մը գլուխներու տակ ամփոփել` առաջինը ազգային տուրքն է, որ ազգայիններուն մօտ կը յառաջացնէ զգուշաւոր վիճակ: Ազգային տուրքի գումարներուն 80 տոկոսը կը տրուի դպրոցներուն, իսկ մնացածը` քահանայ հայրերու հանգստեան սնտուկին կը ծառայէ, ինչ որ պէտք է ստեղծէ դրական եւ քաջալերական մթնոլորտ: Ասոնցմէ անկախ, կարգ մը յանձնախումբեր իրենց գործունէութեան ընթացքին կ՛ապահովեն շահեր, սակայն միշտ ալ վերջին 10-20 տարիներուն հաւաքուած գումարները բաւարար չեն եղած ծախսերը հոգալու: Կը դիմուին անհատ բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպիսին է Գըրգ Գրիգորեանի հաստատութիւնը` «Լինսի» հիմնարկը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը… Չմոռնանք, որ վերջին տարիներուն մեր մտահոգութիւններուն վրայ աւելցած է սուրիահայ մեր եղբայրներուն օգնելու պահանջը:
Հ.- Ազգային վարչութեան ծրագրային առաջնահերթութիւնները որո՞նք են:
Պ.- Հիմնականը յստակ է, որ կրթական համալիրն է, բայց անկէ անկախ, բոլոր մարզերուն մէջ առաջադրուած են աշխատանքներ, որոնք պէտք է տարուին զուգահեռաբար, յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու միջոցով:
Հ.- Աւարտին, այս հաղորդաշարին մասին ձեր կարծիքը ի՞նչ է:
Պ.- Այս յայտագիրը անհրաժեշտութիւն մըն է` մեր ազգայիններուն ծանօթացնելու Ազգային առաջնորդարանի առաքելութիւնն ու գործելաձեւը:
Հ.- Այլ ըսելիք ունի՞ք:
Պ.- Ազգային իշխանութիւններու, բոլոր խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն պարտականութիւնը ազգին ծառայելն է: Այդ ծառայութիւններուն մէջ վստահաբար բացթողումներ կ՛ըլլան: Մեր փափաքն է, որ ազգայիններ իրենց ներդրումը բերեն եւ պէտք եղած ատեն շինիչ քննադատութիւններով եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ գնահատականներով մասնակցին գործունէութեան: